Jump to content

Պարգեւ Միսիրեան


Ծնած է 22 Փետրուար 1912(1912-02-22) (112 տարեկան)

Պարգեւ Միսիրեան (22 Փետրուար 1912, Քիլիս), ազգային-հասարակական գործիչ։

Այնթապցի ծնողքի զաւակ էր ան: Հայրը՝ տոքթ. Կարապետ Միսիրեան, 1907-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական ճիւղը։ Ան ամուսնացած է 1908-ին եւ ունեցած չորս զաւակ՝ Ճորճ, Պարգեւ, Բիւզանդ եւ Ժորժէթ: (Մեծը՝ Ճորճը եղած է երեսունական թուականներու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի առաջին խումբի բերդապահ, ապա, տարիներ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հոմսի մասնաճիւղի վարչական):

Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1918), հայրը պետական բժիշկի իր հանգամանքով կը կարողանայ ձեւով մը փրկել իր ընտանիքին կեանքը եւ հաստատուիլ Հալէպի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ռիհանիյէի մէջ:

Զինադադարէն ետք, 1919-ին, տոքթ. Կ. Միսիրեան կը փոխադրուի իր ծննդավայրը՝ Այնթապ, ուր հերոսամարտի ժամանակ կը նշանակուի հայկական զինեալ ուժերու բժշկապետ: Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով, իր բազմահազար հայրենակիցներուն նման, ինքն ալ իր ընտանիքին հետ կը հեռանայ Այնթապէն, ու կը մնայ նախ Քիլիս, ապա կ'անցնի Հալէպ, ուր 1922-ին տաս տարեկան Պարգեւ կը սկսի յաճախել Մուպալլաթ թաղամասի Հայ Աւետարանական Վարժարանը, ապա՝ Ղազանճի Չարշը թաղամասի դպրոցը:

1923-ին, ծնողքին հետ Իտլիպ կը հաստատուի, ուր իր հայրը կը գործէ իբրեւ պետական բժիշկ:

1926-ին, վերադառնալով Հալէպ, այս անգամ կը յաճախէ Ֆռէր Մարիստ, ապա Թեռ Սէնթ ֆրանսական վարժարանները, ուրկէ 1933 թուականին կը ստանայ իր պաքալորիան:

Այնուհետեւ կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ ու կը պաշտօնավարէ 1935-ին Թէլ-Ապիատի, 1936-ին՝ Ճարապլուսի Մեսրոպեան, 1937-1939-ին՝ Լաթաքիոյ Յակոբեանց եւ 1940-ին՝ Հալէպի Սահակեան ազգային վարժարաններուն մէջ:

1942-ին կը մեկնի Պէյրութ՝ հետեւելու համար բժշկութեան, սակայն, հակառակ իր հօր այս փափաքին, կը մտնէ իբրեւ պաշտօնեայ D.H.P. երկաթուղային ընկերութեան մէջ:

1949-ին, Իտլիպի մէջ պատահած իր հօր մահուան առիթով, կը վերադառնայ Հալէպ, ուր վերջնականապէս կը հաստատուի, շարունակելով իր նոյն պաշտօնը, այս անգամ սուրիական երկաթուղային ընկերութեան մէջ:

1956-ին կ'ամուսնանայ եւ կ'ունենայ երեք զաւակ, որոնցմէ մեծը՝ Կարօն, երկրաչափ էր եւ իր հօր նման նետուած էր ազգային հասարակական կեանքին մէջ՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ:

1970-ի Սեպտեմբերին հրաժարելով երկաթուղիի ընկերութենէն, 1971-ին կը մտնէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան իբրեւ հաշուապահ, պաշտօնավարելով մինչեւ 1988-ի Սեպտեմբեր ամիսը:

Տարիքի յառաջացման եւ առողջական պատճառներով, իր կեանքին վերջին չորս տարիները քաշուած կ'ապրի գործի ասպարէզէն, ու ընտանեկան խաղաղ երդիքի տակ կը զբաղի թարգմանական աշխատանքներով:

Ազգային-Հասարակական Կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարգեւ Միսիրեան, իր կեանքի վերջին 60 տարիներու ընթացքին, դպրոցական օրերէն սկսեալ նետուած է ազգային հասարակական կեանքին մէջ եւ գործած՝ հետեւեալ մարզերուն մէջ,-

Պարգեւ Միսիրեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ աւելի հանրածանօթ դէմք դարձած է իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական: Հալէպի մասնաճիւղի հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք, կ'արձանագրուի սկաուտ եւ 1928-ին կը մասնակցի Պիթիասի առաջին բանակումին: Այնուհետեւ, մինչեւ 1934, մաս կը կազմէ բոլոր ձեռնարկներուն: Սկաուտ փողերախումբին մէջ թմբկահար էր, իսկ 1930-ին ֆութպոլ կը խաղար Սկաուտ Պատուոյ Առաջինէն: Պէյրութ եղած տարիներուն կ'ընտրուի Սկաուտ Խորհուրդի անդամ՝ ստանձնելով ատենապետութիւնը, իսկ 1949-ին կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի 10-րդ Պատգամաւորական ժողովին:

