Jump to content

Պանիրով Եւ Սխտորով Հաց

Կաղապար:Տեղեկաքարտ ուտեստ Պանիրով սխտորով հաց (անգլերէն՝ Garlic bread), համեղ եւ ախորժելի հաց: Կարելի է հրամցնել թէյին հետ՝ որպէս թեթեւ ուտելիք:

Սխտորով հացը յայտնաբերուած է Միացեալ Նահանգներու ճաշարաններու ճաշացանկին մէջ, 1947-էն սկսեալ: Շրջան մը ետք, մշակուած է նոր տեսակ մը՝ սառած առեւտրային սխտորով հացեր, Միշիկընի «Cole's bread» սնունդի ընկերութեան կողմէ, 1970-ին[1]: Ապա, այն ժամանակի ընթացքին դարձած է տարածուած ու հիմնական ուտեստ՝ Պրազիլի տարածքին[2]:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են՝ կարագ, ձիթապտուղի իւղ, սխտոր, ֆրանսական պակեթ հաց, պինդ պանիր, ազատքեղ, աղ, պղպեղ` ըստ ճաշակի[3]:

Պանիրը քերիչով քերել, աւելցնել ճզմուած սխտորը, մանրուած ազատքեղը եւ կարագը: Այս բոլորը լաւ մը խառնել[4]:

Պակեթ հացը կտրատել, բայց ոչ մինչեւ վերջ: Բաց հատուածներուն մէջ միջուկը առատօրէն լեցնել: Այնուհետեւ 10 վայրկեան փուռին մէջ եփել , 180 աստիճան տաքութեամբ[5], մինչեւ հալի ու կարմրի:

Պատրաստութեան ընթացքին, բաղադրութեան մէջ, կարելի է փոփոխութիւններ կատարել: Օրինակ, կարելի է օգտագործել տարբեր տեսակի պանիրներ եւ կամ տարբեր տեսակի հացեր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Original Garlic Bread» (անգլերէն)
  2. «Brazilian garlic bread» (անգլերէն)
  3. «Garlic Bread» (անգլերէն)
  4. «Roasted Garlic Bread» (անգլերէն)
  5. «Օրուայ բաղադրատոմս. Պանրով ու սխտորով հաց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-17