Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2022

ՄԱԿ-ի երկրորդ մեծ գրասենեակը՝ Ժընեւի մէջ, Նիւ Եորքի գլխաւոր գրասենեակէն ետք:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն, ՄԱԿ (ֆրանսերէն՝ Organisation des Nations Unies, ONU, անգլերէն՝ United Nations, UN), միջկառավարական կազմակերպութիւն մը, որ ստեղծուած է միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման եւ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար։

Կառոյցին գործունէութեան հիմքերը եւ ծրագիրը մշակուած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ հակահիթլերեան ուժերու միութեան յառաջատար անդամներու կողմէ։ «Միացեալ ազգեր» անուանումը առաջին անգամ օգտագործուած է 1 Յունուար 1942-ին եւ ստորագրուած՝ Միացեալ Ազգերու հռչակագիրին մէջ։

ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ժողովին ընթացքին, որ տեւած է Ապրիլէն Յունիս 1945, եւ ստորագրուած է 26 Յունիս 1945-ին՝ 51 պետութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ։ Կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելու տարին (24 Հոկտեմբեր 1945) կը նշուի իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան օր։ Ներկայիս ՄԱԿ-ին կ'անդամակցի 193 երկիր։ Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ․․․ Աւելին