Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/05

  • 21 Ապրիլին, Ս․ Զատկի օրը, Սրի Լանքայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուածներուն թիւը հասած է 310-ի, իսկ այդ հարցով ձերբակալուած կասկածելիներուն թիւը` 40-ի:
  • Փորթուկալի խորհրդարանը Ապրիլ 26-ին ընդունած է բանաձեւ` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ ընդունուած բանաձեւին՝ 1915-ի Ապրիլ 24-ին երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով բանտարկուած, ապա սպանուած են շուրջ 250 հայ մտաւորականներ եւ հասարակական առաջնորդներ: Կ'արձանագրուի, որ 800 հազարէն մինչեւ 1,5 միլիոն հայեր ցեղասպանութեան զոհ դարձած են:
  • Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս նշած է, որ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ, եթէ վերջինս շարունակէ Միջերկրական ծովուն արեւելեան շրջանին մէջ կազի որոնման աշխատանքները: