Jump to content

Պարգեւ Քհնյ. Պատիզպանեան

Պարգեւ Քհնյ. Պատիզպանեան
Ծնած է 1889
Ծննդավայր Մարաշ
Քաղաքացիութիւն Մարաշցի
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնիա
Մասնագիտութիւն վարդապետ
Երեխաներ Ովսաննա, Յարութիւն, Գրիգոր, Եւփիմէ, Թորոս եւ Մաքրուհի։

Պարգեւ Քհնյ. Պատիզպանեան Աւազանի անունով Գէորգ, որդի Յարութիւնի եւ Սիւրճիի, ծնած է մարաշցի ծնոդքէ, Մարաշ[permanent dead link], 1889-ին։ Նախնական կրթութիւնր ստացած է Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանդ եկեւղեցւոյ ծխական վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք, տարի մրն ալ յաճախած է կեդրոնական դպրոցը։ բայց պայմաններու բերումով չէ կրցած շարունակել ուսումը։ Ուստի, ան նետուած է ազատ ասպարէզ եւ հետեւած է դերձակութեան։

Արհեստին առընթեր, ան մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է եկեդեցւոյ եւ կրօնական արժէքներու հանդէպ։ Շատ սիրած ու կապուած է Աստուածաշունչին, որուն յաւերժական լոյս խօսքերն ու սկդրունքները իր մէջ կերտած են տիպար քրիստոնեան եւ զինք մղած են Աւետարանի ճշմարտութիւնները քարոզելու առաքելութեան։ Այնուհետեւ Գէորգին տեսլականը դարձած է եկեղեցին ու Աւետարանը։ Ան մեծ կարեւորութիւն տուած է ինքնաշխատութեան եւ շնորհիւ ընթերցասիրութեան լիցքաւորուած ու հարստացած է աստուածաշնչական, եկեղեցական եւ կրօնական գիտելիքներով։

Տարիներու ընթացքին իր մէջ մշակուած է հրապարակաւ խօսելու արուեստը եւ Աւետարանը քարոզելու համարձակութիւնը։ Այնքան որ, հանապաղօրեայ հացէն աւելի հետամուտ դարձած է հոգեւոր արժէքներու տարածման մեր ժոդովուրդին մէջ։ ժամանակ մը ետք, երբ քարոզիչի համբաւը տարածուած է հաւատացեւալներուն մէջը սկսած են զինք կոչել «Գէորգ Խոճա»։

բայց, Գէորգ որքան Աւետարանին, նոյնքան եւ աւելի կապուած կ՛ըլլայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ իբրեւ դպիր ծառայած է անոր։ Նիւթապէս քիչ մը ինքնաբաւ ըլլալէ ետք, ան պատրաստուած է ընտանեկան կեանքի կազմութեան։ Իր կեանքի ընկերը ընտրած է բնիկ մարաշցի Միսիսեաններու դուստրը՝ Սառան, որուն հետ պըսակուած է 1913-ին, Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։

Տակաւին մէկ տարուան ամուսնացած, թրքական բանակր զինուորական ծառայութեան համար զինք Կ. Պոլիս տարած է։

Գէորգ բանակին հետ տեղափոխուած է Գաթմա, Դամասկոս եւ ապա Եգիպտոս, ուր երկու տարի մնալէ ետք, վերադարձած է Մարաշ ու միացած իր ընտանիքին։

Վերադարձին Մարաշի բոլոր եկեղեցիները այրուած կր գտնէ։ Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ Տէր Ղազարեանի հետ, ան եկեզեցւոյ արարողութիւնները կատարած է Մարաշի կեդրոնական Դպրոցին մէջ։

Նոյն տարին թուրքերը կրկին ձեռնարկած են զօրահաւաքի, բայց այս անգամ, իբրեւ եկեղեցւոյ սպասաւոր, Գէորգ զերծ կացուցւած է բանակի ծառայութենէն։ Երեք տարիներ անապահով պայմաններու մէջ իր կեանքը քաշքշելէ ետք Մարաշի մէջ, 1923-ին, ան բազմաթիւ հայ ընտանիքներու հետ գաղթած է Հալէպ, ուր վերջնականապէս հասատուելէ ետք, Սուեքա շուկային մէջ ձեռնարկած է հագուստ վաճառելու աշխատանքին։

