Ուեսթֆալիայի Խաղաղութիւն
Ուեսթֆալեան հաշտութիւն, 1648, կնքուած է երեսնամեայ պատերազմէն (1618-1648) յետոյ։ Կը միաւորուի 1648 թուականի 24 Հոկտեմբերին Ուեսթ-ֆալիայի (պատմական մարզ Գերմանիոյ մէջ):
Դաշնագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսնապրուկ եւ Միւնսթեր քաղաքներու մէջ կնքուած երկու հաշտութեան պայմանագիր՝ Օսնապրուկեան (մէկ կողմէն «Հռոմէական սրբազան կայսրութեան» կայսեր ու անոր դաշնակիցներուն եւ միւս կողմէն Շուէտի ու անոր դաշնակիցներուն միջեւ) եւ Միւնսթերեան (մէկ կողմէն կայսեր ու անոր դաշնակիցներուն եւ միւս կողմէ Ֆրանսայի ու անոր դաշնակիցներուն միջեւ)։
Երբեմն Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը կը վերագրեն խաղաղութեան հաշտութեան՝ Սպանիոյ եւ Նիտերլենտի միջեւ, որ կնքուած է 1648 թուականի 30 Յունուար-ին: Ատոր հետ մէկտեղ Հոլանտայի եւ Սպանիոյ միջեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին՝ 1625-1648 թուականներուն հետազօտողները կը համարեն միաժամանակ ե՛ւ երեսնամեայ, ե՛ւ ութսունամեայ պատերազմները։
Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը կը համարուի առաջին ժամանակակից դիւանագիտական համագումարի արդիւնքը։ Անիկա հիմք կը դնէ Եւրոպայի նոր կարգերուն։ Համաձայնագիրը անդրադարձած է Սրբազան Հռոմէական կայսրութեանը, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Շուէտի, Նիտերլենտներուն եւ անոնց գործակիցներուն։
Փիրէնեան հաշտութիւնը (Treaty of the Pyrenees), որ ստորագրուած է 1659 թուականին, վերջ կը դնէ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ պատերազմին եւ յաճախ կը դիտարկուի որպէս «ընդհանուր միասնութեան» վերջնական փուլը։
Համախմբման վայրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
(Հերտեր թեր Պոխի նկարը (1648 թուական)
Հաշտութեան մասին բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Ուեսթֆալիա պատմական տարածքին մէջ՝ Միւնսթերի կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Օսնապրուկի բողոքական եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան կայսեր եւ Շուէտի միջեւ խաղաղ պայմաններու մէջ դաւանանքային հաւասարութեան հիման վրայ քննարկումներ կատարելու նպատակով հրաւիրուած է Օսնապրուկի բողոքական եկեղեցին, իսկ կաթոլիկ կառավարութեան եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքելու նպատակով՝ Միւնսթեր։
Ֆրանսայի եւ Կապսպուրկներու միջեւ բանակցութիւնները սկսած են Քէոլնի մէջ 1636 թուականին, բայց դադրեցուած են գարտինալ Ռիշելիէի կողմէ։ Համպուրկի մէջ եւ Լիւպրքի մէջ Շուէտը եւ կայսրը բանակցութիւններ կը վարէին հաշտութեան գծով, բայց Շուէտը կ'ընդհատէ այդ գործընթացը եւ կը կնքէ Համպուրկեան համաձայնագիրը Ֆրանսայի հետ։
Այդ ընթացքին Սրբազան կայսրութիւնը եւ Շուէտը կը յայտարարեն Քէոլնի մէջ բանակցութիւններ եւ «Համպուրկի պայմանագիրը» ներածական մասն է համընդհանուր կարգաւորման համաձայնագրի, որ պէտք է կնքուէր երկու հարեւան քաղաքներու՝ Միւնտթերի եւ Օսնապրուկի միջեւ, որոնք բանակցութիւններու ժամանակ դարձան չէզոք եւ ապառազմականացուած։ Միւնսթերը 1535 թուականէն եղած է խիստ կաթոլիկական քաղաք։
Ուեսթֆալեան Հաշտութիւնը Ֆրանսայի եւ Շուէտի միջեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուեսթֆալեան հաշտութեան համաձայն «Հռոմէական սրբազան կայսրութիւնը» Շուէտին 5 միլիոն թալեր ռազմատուգանք վճարելէն բացի, տուած էր Ռիւկէն կղզին, ամբողջ (Western Pomerania) Արեւմտեան Փոմերանիան եւ Արեւելեան Փոմերանիայի մէկ մասը Շթեթթտին քաղաքով, Վիսմար քաղաքը եւ Պրեմէնի արքեպիսկոպոսութիւնն ու Վերտենի եպիսկոպոսութիւնը, որոնք կը վերածուէին աշխարհիկ իշխանութիւններու։ Այդպիսով Շուէտին անցան ո՛չ միայն Պալթիք, այլեւ Հիւսիսային ծովի կարեւորագոյն նաւահանգիստները։ Ֆրանսան վերջնականապէս իրեն միացուց լոթարինկեան Մեց, Թուլ եւ Վերտէն եպիսկոպոսութիւնները եւ ամբողջ էլզասը (առանց Սթրասպուրկի)։ Յաղթող տէրութիւնները՝ Ֆրանսան եւ Շուէտը յայտարարուեցան Ուեսթֆալեան հաշտութեան պայմանագրի իրականացման գլխաւոր երաշխաւորներ։ Յաղթող տէրութիւններու դաշնակից գերմանական իշխանութիւններ Պրանտենպուրկը, Մեքլենպուրկը, Պրաունշվայկ-Լիւնէպուրկը, Պաւարիան ստացան չնչին հողային փոխհատուցումներ ի հաշիւ աշխարհականացած եպիսկոպոսութիւններու ու վանքերու։
