Շեմփանզէն

Շեմփանզէ մը, թուզ ուտելու պահուն:

Շեմփանզէն մեծ մարդակապիկ է, կեդրոնական եւ արեւմտեան Ափրիկէի մէջ:

Շեմփանզէներուն եւ պապուններուն (Baboon) Տի. Էն. Էյ.-ները նման են մարդոց Տի. Էն. Էյ.-ի 98,7 տոկոսին. բան մը, որ զիրենք կը դարձնէ մարդոց ամէնէն մօտ ապրող ազգականը: Մարդն ու շեմփանզէն թերեւս նոյն նախնիքը ունեցած են եօթնէն տասներեք միլիոն տարի առաջ[1]:

Շեմփանզէներ, Ուկանտայի մէջ

Շեմփանզէները կը նկատուին մոլորակի ամէնէն խելացի արարածներէն, եթէ ոչ ամէնէն խելացիները, գոնէ`լաւագոյններէն մէկը:

Անոնք ի վիճակի են լուծելու բազմաթիւ բարդ խնդիրներ: Շեմփանզէներու ուղեղի այն հատուածը, որ պատասխանատու է սորվելու եւ զարգացման, երբեք չի դադրիր աճելէ, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք այդքան փայլուն են, եւ այս մէկը յար ու նման է մարդոց պարագային:

Շեմփանզէներուն ծիներուն 96 առ հարիւրը մարդ արարածի ծիներուն նման են:

Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, գիտնականները հասած են այն եզրակացութեան, որ շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը մարդոց խօսելու ձեւին շատ մօտ է[2]: Այս շատ խելացի մարդակապիկները ունին շատ լաւ կազմուած հաղորդակցելու միջոց մը: Անոնք մարդոց նման բառեր չեն գործածեր, այլ ձեւերով` լեզուի տարբերակ մը: Անոնք իրենց ձեռքերով կ'ընեն շատ ճշգրիտ շարժումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի յատուկ նշանակութիւն մը. այս ձեւերը ուսումնասիրող գիտնականները հաշուած են յիսունութ ձեւ: Անոնք կը գործածեն նաեւ իրենց մարմինին կեցուածքը, դէմքին արտայայտութիւնները եւ ձայներ:

Շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը  ուսումնասիրելու համար անգլիացի գիտնականներ բազմաթիւ անգամներ դիտած են իրարու հետ հաղորդակցող կապիկներու վիտէօներ. ընդամէնը` երկու հազար: Գիտնականները նշմարած են անհաւատալի բան մը. վերը նշուած օրէնքները, որոնք վաւերական են աշխարհի բոլոր լեզուներուն համար, կը կիրարկուին նաեւ շեմփանզէներուն պարագային: Անոնց ամէնէն յաճախ գործածած բառերը ամէնէն կարճն են. եւ երբ շէմփանզէ մը կը գործածէ ձեւերու երկար շարք մը, անոնք ընդհանրապէս կարճ կ'ըլլան:

Մանուկները շեմփանզէներուն նման կը խնդան: Շեմփանզէները կը խնդան թէ՛ շնչած, թէ՛ ալ արտաշնչած ատեն, ասիկա կը նշանակէ, որ մանուկներուն խնդուքը շատ աւելի նոյնանման է կապիկներուն խնդուքին, քան` մարդոց խնդուքին:

4300 տարի առաջ խելացի շեմփանզէներ արդէն կը գործածէին քարէ «գործիքներ»` ընկոյզներու կեղեւները կտրելու համար: Անոնք տակաւին այսօր կը գործածեն այս նոյն հնարքը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]