Եւրոպական Խորհուրդ

(Վերայղուած է Եւրոպայի Խորհուրդ-էն)
Եւրոպական Խորհուրդ
Council of Europe Palais de l'Europe aerial view.JPG
Flag of the Council of Europe.svg
Տեսակ Միջազգային պետական կազմակերպութիւն
Երկիր Flag of France (1794–1815, 1830–1974, 2020–present).svg Ֆրանսա
Յապաւում CdE եւ CoE
Հիմնադրուած 5 Մայիս 1949[1]
Գլխադասային գրասենեակ Palace of Europe, Սթրասպուրկ
Պաշտ. լեզու(ներ) անգլերէն եւ Ֆրանսերէն
Կամաւորներ 46 երկիր
Կայքէջ coe.int

Եւրոպական խորհուրդ, կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան 28 անդամ-երկիրներու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն ղեկավարը նախագահն է: Նիստերը կը գումարուին տարեկան չորս անգամ, որոնցմէ երկուքը՝ Յուլիսին, երկուքը՝ Դեկտեմբերին՝ Նախարարներու խորհուրդի իւրաքանչիւր փոխուող նախագահութեան վերջը: Վեհաժողովներուն նպատակը ԵՄ քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններու սահմանումն է արտաքին քաղաքականոութեան բնագաւառին մէջ: 2009-ին, երբ Լիզպոնի պայմանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ, Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական խորհուրդին փոխարէն հաշուետու կը դառնայ խորհրդարանին:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծագում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1959-61 թուականներուն Ֆրանսայի նախագահ Շարլ տը Կոլ կը փափաքէր կրկին կիրարկել Եւրոպական տնտեսական համայնքին ազգային կառավարման ձեւը՝ կառուցուածքը աւելի ներխորհրդարանականի ձեւափոխելով: Առաջարկը շատ քիչ երկիրներու հաւանութեան կ'արժանանայ:

1961-ի վեհաժողովներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

10-11 Փետրուար 1961-ին, 6 անդամ-երկիրներու մասնակցութեամբ վեհաժողով մը կը գումարուի, որուն նպատակն էր աւելի ամուր քաղաքական համագործակցութեան ձեւի մը կիրարկման յստակեցումը: Ֆրանսայի առաջարկը քուէարկութեան կը դրուի: Իտալացիները կ'առաջարկեն Ֆուշէի կոմիտէ մը ստեղծել, որ անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումներուն համար առաջարկներ նախապատրաստէր: Երկրորդ վեհաժողովը կը գումարուի նոյն տարուան 19 Յուլիսին Պոնի մէջ: Ըստ արդիւնքներուն՝ անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն ղեկավարները կ'որոշեն քաղաքական միութիւն մը հիմնել եւ այդ նպատակով պարբերաբար ժողովներ գումարել՝ միտքերու փոխանակման ու իրենց քաղաքականութիւններուն կարգաւորման նպատակով: Այս վեհաժողովէն ետք կը հիմնուի Ֆուշէի կոմիտէն:

Ֆուշէի կոմիտէին նախագիծերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2 Նոյեմբեր 1961-ին կը ներկայացուի առաջին նախագիծը, ըստ որուն՝ անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններու ղեկավարներուն կ'առաջարկուի քաղաքական միութիւն մը ստեղծել, որուն շնորհիւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան, մշակութային, գիտական, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն ու հիմնարար ազատութիւններուն վերաբերեալ կը համագործակցէին իրարու հետ: Խորհուրդը պէտք էր տարեկան 4 անգամ նիստ գումարէր, իսկ լրացուցիչ նիստ պէտք էր գումարուէր մէկ անդամ-պետութեան պահանջով: Որոշումները պէտք էր ընդունուէին միաձայնութեամբ: 18 Յունուար 1962-ին կը ներկայացուի երկրորդ նախագիծը, որ կը ներառէր միջ-պետական քաղաքական միութեան նախագիծին մէջ եւրոպական միացման տնտեսական տեսակէտերը:

