Ուկանտա
Ուկանտա, պաշտօնապէս Ուկանտայի Հանրապետութիւն (սուահիլի՝ Jamhuri ya Uganda), ծով ելք չունեցող երկիր է, Արեւելեան Ափրիկէ։ Երկիրը արեւելքէն սահմանակից է Քենիային, հիւսիսէն՝ Հարաւային Սուտանին, արեւմուտքէն՝ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան, հարաւ արեւմուտքէն՝ Ռուանտային, իսկ հարաւէն՝ Թանզանիային։ Երկրի հարաւային մասը կը ներառէ Վիքթորիա լիճի զգալի մասը, որ կը կիսէ Քենիայի եւ Թանզանիայի հետ: Ուկանտան կը գտնուի Ափրիկէի մեծ լիճերու տարածաշրջանին մէջ: Ուկանտան նոյնպէս կը գտնուի Նեղոսի աւազանին եւ ունի բազմազան, բայց ընդհանուր առմամբ փոփոխուած հասարակածային կլիմայ: Այն ունի աւելի քան 45,74 միլիոն[5] բնակչութիւն, որոնց 3,65 միլիոնը կ'ապրի մայրաքաղաքին մէջ,[6] Քամբալա։
Ուկանտան կոչուած է Պուկանտայի թագաւորութեան պատուին, որ կ'ընդգրկէ երկրի հարաւի մեծ մասը, բովանդակելով մայրաքաղաքը՝ Քամբալան:
1894 թուականէն սկսեալ տարածքը կառավարուած էր Մեծ Բրիտանիայի կողմէ, որու վարչական օրէնսդրութիւնը կը սահմանէր բոլոր տարածքը։ Ուկանտան Մեծ Բրիտանիայէն անկախութիւնը ստացած է 1962 Հոկտեմբեր 9-ին:
Պաշտօնական լեզուն անգլերէնն է, թէեւ Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ, որ «որեւէ այլ լեզու կրնայ գործածուիլ իբրեւ դասաւանդման միջոց դպրոցներու կամ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ, կամ օրէնսդրական, վարչական ու դատական նպատակներով, ինչպէս որ նախատեսուած է օրէնքով»։
Լուկանտան՝ երկրի կեդրոնական տարածաշրջանի լեզուն, լայնօրէն կը խօսուի կեդրոնական եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ։ Կան նաեւ քանի մը այլ լեզուներ, որոնցմով կը խօսին, ինչպէս՝ աթեսօ, լանկօ, աչոլի, ռունեորօ, ռունեանքոլէ, ռուքիկա, լուօ, ռութոորօ, սամիա, ժոփատոլա եւ լուսոկա։ 2005-ին սուահիլին, որ օտար եւ չէզոք լեզու կը նկատուի, առաջարկուեցաւ իբրեւ Ուկանտայի երկրորդ պաշտօնական լեզուն, սակայն անիկա տակաւին պէտք է վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ։ Այդուհանդերձ, 2022-ին Ուկանտան որոշեց սուահիլին դարձնել պարտադիր առարկայ դպրոցական ծրագիրին մէջ։
Ուկանտայի ներկայիս նախագահն է Եովերի Քակութա Մուսեւենին, որ իշխանութեան գլուխ անցաւ 1986-ի Յունուարին՝ վեց տարի տեւած պարտիզանական պատերազմէ մը ետք։ Սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, որոնք ջնջեցին նախագահի պաշտօնավարման սահմանափակումները, ան կարողացաւ թեկնածութիւնը առաջադրել եւ ընտրուիլ 2011-ի, 2016-ի եւ 2021-ի համապետական ընտրութիւններուն։
Պատմութիւն[7]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախագաղութային Ուկանտա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուկանտայի մեծ մասը բնակեցուած էր Կեդրոնական Սուտանեան եւ Քուլիաք լեզուներով խօսող հոգեագործներու ու անասնապահներու կողմէ մինչեւ 3000 տարի առաջ, երբ հարաւէն հասան Պանթու լեզուակիրները, իսկ հիւսիս-արեւելքէն՝ Նիլոթեան լեզուակիրները։ Մինչեւ Ք.Ա. 1500 թուականը, անոնք բոլորը ձուլուեցան Էլկոն լեռէն, Նեղոս գետէն եւ Քիոկա լիճէն հարաւ գտնուող Պանթուախօս մշակոյթներուն հետ։ Ըստ բանաւոր աւանդութեան եւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու՝ Քիթարայի կայսրութիւնը կը տարածուէր Մեծ Լիճերու տարածաշրջանի զգալի մասին վրայ՝ հիւսիսային Ալպերթ եւ Քիոկա լիճերէն մինչեւ հարաւային Վիքթորիա եւ Թանկանիքա լիճերը։ Քիթարան կը համարուի Թոորօ, Անքոլէ եւ Պուսոկա թագաւորութիւններու նախահայրը։ Որոշ Լուօ ներխուժողներ գրաւեցին Քիթարան եւ ձուլուեցան տեղի Պանթու հասարակութեան հետ՝ հիմնելով Պունյորօ-Քիթարայի ներկայիս Օմուքամայի (քանոնաւորի) Պիիթօ հարստութիւնը։
