Jump to content

Պարգեւ Շահպազեան

Պարգեւ Շահպազեան
Ծնած է 9 փետրուար 1920
Ծննդավայր Պոլիս
Մահացած է 27 Ապրիլ 2019
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն մտաւորական, գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ
Մասնագիտութիւն Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելագիտական բաժնի հայագիտական ամպիոն
Աշխատավայր հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ, ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչ, թարգմանիչ, քարտուղար:

Պարգեւ Շահպազեան (9 Փետրուար 1920, Պոլիս - 27 Ապրիլ 2019 Երեւան), պոլսահայ մտաւորական: Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի քառասուն տարուան թարգմանիչն ու անձնական քարտուղար: Պատկառանք ներշնչող մտաւորականութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն ամբողջ կեանքը, Հայաստան հայրենադարձուելէն ետք, նուիրուած է գրականութեան, մանկավարժութեան ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:

Պարգեւ Շահպազեան՝ պոլսահայ մտաւորական Գառնիկ Շահպազեանի ընտանիքին մէջ։ Ծնողքը խոյս տուած է դարասկիզբի դէպքերէն. մայրը՝ Հրանոյշ Լաճիկեանը, էրզրումցի էր եւ ապագայ ամուսինին հանդիպած է սուրիական անապատներուն մէջ ու ամուսնացած են: Վերադարձած են Գառնիկ Շահպազեանի ծննդավայրը՝ Պոլիս, եւ հոն ծնած է Պարգեւ Շահպազեան: Բայց ընտանիքը Պոլիս երկար չէ մնացած եւ 1922 թուականի սկիզբներուն, ծայր առած շարժումներուն ալիքին տակ, բազմաթիւ հայերու պէս, Շահպազեանները եւս լքած են Պոլիսը: Մինչ կարգ մը պոլսահայեր, այդ տարիներուն, Փարիզ կը մեկնէին, նաեւ՝ Հայաստան կու գային (ինչպէս Հրաչեայ Ներսիսեանը, Վահրամ Փափազեանը եւ ուրիշներ), Գառնիկ Շահպազեան, աքսորի տարիներէն ծանօթ ըլլալով Սուրիային, կ՚որոշէ ընտանիքը հոն տանիլ:

Հալէպ քաղաքին մէջ Պարգեւ Շահպազեան իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է, հոն յաճախած է ազգային վարժարան, ուր ալ, հրաշալի մտաւորական-ուսուցիչներու ձեռքին տակ ծնած է ապագայ գրողը, գիտութեան եւ հայրենիքին նուիրեալը: Դպրոցի վերջին տարիներուն Պարգեւ Շահպազեան ուսանած է Հալէպի ֆրանսական քոլէճին մէջ. Ֆրանսիսքեան հայրերու կողմէ ղեկավարուած այդ կրթօճախին մէջ ան ստացած է ֆրանսերէն լեզուի իր հիմնաւոր կրթութիւնը, որ կատերելագործելով, յետագային զայն դարձուցած է ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան եզակի մասնագէտներէն: Քոլէճը աւարտելէն ետք ընտանիքով տեղափոխուած են Լիբանան, ուր շարունակած է իր ուսումը՝ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելագիտական բաժնի հայագիտական ամպիոնին մէջ՝ զուգահեռաբար աշխատելով Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ, որպէս հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ, մինչեւ 1946 թուականը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անխոնջ սպասաւորն էր Պարգեւ Շահպազեան: Ան մահացաւ 99 տարեկանին եւ մինչեւ վերջին տարիները սպասուած հիւր մըն էր մտաւորական հաւաքներու ընթացքին, լսարաններու մէջ, ուր կը հաւաքուէին մարդիկ՝ լսելու հարուստ գործունէութիւն ունեցած անձնաւորութեան խօսքը, որ արտասահմանեան ճամբորդութիւններուն ընթացքին ուղեկցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ կազմած՝ Վեհափառ Հայրապետին արտասահմանեան ուղեւորութիւններուն մասին գիրքերը, որոնք լի են յիշարժան պատմութիւններով, հետաքրքրաշարժ եւ արժէքաւոր դէպքերով:

ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ուսուցիչ Հոգեւոր ճեմարանէն ներս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Ներգաղթի տարիներուն Շահպազեանները հայրենադարձուած են Հայաստան: Որոշ ժամանակ ետք, Պարգեւ Շահպազեանի ֆրանսերէն լեզուի իմացութիւնը ճամբայ բացած է անոր համար: Ան նախ Երեւանի դպրոցներէն մէկուն մէջ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչ կարգուած է եւ շուրջ տասն տարի այդ դպրոցին մէջ պաշտօնավարած, ապա զայն ծանօթացուցած են Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Վազգէն հետ, որ այդ ժամանակ նոր կաթողիկոս ընտրուած էր։ Վեհափառը այդ ժամանակ ֆրանսերէնի մասնագէտ-ուսուցիչ մը կը փնտռէր Հոգեւոր ճեմարանին համար. Պարգեւ Շահպազեան մէկ տարի կը պաշտօնավարէ Ճեմարանէն ներս, ապա հոգեւոր խորհուրդը որոշում կը կայացնէ ֆրանսերէնը փոխարինել անգլերէնով, որ աւելի միջազգային հեղինակութիւն ունէր եւ աւելի կարեւոր էր ապագայ հոգեւորականներուն համար:

Պարգեւ Շահպազեանին կը վստահուին Ճեմարանի հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասաժամերը: Ուսուցիչը արդէն վաստակած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վստահութիւնը եւ ան մտերմութիւն կը հաստատէ հայրենադարձ մտաւորականին հետ: Վեհափառը անոր կը վստահի իր բոլոր գաղտնիքները, մտահոգութիւնները, ծառայութեան առաջին տարիներու դժուարութիւններուն պատմութիւնները: Այդ դժուարութիւնները եղած են նիւթական, բարոյական եւ քաղաքական բնոյթի ծանր փորձութիւններ, որոնց մէջէն անցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խորհրդային համակարգի տարիներուն: Պարգեւ Շահպազեան կը յիշէ, որ շնորհիւ ունեցած խոհեմութեան, ճկունութեան, Վեհափառը յաղթահարած է այդ դժուարութիւնները, կրցած է լեզու գտնել ժամանակի իշխանութիւններուն հետ եւ մինչեւ կեանքին վերջաւորութիւնը ծառայած է հայրենքին, հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ:

Քարտուղար եւ ատենադպիր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ներս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վազգէն Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուած է միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժին մը, որուն քարտուղարութիւնը Վեհափառը վստահած է Պարգեւ Շահպազեանին:

Էքումենիք շարժման գաղափարը ծանօթ էր Շահպազեանին, եւ Ճեմարանի մէջ յաւելեալ դասանիւթ մը՝ էքումենիզմը աւելցնելով, անոր դասաւանդումը նոյնպէս վստահուած է Շահպազեանին: Յետագային ան Ճեմարանի մէջ դասաւանդած է նաեւ արեւմտաեւրոպական գրականութիւն՝ Վերածնունդի շրջանէն մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը: Իր դասախօսական գործունէութեան զուգահեռ Շահպազեան վարած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ատենադպիրի պաշտօնը՝ կազմելով գերագոյն հոգեւոր ժողովներու արձանագրութիւնները:

Մինչեւ 1994 թուականը՝ Վազգէն Ա. Հայրապետի մահը, Շահպազեան աշխատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ մանաւանդ վերջին տարիներուն յոգնածութեան պատճառով խնդրած է հանգստեան կոչուիլ, Վեհափառը բացասական պատասխան տուած է՝ ըսելով, միասին սկսանք, միասին ալ կ՚աւարտենք…[1]


Գրականութիւն Թարգմանութիւն Խմբագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարգեւ Շահպազեան իր գործունէութեան տարիներուն գրած է բազմաթիւ գիրքեր, թարգմանած, կազմած եւ խմբագրած է ժողովածոներ, բայց ծանօթանալով անոր կեանքի մանրամասնութիւններուն, կը հաւատանք, որ ինքն ու իր կեանքն ալ արժանի են գիրքի մը: Շարժանկար մը նկարահանուած է այս համեստ գիտնականին մասին: Վաւերագրող, լրագրող Արայիկ Մանուկեան երեք մասէ կազմուած ժապաւէն մը պատրաստած է «40 տարի Վազգէն Վեհափառի հետ» խորագրով: Այդ տեսաժապաւէնին մէջ է, որ Պարգեւ Շահպազեան իր կեանքին, Հայաստան տեղափոխուելուն, աշխատանքի ամենէն եռանդուն տարիներուն մասին պատմած է եւ մանրամասնօրէն ներկայացուցած Վեհափառ Հայրապետին հետ իր գործակցութիւնը, որ այսօր պահ տրուած է պատմութեան:

