Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2023

Տայանա, Ուէյլզի Իշխանուհի (անգլերէն՝ Diana, Princess of Wales), 1981-1996 Չարլզ Արքային կինը։

100 մեծանուն բրիտանացիներու ցանկին մէջ, ան գրաւած է երրորդ դիրքը։

Ծնած է Նորֆոյի մէջ, Սանտրինկհամի Փարք Հաուսին մէջ։ Ան Ճոն Սփենսըրի եւ անոր առաջին կնոջ՝ Ֆրանսիսի հինգ զաւակներէն չորրորդն էր։

Հայրը՝ Սփենսըր-Չըրչիլ ընտանիքին տոհմաճիւղին ներկայացուցիչն էր, ինչպէս Մարլպորոյի եւ Ուինսթըն Չըրչիլի դքսուհիները։

Երբ Տայանա 8 տարեկան էր, ծնողքը կ'ամուսնալուծուին։ Տայանա քոյրերուն եւ եղբօր հետ միասին կը տեղափոխուին իրենց հօր բնակարանը։ Ամուսնալուծութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ Տայանային կեանքին մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, տան մէջ կը յայտնուի խորթ մայրը՝ Ռէյնը, որուն հետ ինք, քոյրերն ու եղբայրը լաւ յարաբերութիւն չեն ունենար։ Անոնք վանողական դիրք մը կ'որդեգրեն խորթ մօր նկատմամբ, զինք «Թթուային անձրեւ» կոչելով («Acid Rain»):

Տայանա կը յաճախէ Ուեսթ Հիթ աղջկանց վարժարանը, ուր կը նկատուի միջինէն ցած աշակերտուհի մը` երկու անգամ ձախողելով աւարտական դասարանի իր բոլոր քննութիւններուն (քննութիւններ, որոնք տրուած էին 16-ամեայ ուսանողներուն Բրիտանիոյ մէջ` ստուգելու համար անոնց դպրոցական գիտելիքները):

Տայանա տաղանդաւոր ոչ արհեստավարժ երգչուհի էր եւ կը տենչար պալերինա դառնալ, թէեւ անոր համար չափազանց բարձրահասակ կը նկատուէր․․․ Աւելին