Պաւարիան ստացաւ Վերին Փֆալցը եւ քուրֆիւրսթութեան իրաւունք։ Ինքնուրոյն ճանչուեցան եւ կայսրութեան կազմէն դուրս եկան Զուիցերիան եւ Միացեալ նահանգներու հանրապետութիւնը (Հոլանտան)։ Գերմանիոյ իշխանները ստացան լիակատար անկախութիւն ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ (չէին կրնար կնքել արտաքին դաշինքներ կայսեր եւ կայսրութեան դէմ)։ Վեստֆալեան հաշտութեան պայմանագիրը ամրապնդեց եւ ուժեղացուց Գերմանիոյ քաղաքական մասնատուածութիւնը։ Կրօնի առումով Ուեսթֆալեան հաշտութեամբ Քալվինականներու (Calvinism) իրաւունքները հաւասարեցուեցան կաթոլիկներու ու լիւթերականներու իրաւունքներուն, օրինականացուեցաւ եկեղեցականներու հողերու աշխարհականացումը եւ այլն։ Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը ամրապնդելով հակահապսպուրկեան խմբաւորման նկատմամբ տարած յաղթանակը, ունեցաւ խոշոր միջազգային նշանակութիւն։ Ձախողեցան սպանական եւ աւստրիական Հապսպուրկներու գլխաւորութեամբ համաշխարհային «քրիստոնէական» կայսրութիւն ստեղծելու փորձը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի միջ բարեկարգութեան շարժումները ճնշելու, ինչպէս եւ միջին դասակարգի (bourgeois) Հոլանտայի հանրապետութիւնը հպատակեցնելու ծրագիրները։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ հաստատուեցաւ Ֆրանսայի երկարատեւ գերիշխանութիւնը։
Պատուիրակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միւնսթերի եւ Օսնապրուկի քոնկրեսին մէջ հաւաքուեր էին 135[1] դիւանագէտներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր երկիրներու հետաքրքրութիւնները։ Գլխաւոր անձերը եղած են՝
Ժառանգութիւն[4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պայմանագրերը ամբողջութեամբ չվերջացուցին երեսնամեայ պատերազմէն ծագած հակամարտութիւնները։ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ կռիւները շարունակուեցան մինչեւ 1659 թուականի Փիրենէեան պայմանագիրը։ Հոլանտա-փորթուգալական պատերազմը, որ սկսած էր Սպանիոյ եւ Փորթուգալի միջեւ Իպերական միութեան ժամանակ՝ իբրեւ իւթսունամեայ պատերազմի մէկ մաս, շարունակուեցաւ մինչեւ 1663 թուական։ Փորթուգալի վերականգնման պատերազմը նոյնպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 1668 թուական։ Այսուհանդերձ, Վեսթֆալեան հաշտութիւնը կարգաւորեց այդ ժամանակուան եւրոպական բազմաթիւ չլուծուած հարցեր [յղումի կարիք]։
Վեսթֆալեան գերիշխանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջազգային յարաբերութիւններու որոշ գիտնականներ Վեսթֆալեան հաշտութիւնը նկատած են իբրեւ սկզբնաղբիւր այն սկզբունքներուն, որոնք վճռորոշ են արդի միջազգային յարաբերութիւններուն համար, ներառեալ՝ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ չմիջամտելը ինքնիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն։ Այս դրութիւնը գրականութեան մէջ յայտնի դարձաւ որպէս «Վեսթֆալեան գերիշխանութիւն»։ Արդի պատմաբաններուն մեծամասնութիւնը վիճարկած է այս դրութեան կապը Վեսթֆալեան հաշտութեան հետ՝ զայն կոչելով «Վեսթֆալեան առասպել»։ Անոնք հերքած են այն տեսակէտը, թէ արդի եւրոպական պետական համակարգը սկիզբ առած է Վեսթֆալեան պայմանագիրերով։ Պայմանագիրերու բնագիրին մէջ չկայ որեւէ բան կրօնական ազատութեան, գերիշխանութեան կամ ուժերու հաւասարակշռութեան մասին, որ կարելի ըլլայ մեկնաբանել իբրեւ միջազգային օրէնքի սկզբունք։ Սրբազան Հռովմէական Կայսրութեան սահմանադրական կարգաւորումները միակ համատեքստն են, ուր բնագիրին մէջ կը յիշատակուին գերիշխանութիւնն ու կրօնական հաւասարութիւնը, սակայն անոնք նոր գաղափարներ չեն այս ծիրէն ներս։ Թէեւ պայմանագիրերը իրենց մէջ չեն պարունակեր ժողովուրդներու արդի օրէնքներուն հիմքերը, այսուամենայնիւ անոնք կը խորհրդանշեն Եւրոպայի մէջ կրօնական երկարատեւ հակամարտութիւններու շրջանի մը աւարտը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Meiern, Johann Gottfried von Acta Pacis Westphalicae. — Hanover, 1734. — С. 9 (I).
- ↑ Meiern, Johann Gottfried von Acta Pacis Westphalicae. — Hanover, 1734. — С. 231-232 (II).
- ↑ Breucker, G. Die Abtretung Vorpommerns an Schweden. — Halle, 1879.
- ↑ (անգլերեն) Peace of Westphalia, 2026-05-12, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Peace_of_Westphalia&oldid=1353764283, վերցված է 2026-05-19
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Крушение Вестфальской системы и становление нового мирового порядка статья заведующего кафедрой мировой политики ГУ-ВШЭ проф. С. В. Кортунова