Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2020

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան․ Ստրասպուրկ, Ֆրանսա

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան կամ Եւրոպական Դատարան, ՄԻԵԴ (անգլերէն՝ European Court of Human Rights, ֆրանսերէն՝ Cour européenne des droits de l’homme), Ստրասպուրկի մէջ հիմնուած (1959) միջազգային դատարան է, որու դատաւորներու թիւը կը համապատասխանէ Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան Եւրոպական պայմանադրութեան վաւերացուցած Եւրոպական Խորհուրդի անդամ պետութիւններու թիւին, այժմ` քառասունեօթը:Դատարանը կը գործադրէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական պայմանագիրը։ Անոր նպատակն է երաշխաւորել պայմանագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքներուն եւ երաշխիքներուն նկատմամբ յարգանքը՝ անդամ պետութիւններուն կողմէ, ինչ որ Դատարանը կ'իրականացնէ անհատներու, երբեմն նաեւ պետութիւններու ներկայացուցած բողոքները (որոնք յայտնի են իբրեւ «դիմումներ») զննելու միջոցով։ Եթէ դատարանը նկատէ, որ անդամ պետութիւն մը ոտնահարած է վերոնշեալ իրաւունքներէն եւ երաշխիքներէն մէկը կամ աւելին, ապա որոշում կը կայացնէ։ Որոշումները պարտադիր իրաւական ուժ կ'ունենան։ Խնդրոյ առարկայ պետութիւնները պարտաւոր են ենթարկուելու անոնց։ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին գործընթացը մրցակցային է եւ դռնբաց․․․ Աւելին