Հալէպ վերադարձին, 1950-էն ետք այլեւս ամբողջական նուիրումով կը նետուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եռուն կեանքին մէջ ու կը դառնայ այստեղ մնայուն ներկայութիւն մը, մասնակցելով անոր մարզական թէ այլ բազմերես գործունէութեան: Ան անդամ է մարզական յանձնախումբերու, մասնաւորաբար աթլեթիզմի եւ հեծիկի: Երկար տարիներ տեղական վարչութեան ընտրեալ անդամ էր իր մարզական ներկայացուցիչի հանգամանքով, այդ օրերու Միութեան կանոնագիրին համաձայն: Յաճախ ժողովներու ժամանակ ստանձնած է ատենադպիրի պաշտօն:

1977-էն 1984, ընտրուած է Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ վարելով Ատենապետութիւնը: Նախքան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համագաղութային կառոյց դառնալը, մասնակցած է ներկայացուցչական թէ պատգամաւորական ժողովներուն, իսկ անկէ ետք, 1974-ի աւարտին, հիմնադիր ժողովին եւ 1979-ին Բ. Պատգամաւորական ժողովին՝ Նիկոսիա:

Արտաքին ճակատի վրայ, տարիներով ներկայացուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Հալէպի պետական ֆետերասիոններուն մէջ, մասնաւորաբար աթլեթիզմի, հեծիկի ու նաեւ ֆութպոլի՝ շնորհիւ իր արաբ գործակից բարեկամներուն: Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանական զտումի մրցումներուն առթիւ, 1949-ին, Սուրիոյ ազգային խումբին հետ, իբրեւ պատասխանատուներէն մէկը կը մեկնի Թուրքիա:

1959-ին, Սուրիոյ հեծելանուորդներուն հետ իբրեւ պատասխանատու կը մեկնի Եգիպտոս, ուր Սուրիոյ խումբը (գրեթէ բոլորը Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ) պիտի մասնակցէր Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան խումբին հետ, Եգիպտոսի շրջավազքին:

1963-ին, Պաղտատ կը գտնուի իբրեւ պետական հիւր, մաս կազմելով Սուրիոյ մարզական ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան մը:

Ան որոշ չափով իր նպաստը բերած է նաեւ Սուրիական Երկաթուղիի մարզական կեանքի վերելքին՝ Վարուժան Երէցեանի եւ ուրիշներու հետ:

1933-ին, Պարգեւ Միսիրեան կը մտնէ Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը, կնքահայրութեամբ Կարօ Սասունիի: Մինչեւ իր մահը, 60 տարի, կը մնայ նուիրուած կուսակցական՝ վարելով ընդհանրապէս պատասխանատու պաշտօններ: Մասնաւորաբար կը գործէ պատանեկան շարքերու գաղափարական դաստիարակութեան գծով՝ Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ:

1939-ին Ալեքսանտրէթի պարպումին հետեւանքով, հայ նոր գաղթականներու տեղաւորման ու այլ օժանդակութեանց գործին մէջ կը բերէ իր մասնակցութիւնը՝ ֆրանսական հոգատար կառավարութեան հետ համագործակցաբար:

Իբրեւ գրասէր մարդ, կը գործէ նաեւ Համազգայինի մէջ։ 1959-ին, կ՛ընտրուի Հալէպի վերակազմեալ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ որուն ատենապետութիւնը կը վարէ մինչեւ 1971:

Լիբանան եղած շրջանին կը գործակցի Գ. Իփէկեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ՝ Համազգայինի թատերախումբ ստեղծելու աշխատանքներուն մէջ:

Հայ Աւետարանական Համայնք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըլլալով Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակ, այսիտեղ եւս Միսիրեան աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: 1972-ին կ'ընտրուի Էմմանուէլ եկեղեցւոյ խնամակալ, ատենապետի պաշտօնը կը ստանձնէ Էմմանուէլ Դպրոցի Հոգաբարձութեան եւ տարիներով կ'ըլլայ անդամ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Միացեալ Ժողովին եւ Գործադիր Մարմինին:

Եղած է մնայուն աշխատակից Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ թէ օտար մամուլին: Այսպէս՝ ան կ՛աշխատակցի Պէյրութի «Սփոր» ամսաթեթին, «Լ'Օրիան»ին, «Ազդարար»ին, «Ազդակ»ին, «Ազդակ-Մարզական»ին, Հալէպի «Արեւելք»ին, «Արեւելք-Մարզաշխարհ»ին եւ Պոլսոյ «Քուլիս»ին՝ ստորագրելով մարզական թէ արուեստի մասին բազմաթիւ յօդուածներ:

Կատարած է ֆրանսերէնէ թարգմանութիւններ, որոնք լոյս տեսած են մեր մամուլին մէջ, ինչպէս՝ «Տոն Գամիլիոյի Պզտիկ Աշխարհը» Ա. հատոր, որ իբրեւ թերթօն հրատարակուած է Արեւելքի մէջ:

Պարգեւատրումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1968-ին, իր տարած գնահատելի գործին համար Սուրիոյ Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը զինք կը պատուէ յատուկ շքանշանով, իսկ 1987-ի Մարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք կը պարգեւատրէ «Արժանեաց Արծաթ Շքանշան»ով,[1] իր երկար տարիներու ծառայութեան համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ, ԺԱ. տարի, Ապրիլ 1992, թիւ 4 (124)։