Jump to content

Շուշմայ

շուշմայի հատիկներՇուշմայ բառը ասորերեն է

Շուշմայի(Բազմոստ ,Սուկնտիկ)

հատիկները Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ ունէին խորհրդանշական իմաստ եւ կը նկատուէին երկարակեցութեան գրաւական։

Ներկայիս եւս ունին  բժշկական բազմաթիւ եւ բազմապիսի յատկութիւներ ու յատկանիշներ։

Շուշմային սննդական արժէքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուշմայի հունտերը կը պարունակեն 55% իւղ, 21% փրոթէին, քալսիում, քիչ քանակով «Ի» եւ «Տ» կենսանիւթ։

Հարուստ է հակաօքիստաններով:

Պարունակած «Տ» ֆաքթորը կը բարձրացնէ արեան մածուցիկութիւնը։

Մեծ քանակութեամբ ֆիթոէսթրոժէն կը պարունակէ, որ շատ անհրաժեշտ է կանանց դաշտանադադարի շրջանին: Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլը, կը պարունակէ լիկնին, որ ունի հակաքաղցկեղային յատկութիւն:

Շուշման շատ իւղ կը պարունակէ, անոր 100 կրամը մօտաւորապէս 900 քալորի ունի:

Շուշմայի սերմերը շատ հարուստ են քալսիումով, օգտակար են ոսկրային հիւանդութիւններու եւ կոտրուածքներու պարագային: Կան տարբեր գոյներու շուշմաներ՝ սեւ, սրճագոյն, ոսկեգոյն, սպիտակ:

Սպիտակ շուշման պահել սառնարանը։

Դեղահատերու ձեւով սեւ սերմերու իւղը կ'ամրացնէ մազերը եւ եղունգները:

Հում վիճակի մէջ

Բոյսը

5-էն 10 կրամ շուշմայի հատիկ լաւապէս ծամել՝

  • Ստամոքսային եւ աղիքային անհանգստութիւններու պարագային,
  • մօր կաթը խթանելու եւ քանակը աւելցնելու համար,
  • դաշտանի անկանոնութիւններու պարագային,
  • մազերու գոյնը սեւցնելու համար,
  • տեսողութեան խանգարումներու պարագային:

Իբրեւ թէյ

Երկու թէյի դգալ շուշմայի հատիկ թեթեւ մը ճզմել, գաւաթ մը ջուր աւելցնել եւ եռացնել 10-20 վայրկեան: Օրական 2-3 գաւաթ խմել առանց քամոցէ անցընելու։

  • Մազերու գոյնին համար 2-էն երեք շաբաթ,
  • տեսողութեան խանգարումներու պարագային,
  • մօր կաթը խթանելու գամար,
  • դաշտանի անկանոնութեան պարագային:

Իբրեւ ձէթ (իբրեւ քսուք)

  • Մորթային հիւանդութիւններու (մասնաւորաբար ճեղքուածքի) պարագային,
  • պայթած պեներու պարագային,
  • այրուածքներու վրայ (աղի պաղ ջուրով լուալէ ետք),
  • գանկին վրայ՝ հերաթափութիւնը կեցնելու համար,
  • գիշերային չոր հազի պարագային, հանգիստ քնանալու համար ապուրի դգալ մը շուշմայի կամ ձիթապտուղի մաքուր ձէթ մեծ օգուտ կրնայ ունենալ. եթէ հազը շարունակուի՝ ի հարկին կարելի է երկրորդ դգալ մը եւս խմել:
Շուշմային ծաղիկը
  • Բորքոքած եւ ցաւող ականջներուն մէջ՝ մէկ-երկու կաթիլ գաղջ  ձէթ կաթեցնել.
  • Երբ ականջին ներքնամասը թեթեւ մոմակալած մաշկով մը պատուած է, ձէթը կը կակուղցնէ մոմակալած մաշկը, որմէ ետք աւելի հեշտ կ'ըլլայ մաքրել զայն ջուրով.
  • տեսողութեան զանազան խանգարումներու պարագային. այս նպատակին համար օգտագործել լաւագոյն որակի շուշմաձէթ (MITOKU Toasted Sesame Oil):

Շուշմաձէթ՝ կոճապղպեղի հիւթով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս խառնուրդը, իբրեւ քսուք, կարելի է օգտագործել յատկապէս հետեւեալ պարագաներուն`

  • Հերաթափութիւնը կասեցնելու եւ թեփերու պարագային,
  • օգտակար է յատկապէս մկանային յօդացաւերու եւ դէմքի ջղացաւերու համար,
  • շատ ազդու է զանազան գլխացաւերու պարագային,
  • այս խառնուրդը մեծապէս օգտակար է նաեւ ականջի բորբոքումներու համար այն աստիճան, որ անոր մէկ կաթիլն ագամ  կրնայ հանդարտեցնել բորբոքումը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ճիշդ Անունդ՝ Առողջ Կեանք, Բժշկուհի Գոհար Վարդանեան- Քէշիշեան, էջ 123