Ունեցած է վեց զաւակներ՝ Ովսաննա, Յարութիւն, Գրիգոր, Եւփիմէ, Թորոս եւ Մաքրուհի։

Առօրեայ աշխատանքներէն դուրս, իբրեւ երէց դպիր ծառայած է Ս. Խաչ եկեզեցի։ Տեղւոյն պայմաններուն ծանօթանալէ ետք, «Գէորգ Խոճա» սկսած է քարոզչական աշխատանքի ու գաղթական եւ տառապած մեր ժողովուրդին մէջ վառ պահած՝ քրիստոնէական հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, որպէսզի ասոնցմով զինուած՝ լաւատեսութեամբ նային գալիքին։ Ան ժողովուրդին մէջ ստեզծած է նաեւ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն։

Ժամանակի ընթացքին ունեցած է Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ արժէքներով ու հաւատալիքներով օժտուած ջերմեոանդ հաւատացեալներ, որոնցմով կազմած է եղբայրակցութիւն մր, զոր կր կոչէ «Հայ Եկեզեցասիրաց եղբայրակցաթիւն»։ Այդ եղբայրակցութիւնը կը գործէ Հայց, եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Ան կազմակերպած է աղօթաժողովներ եւ քարոզած մեր եկեզեցւոյ հաւատալիքներն ու Աստուածաշունչր։ ժամանակի թաւալումին հետ, ա յս հոգեւոր շարժումր սկսած է ծաւալ ստանալ ու տարածուիլ այնքան որ, օրուան Առաջնորդն ու կրօնական Ժողովր կանչել կու տան Գէորզ Խոճան։

Հարցումներու տարափով զինք մանրակրկիտ քննութենէ անցենելէ ու հաստատապէս համոզուելէ ետք իր տարած կրօնական աշխատանքներուն անվնաս ըլլալուն մասին, 1924-ին կ՛արտօնեն, որ Հայց, եկեզեցւոյ հասկացողութեամբ շարունակէ Աւետարանի քարոզութիւնը՝ մեր հաւատացեալները օտար վարդապետութիւններէ եւ ուսուցումներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ զանոնք դէպի եկեղեցի առաջնորդելու համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր թոյլտուութեամբ, իրեն յաճախ առիթ կր տրուի մեր եկեղեցւոյ ազատ ժամերուն կատարել իր աղօթաժողովներր եկեզեցւոյ մէջ, որպէսզի անոնց եւ եկեզեցւոյ միջեւ կապը ամրապնդուի։

Գէորգ Խոճային եկեդեցւոյ կապուածութիւնը, կրօնասիրութիւնը, ջերմեռանդ հաւատքը, մաքուր ու պարկեշտ նկարագիրր եւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ իր անհուն սէրն ու նուիրուածութիւնը նկատի առնելով, իր հայրենակիցները զինք ընտրած են Սուրբ Խաչ եկեզեցւոյ քահանայութեան թեկնածու եւ դիմած Առաջնորդին։ Ժոզովուրդի փափաքին ընթացք տալով, Սրբազան Հայրն ու կրօնական ժողովը ընդունած են իր քահանայական թեկնածութիւնը։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ, Արտաւազդ Արքէպիսկոպոս, Սիւրմէեանի ձեռամր, Հալէպի Ս, Խաչ եկեզեցւոյ մէջ, 1930-ին, վերակոչուելով Տէր Պարգեւ։

Ըստ Տէր Հօր զաւակներուն տուած, Սրբազանը զինք Պարգեւ կոչած է, որովհետեւ իր առաջին ձեռնազրած քահանան եղած է։

Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանէ լրացնելէ ետք, Տէր Հայրը նշանակուած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ անոր մարաշցի ծխական ժողովուրդին Հոգեւոր հովիւ։

