Պապունները
Պապունները մեծապէս խելացի կապիկներ են, որոնք արժէքաւոր կը նկատեն իրենց յարաբերութիւնը իրենց ընտանիքին հետ, բայց ունին վատ յիշողութիւն:
Մարմինին երկայնքը 75-80 սմ է, պոչինը՝ 50-60 սմ, կշիռքը՝ մինչեւ 30 քկ։ էգերը գրեթէ երկու անգամ թեթեւ են արուներէն։ Դունչը երկար է՝ զարգացած ժանիքներով։ Առջեւի եւ ետին վերջաւորութիւնները գրեթէ հաւասար են, թաթերը՝ կարճ։ Քթանցքերը լայն են՝ տեղադրուած դունչին ծայրը։ Մորթը մուգ մոխրագոյն է, երկար բուրդով։ Նստատեղի կոշտուկները մեծ են եւ վառ գունաւոր։
Կենսաբանները պարզած են, որ պապունները կրնան տրամաբանօրէն հասկնալ բառ ու լեզու:
Պապուններուն մեծամասնութիւնը կ'ապրի գետինը եւ կ'ուտէ տարբեր կերակուրներ, ինչպիսիք են` պտուղները, արմատները, կոճղերը եւ այլ միջատներ: Հինգէն մինչեւ 200 կամ աւելի պապուն կարելի է գտնել անոնց մէկ խումբին մէջ, որ ընդհանրապէս կազմուած կ'ըլլայ էգերէ ու երեխաներէ եւ քանի մը «անցողակի» արուներէ:
Սեռական հասունացման շրջանին արու պապունները կը հեռանան իրենց ծննդեան խումբէն: Ի հակադրութիւն` էգերը կը մնան իրենց ծննդեան խումբին հետ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Անոնք սովորաբար կ'ապրին 20-30 տարի, բայց կրնան նոյնիսկ գոյատեւել մինչեւ 40 տարի[1]: