Jump to content

Շարլ Ազնաւուրի արձան

Շարլ Ազնաւուրի Արձան Կիւմրիի մէջ
'
Շարլ Ազնաւուրի արձանը գտնվում է Հայաստանում
Շարլ Ազնաւուրի արձան
Կը Գտնուի Հայաստան Հայաստան Կիւմրի, Շարլ Ազնաւուրի հրապարակ
Շինարար Քանդակագործ` Սամուէլ Պետրոսեան
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Շարլ Ազնաւուրի արձան, յուշարձան Կիւմրիի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ։ Տեղադրուած է 22 Սեպտեմբեր 2001-ին։ Արձանը ընդգրկուած է Կիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Արձանին բացման անձամբ ներկայ գտնուած է Շարլ Ազնաւուրը[1]:

Արձանին տեղադրման նախաձեռնութիւնը եղած է 1996-ին, 1997-ին մեկնարկած են աշխատանքները, իսկ 2001-ին տեղի ունեցած է արձանին հանդիսաւոր բացումը: Բացման արարողութեան ժամանակ Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Փիրումեան բարձր գնահատած է 1988-ի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման համար եւ հայ ժողովուրին դժուար պահուն անոր սատարելու Ազնաւուրի ծառայութիւնը: Ապա յայտարարուած է Կիւմրիի աւագանիի որոշումը՝ Աստղի հրապարակը Շարլ Ազնաւուր վերանուանելու եւ անոր՝ Կիւմրիի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհելու մասին:[2]

Ազնաւուրի արձանը կանգնած է կրանիթէ պատուանդանի վրայ։ Անոր թիկունքին կառուցուած է կամար մը, որուն ճարտարապետը Արթիւր Թարխանեանն է, որ նոյնպէս ներկայ գտնուած է արձանին բացման հանդիսութեան:

Արձանին ընդհանուր բարձրութիւնը պատուանդանի հետ միասին կը կազմէ 6 մեթր 70 սմ: Արձանը պրոնզաձոյլ է, իսկ պատուանդանը՝ կրանիթ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]