Պարգեւ Շահպազեան կազմած է Վազգէն Վեհափառի արտասահմանեան ուղեւորութիւններու քանի մը ծաւալուն հատորներ:

1960-ական թուականներուն Հայաստանի Լուսաւորութեան նախարարութեան պատուէրով Պարգեւ Շահպազեան խմբագրած է սփիւռքահայ դպրոցներու համար կազմուած «Հայոց լեզու» դասագիրքերի ամբողջ շարքը:

1981-1983 թուականներուն Պարգեւ Շահպազեանը խմբագրեր է նաեւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնաթերթ «Էջմիածին» ամսագիրը:

Մեծարման երեկոյ Լոս Անճելըսի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոս Անճելըսի մէջ իր մեծարման երեկոյին յոբելեար Պարգեւ Շահպազեանը իր բանաւոր ելոյթին մէջ ըսաւ.

«Որպէս բազմամեայ մշակ իր կեանքի վերջալոյսին յաճախ արեւմտահայ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ հեղինակին ինքնիրեն ուղղուած նոյն հարցումը կուտամ ինծի. «... Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց: Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, ա՛յն միայն»: Այդպէս, ինչ որ տուած եմ իմ սաներուն, ինչ որ բաշխած եմ անոնց երկար տարիներ մեծ սիրով եւ անհաշիւ, ա՜յդ մնացած է միայն ինծի, միմիայն այդ: Ինչ որ գնաց ուրիշին, վերադարձաւ անուշցած ու զօրացած հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»:[2]
- Պարգեւ Շահպազեան


ֆրանսական դեսպանատան «Ակադեմիական Արմաւէնիներ» - «Palmes Acadռmiques» ազգային շքանշան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

27 Յունիս, 2014-ին, Հայաստանի Ֆրանսական դեսպանատանը պաշտօնական արարողակարգով տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի «Ակադեմիական Արմաւէնիներ» - «Palmes Acadrmiques» շքանշաններու յանձնումը նաեւ Պարգեւ Շահպազեան-ին անոր կեանքի ալեւոյթին, եւ իր տիկնոջըՙ Խ. Աբովդանի անուան մանկավարժական համալսարանի ֆրանսերէն լեզուի ամպիոնի դասախօս Իննա Երիցեանին: «Ակադեմիական Արմաւէնիներ» - «Palmes Acadrmiques» ազգային շքանշանը հիմնուած է Նափոլիոն Ա-ի կողմէն 1805 թ.-ին եւ կը շնորհուէր միայն ֆրանսացիներուն: Յետագային Կեներալ Շարլ տը Կոլի հրամանագիրով որոշուեցաւ, որ այդ նոյն շքանշանը յանձնուի նաեւ օտարազգի այն մարդկանց, որոնք ֆրանսերէն լեզուն երկար տարիներ դասաւանդեր ու տարածեր են, ինչպէս նաեւ երկարամեայ մշակութային ծառայութիւն մատուցեր եւ այդ ճանապարհով ալ նպաստեր իրենց ազգին եւ ֆրանսացիներուն մշակութային կապերու սերտացմանը:

Ֆրանսայի դեսպանը ներկայացնելով շքանշանակիրներունՙ դրուատեց անոնց գործունէութիւնը, եւ մասնաւորաբար մեծարեց Պարգեւ Շահպազեան-ինՙ իր բարձրարուեստ թարգմանութիւններուն համար: Յուզիչ էր շքանշանակիր ասպետի փայլուն Ֆրանսերէնով արտասանած շնորհակալական ուղերձը:

Շքանշաններ Հայրապետական Կոնդակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարգեւ Շահպազեանը 2 անգամ պարգեւատրուեր է կաթողիկոսական շքանշաններով:

2004 թ. Մայր աթոռի ներկայ գահակալ Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Գեւորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնադրման 130-ամեակի առիթով իր սրբատառ կոնդակով Պարգեւ Շահպազեան-ին պարգեւատրեր է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» հայրապետական շքանշանով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]