Ս. Խաչ Եկեղեցին իր նիւթական կառոյցով շատ խեղճ ու տխուր պատկեր մր կր ներկայացնէր։ Տէր Պարգեւին, թաղականութեան ու Մարաշի Հայրենակցական Միութեւան բոյոր պատասխանատուներուն մեծագոյն ու առաջին ծրագիրր կ՛ըյյայ վարակետ նոր եկեղեցւոյ մը կաոուցումը։

Տէը Հայըը պատասխանատու հայրենակիցներուն հետ լծուած է նախապատրաստական աշխատանգներուն։ Նոր եկեգեցւոյ նախագիծը պատրաստուելէ ետք, ան ձեռնարկած է դրամահաւագի աշխատանգին։ Այս առաւելութեամբ կատարած է ճամբորդութիւններ դէպի Դամասկոս եւ Պէյրութ։ Հանգանակութեան արշաւը կըսկսի ամէնուրեք։ գոյացած գումարով, նախ կը կատարուի Նոր Գիւղի շըջանին մէջ ընդարձակ հողաշեշտի մը գնումը, ապա կր սկսին շինարարական աշխատանքներր։

Ըստ Տէր Հօր հայրենակից եւ գործակից պարօն Սիոն Պուրունզուգեանի վկայութեան, այդ օրերուն Տէր Հօր տարած ջանքերուն շնորհիւ՝ նոր եկեգեցւոյ շինութեան ծախսերուն մասնակցած է Հայ եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը՝ գառասուն օսմանեան հնչուն ոսկիով։ բոլոը հայրենակիցներուն ու Տէը Հօր յարատեւ աշխատանգներուն շնորհիւ շինութիւնը առագ, եւ լաւ թափով յառաջ կ՚երթայ ու նոր եկեղեցին կր բարձրանայ այդ հայաշատ շրջանին մէջ։

Տէր Հօր ու իր հայրենակիցներուն երազը իրականացած է։ բայց ըստ իր անմիջական պարագաներուն ու ականջալուրի մը վկայութեան, ան ունեցած է հետեւեալ բուռն փափաքը՝ «Նոր եկեղեցի մը շինեմ, անոր մէջ պատարագեմ ու անկէ վեըջ մեռնիմ...»։

քահանայ ձեոնադըուելէն ետք, այս տեսլականը հանգիստ չէ ձգած զինք։ Նոր եկեգեցւոյ կառուցումը աւրըտելէ ետք, ան հազիւ քանի մը անգամ պատարագած է ու անկէ ետք հիւանդացած ու փոխադրուած՝ Ֆրիշօ հիւանգանոցը։ եը տառապէր շաքարախտէ։ Այս հիւադգութիւնը այնքան արագ, կը զարգանայ իր մէջ, որ քառասուն օրերու ընթացքին կատարուած բոլոր դարմանումները ապարդիւն կ՛անցնին։

Վախճանած է 1938 Դեկտեմբերին, քառասուն ինը տարեկան հասակին։ Իր անժամանակ մահով, սուգի մատնած է իր հայրենակիցները, Ս. Գէորգ եկեղեցին, ծխական ժողովուրդը ու հաւատացեալներու բազմութիւնը։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի ունեցած է իր շատ սիրած նորակառոյց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Արտաւազդ Արք, Սիւրմէեանի ձեռամբ, 1938 Դեկտեմբերին։ Բազմահազար հաւատացեալներ, աջահամբոյրով իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելէ ետք, դագաղը ուսամբարձ տարած են մինչեւ գերեզմանատուն։

Մարմինը ամփոփուած է Հալէպի Ազդ, գերեզմանատունը։ Կը պատմուի, թէ նորակառոյց եկեղեցւոյ անունը Ս. Գէորգ գրուած է իր ու հայրենակիցներուն փափաքով, որպէսզի այնուհետեւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները իրենց զաւակները «Մար մըրճոս» չմկրտեն, այլ իրնց ուխտերը կատարեն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]