1830-ական թուականներուն, Հնդկաց ովկիանոսի ափամերձ շրջաններէն արաբ վաճառականներ մտան երկիր՝ առեւտուրի նպատակով։ 1860-ականներու վերջաւորութեան, Միջին-Արեւմտեան Ուկանտայի Պունյորօ թագաւորութիւնը հիւսիսէն վտանգուեցաւ Եգիպտոսի կողմէ հովանաւորուող գործակալներու կողմէ։ Ի տարբերութիւն արաբ վաճառականներուն, որոնք միայն առեւտուր կ'ընէին, այս գործակալները կը ձգտէին օտար տիրապետութեան։ 1869-ին Եգիպտոսի խտիւ (փոխարքայ) Իսմայիլ Փաշան, նպատակ ունենալով իրեն միացնել Վիքթորիա լիճէն հիւսիս եւ Ալպերթ լիճէն արեւելք գտնուող տարածքները, բրիտանացի հետախոյզ Սամուէլ Պէյքըրը ուղարկեց ռազմական արշաւախումբով դէպի Հիւսիսային Ուկանտա։ Նպատակն էր ճնշել ստրկավաճառութիւնը եւ ճամբայ բանալ առեւտուրի ու «քաղաքակրթութեան» համար։
Պանյորօ ժողովուրդը դիմադրեց Պէյքըրին, որ ստիպուած եղաւ ծանր ճակատամարտ մղել նահանջելու համար։ Պէյքըր այս դիմադրութիւնը համարեց դաւաճանութիւն եւ իր գիրքին մէջ խստօրէն քննադատեց Պանյորօները, ինչ որ մեծ արձագանգ գտաւ Բրիտանիոյ մէջ։ Յետագային, երբ բրիտանացիները հասան Ուկանտա, անոնք նախապաշարուած էին Պունյորօ թագաւորութեան դէմ եւ զօրավիգ կանգնեցան Պուկանտայի թագաւորութեան։ Այս պատճառով Պունյորոն կորսնցուց իր տարածքներուն կէսը, որոնք բրիտանացիները որպէս պարգեւ տուին Պուկանտային։ Այս «կորսուած գաւառներէն» երկուքը միայն անկախութենէն ետք վերադարձուեցան Պունյորոյին։
1860-ականներուն, երբ արաբները ազդեցութիւն կը փնտռէին հիւսիսէն, բրիտանացի հետախոյզները, որոնք կը փնտռէին Նեղոսի ակունքները, հասան Ուկանտա։ Անոնց հետեւեցան բրիտանացի անկլիքան առաքելականները (1877) եւ ֆրանսացի կաթողիկէ առաքելականները (1879)։ Այս իրավիճակը յանգեցուց 1885-ին «Ուկանտայի նահատակներու» սպանութեան՝ Մութեսա Ա.-ի մահէն եւ անոր քրիստոնեայ-հալածող որդիին՝ Մուանկայի իշխանութեան գալէն ետք։
1886-էն սկսեալ Պուկանտայի մէջ տեղի ունեցան կրօնական պատերազմներ՝ նախ մուսուլմաններու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, իսկ 1890-էն՝ բողոքականներու («պա-Ինկլեզա») եւ կաթողիկէներու («պա-Ֆրանսա») միջեւ։ Այս խմբաւորումները կոչուած էին այն կայսերական տէրութիւններու անունով, որոնց հետ դաշնակից էին։ Ներքին խռովութիւններու եւ ելեւմտական ծանրութեան պատճառով՝ Բրիտանական Արեւելեան Ափրիկէի ընկերութիւնը (IBEAC) յայտարարեց, որ այլեւս չի կրնար պահել իր ներկայութիւնը շրջանին մէջ։ Բրիտանական առեւտրական շահերը կը պահանջէին պաշտպանել Նեղոսի առեւտրական ուղին, ինչ որ դրդեց Բրիտանիոյ կառավարութեան 1894-ին պաշտօնապէս միացնել Պուկանտան եւ յարակից տարածքները՝ ստեղծելով Ուկանտայի հովանաւորութիւնը (Protectorate)։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 6 // Constitution of the Republic of Uganda, 1995. — Parliament of Uganda: 1995.
- ↑ https://www.macrotrends.net/countries/UGA/uganda/population-growth-rate
- ↑ https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2020f/africa
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ «Uganda Population 2022 (Demographics, Maps, Graphs)»։ worldpopulationreview.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-13
- ↑ «Kampala Population 2022 (Demographics, Maps, Graphs)»։ worldpopulationreview.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-13
- ↑ (անգլերեն) Uganda, 2026-04-16, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Uganda&oldid=1349247219, վերցված է 2026-04-17