Պելճիքա, Իտալիա, Լիւքսամպուրկ ու Հոլանտա կը մերժեն այս առաջարկները՝ պատճառաբանելով, որ անոնք կը վատթարացնէին Համայնքներուն անդրազգային բնոյթը: 2 օր ետք, Ֆրանսայի հինգ գործընկերները կ'առաջարկեն նոր պայմանագիրի մը նախագիծը, ըստ որուն՝ Խորհուրդը պէտք էր ձեւաւորուէր անդամ-երկիրներու ներկայացուցիչներէ, իսկ որոշումները պէտք էր ընդունուէին միաձայնութեամբ:

1969-ի Հաագայի եւ 1972-ի Փարիզի վեհաժողովները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուլիս 1969-ին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Մորիս Շումանն համաժողով մը կազմակերպելու առաջարկով հանդէս կու գայ, որուն ընթացքին անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններուն ղեկավարները պէտք էր քննարկէին Համայնքներու ընդլայման վերաբերող խորացումը: Նոյն տարուան 12 Փետրուարին յանձնաժողովին հրապարակած յուշագիրին մէջ կը սահմանուէր, որ 1 եւ 2 Դեկտեմբերին Հաագայի մէջ Նախարարներու խորհուրդը պէտք էր աշխատէր տնտեսական ու նիւթական միութեան նախագիծի մը ուղղութեամբ: 19-էն 21 Հոկտեմբեր 1972 Եւրոպական խորհրդարանին նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմպիտուի աջակցութեամբ Փարիզի վեհաժողովը կը գումարուի:

1973-ի Քոփենհակընի վեհաժողով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2 Նոյեմբեր 1973-ին Դանիայի վարչապետ Անկեր Եորգենսեն, Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմպիտուէն նամակ ստանալէն ետք, վեհաժողով մը կը գումարէ: Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդին հանդիպման ընթացքին կը համաձայնին, որ անհրաժեշտ քաղաքական ազդակ տրուի՝ համայնքային կառոյցներուն խրթին հարցերուն վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու համար: Միակ որոշումն այն էր, որ անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններուն ղեկավարները պէտք էր աւելի յաճախ հանդիպէին:

Եւրոպական խորհուրդի հռչակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1974-ին Եւրոպական խորհուրդի նիստերուն նոր անդամ-երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ կը մասնակցին, յատկապէս՝ Վալերի Ժիսկար-դ՛Էստեն եւ Հելմուտ Շմիդտ: Վերջիններս կը համարէին, որ Եւրոպական խորացած միաւորումը կարիք ունէր նիւթական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ ամուր քաղաքական յանձնառութեան: 9-10 Դեկտեմբեր 1974 տեւած Փարիզեան վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք՝ անդամ-երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումները յաճախակի կը դառնան: Տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուէր, որ եւրոպացի ղեկավարները կը փափաքէին սահմանափակել փորձագէտներու ազդեցութիւնը որոշումներու ընդունման ընթացակարգին մէջ՝ ընդհանուր նպատակներ սահմանելով եւ Եւրոպական հաստատութիւններուն բաւականաչափ հնարաւորութիւններ տալով: Այս վեհաժողովով կը ձեւաւորուի Եւրոպական խորհուրդը:

Պելճիքայի վարչապետ Վիլֆրիտ Մարտենսի ու Գերմանիոյ Հելմուտ Քոլի համատեղ նախագահութեամբ Եւրոպական խորհրդաժողով՝ Յունիս, 1987:

Լիզպոնեան պայմանագիրէն ի վեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիզպոնեան պայմանագիրով Եւրոպական խորհուրդին կը տրուի Եւրոպական միութեան հաստատութեան կարգավիճակ: Մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2009՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահութիւնը կը ստանձնէր իւրաքանչիւր անդամ-պետութեան գործադիր մարմինը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին հետ համատեղ եւ վեցամսեայ հերթափոխուող նախագահութեամբ (իւրաքանչիւր տարուան 1 Յունուարին եւ 1 Յուլիսին): Սակայն, Լիզպոնեան պայմանագիրով կը սահմանուի Եւրոպական խորհուրդին նախագահութեան յստակ կարգավիճակը: Առաջին նախագահը կը դառնայ Հերման Վան Ռոմպէյ՝ 1 Յունուար 2010-ին:

Եւրոպական խորհուրդի առաջին նախագահ Հերման Վան Ռոմպէյ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]