Jump to content

Արեւելք Մարզաշխարհ

Մարզաշխարհ Շաբաթաթերթ

«Արեւելք Մարզաշխարհ», մարզական շաբաթաթերթ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հրատարակութիւն: Հրատարակուած է 1954-1963, Հալէպ,Սուրիա: Խմբագիրներ՝ Լուտեր Մասպանաճեան, Զաւէն Սապունճեան[1]: Աշխատակիցներ եւ թղթակիցներ՝ Արմէն Մարգարեան, Պարգեւ Միսիրեան, Սուրէն Նազարեան, Հրաչ Տատոյեան, Արման Մանուկեան, Կարօ Շահինեան:

Թերթի Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մարզաշխարհ»ի առաջին թիւը լոյս տեսած է 20 Յուլիս 1957 ին: Առաջին 26 թիւերը հրատարակուած են իբրեւ շաբաթաթերթ, թերթի փոքր ծաւալով, իսկ 27 րդ թիւէն սկսեալ «Մարզաշխարհ»ը ունեցած է նոր եւ գունաւոր ծաւալ: «Մարզաշխարհ» շաբաթաթերթը աշխատած է միջազգային ու հայ մարզական կեանքի մէջ տեղի ունեցած մրցումները, խաղերը, հայ մարզիկներու անհատական թէ հաւաքական յաջողութիւնները օրը օրին ներկայացնել, միշտ մանրամասնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ մարզիկներու եւ խումբերու նուաճումները, լուսարձակի տակ առնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու գործունէութիւններն ու մարզական նուաճումները: Ան յատուկ ձեւով անդրադարձած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջ-մասնաճիւղային հանդիպումներուն եւ փառաւոր տողանցքներուն, զանազան յօդուածներու եւ պատկերներու միջոցաւ: Նոր սերունդի հոգեկան, մտային, ազգային եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան համար իւրաքանչիւր թիւի մէջ որոշ տեղ յատկացուած է առաջնորդող յօդուածներու եւ պատմուածքներու: Մասնաւորաբար զարկ տրուած է սկաուտական դաստիարակութեան, անոր մէջ տեսնելով նոր սերունդի ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջ դաստիարակութեան հիմունքները, նպատակ ունենալով նկարագրով մաքուր, ազնիւ եւ վեհանձն սկաուտներու եւ իրաւ մարզիկներու փաղանգ մը ստեղծել: Շաբաթաթերթին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ շարժանկարի արուեստը իր նիւթերով, նորութիւններով ու մանաւանդ դերասան – դերասանուհիներով: Ինչպէս նաեւ ընթերցողը հոն կը ծանօթանայ հայրենիքի թէ արտասահմանի շարժանկարի, բեմի, երգի, գեղարուեստի ծառայող հայ արուեստագէտներու յաջողութիւններուն ու նուաճումներուն: Այս բոլորին կողքին « Մարզաշխարհ» ի էջերուն մէջ կը հանդիպինք ծիծաղաշխարհի, յայտարարութիւններու, խաչբառերու եւ ծանուցումներու: Ծիծաղի բաժնին մէջ կարեւոր է նշել թէ տաղանդաւոր ծաղրանկարիչ՝ Մասիս Արարատեան պարբերաբար իր աշխատակցութիւնը բերած է:1963-ին քաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով «Մարզաշխարհ»ը կը դադրի լոյս տեսնելէ, վեց տարիներ բեղուն գործունէութիւն մը ունենեալէ ետք:

Գահիրէի « Յուսաբեր » օրաթերթը կ՛ողջունէ «Մարզաշխարհ»ը եւ իր 9 Օգոստոս 1957-ի թիւով կը գրէ.-

«Ստացանք առաջին թիւը Հալէպի մեր պաշտօնակից Արեւելքի մարզական շաբաթաթերթին՝ «Մարզաշխարհ»ին: «Արեւելք Մարզաշխարհ»ը ծնունդ է պահանջքի մը,- Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ առհասարակ միջազգային մարզական կեանքի արձագանգը կանոնաւորաբար լսելու պահանջին: Զայն խմբագրողները հաւատաւոր տղաք են, որոնք մարզանքով կ՛ըմբռնեն նաեւ գաղափարներու կարգապահութիւնը, առողջ մտքի եւ համապատասխան կեանքի ներդաշնակութեամբ»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սապունճեան Զաւեն, Մասպանաճեան Լուտեր, խմբգրնր․ (1957)։ Արեւելք մարզաշխարհ: Մարզական շաբաթաթերթ։ Հալէպ
  • «Արեւելք Մարզաշխարհ» Շաբաթաթերթ