Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2023

Բժշկական զբօսաշրջութիւնը կամ առողջապահական զբօսաշրջութիւնը կ'իրականացուի որեւէ երկիրի մէջ բուժում ստանալու նպատակով։

Անցեալին, նուազ յառաջացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդէին դէպի բժշկական մեծ կեդրոններ, որոնք կը գտնուէին յառաջացած երկիրներու մէջ, ստանալու այն բժշկական օգնութիւնը, որ անհասանելի էր իրենց երկիրներուն մէջ։

Վերջերս, զարգացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդեն նուազ յառաջացած երկիրներ, բժշկական նպատակներով, ուր ծախսերը համեմատաբար աւելի նուազ են. թէեւ աւանդական ձեւը դեռ կը կիրարկուի։

Հազարաւոր տարիներ առաջ, յոյն ուխտաւորներ ճամբորդած են Միջերկրական ծովէն մինչեւ Սարոնիքոս ծոց, որ կը համարուէր բժշկութեան աստուած Ասքլիպիոսի սրբավայրը։

Առողջարանային քաղաքները եւ առողջարանները կարելի է համարել բժշկական ճամբորդութեան հին ձեւեր։

ԺԸ. դարուն, Անգլիոյ մէջ հիւանդները կ'այցելէին առողջարանային կենդրոններ, ուր հանքային ջուրերով լուծում կը գտնէին արեան թանձրացման եւ թոքատապի կամ թոքախտի հետ կապուած հարցերու․․․ Աւելին