Jump to content

Շահ Ռոխ Խան

Շահ Ռոխ Խան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Badshah of Bollywood, King of Bollywood եւ King Khan
Ծնած է 2 Նոյեմբեր 1965(1965-11-02)[1][2][3] (59 տարեկան)
Ծննդավայր Նիւ Տելհի, Հնդկաստան
Քաղաքացիութիւն  Հնդկաստան
Կրօնք Իսլամութիւն[4]
Ուսումնավայր Դրամատիկական ազգային դպրոց?
Ջամիա Միլլիա Իսլամիա?
Դելիի համալսարան?
Մասնագիտութիւն հեռուստահաղորդավար, դերասան, հեղինակ, ժապաւէն արտադրող, պարող, շարժապատկերի դերասան, Հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրող, հեռատեսիլի դերասան
Վարած պաշտօններ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան
Ամուսին Գաուրի Խան?
Ծնողներ հայր՝ Taj Mohammed Khan?[5], մայր՝ Lateef Fatima?[5]
Երեխաներ Արյան Խան?, Սուհանա Խան? եւ Աբրամ Խան?

Շահ Ռոխ Խան, (2 Նոյեմբեր 1965(1965-11-02)[1][2][3], Նիւ Տելհի, Հնդկաստան քաղաքին մէջ):

Շատ անգամներ անոր անունը կը կրճատեն իր անուան առաջին 3 տառերով (SRK), ան Պոլիուտեան դերասան, պարող եւ արտադրիչ է, եւ շատ նշանաւոր հնդիկ գործարար ան ունի նաեւ հնդկաստանի Քրեքիթի Գոլգաթա Նայդ Րայտըրզ խումբի գերազանցութեան իրաւունքի սեփականութիւնը: Ան կը նկատուի աշխարհի  ամենահարուստ դերասաններեն մէկը, անոր հարստութիւնը կ'արժեւորուի  600$ միլիոն Ամերիկեան  տոլար:

Ան իր դերասանական ասպարեզը սկսաւ 80-ական թուականներուն վերջերը մասնակցութիւն բերելով շատ մը հնդկական հեռուստացույցի հաղորդաշարներու  որմէ էին «Fauji» եւ «Dariya Dil» 1988 եւ 1989, եւ անոր վերջին հաղորդաշարը եղաւ «Idiot» 1991-ին, սակայն ան իր հռչակը առաւ իր առաջին Պոլիվուտեան ֆիլմով «Deewana», որ շատ մեծ առեւտրային յաջողութիւն արձանագրեց եւ որուն պատճառով ան շահեցաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակը, եւ այսպիսով շարունակուեցաւ անոր յաջողութիւնները շատ մը ֆիլմերու մէջ  եւ ունեցաւ լայնատարած հռչակ:

1999-ին ան ուղղուեցաւ ֆիլմերում արտադրութեան եւ հեռուստացուցային ներկայացումներու Ճուհի Չաուլայի եւ բեմադրիչ Ազիզ Միրզայի հետ, ընկերակցելով Unlimited Dreams արտադրողական ընկերութեան, 2003-ին «Chalte Chalte» ֆիլմը մեծ յաջողութիւն արձանագրելէ ետք այս ընկերակցութիւնը կ'աւարտի, որմէ ետք Շահ Ռոխ Խանը կը հիմնէ իր անձնական ֆիլմերում արտադրողական ընկերութիւնը որ կոչուեցաւ  Red Chillies Entertainment ընկերակցութեամբ իր կնոջ Կորի Խանի հետ. Շահ Ռոխ Խանի ֆիլմերը շատ մեծ առեւտարային յաջողութիւններ արձանագրեցին եւ ունեցան տեղական եւ համաշխարհային հռչակ, որուն ամենահռչակաւոր ֆիլմերեն եղաւ «Dilwale Dulhania Le Jayenge» (1995), «Dil To Pagal Hai» (1997), «Kuch Kuch Hota Hai»(1998), «Kabhi Khushi Kabhi Gham» (2001), «Devdas», «Veer-Zaara», «My Name Is Khan», «Chennai Express», «Happy New Year», «Dilwale» (2015), «Raees» (2017) որոնք ձգեցին որ ան դառնայ հնդկական Սինեմայի աստղերեն մէկը եւ շահի մօտաւոր 211 մրցանակ եւ 14 Filmfare-ի մրցանակ որմէ ութն ամենալաւ դերասանի մրցանակներէն է:

Շահ Ռոխ Խանը կը նկատուի իր դարու դերասանութեան առասպելներէն մէկը, որուն պատճառով ալ հնդկական մամուլը անոր անուանեց «Պոլիուտի Թագաւոր» եւ կամ շատ անգամներ «Թագաւոր Խան», Լոս Անճլոսի թերթը անոր նկարագրեց որպէս Համաշխարհային Ամենամեծ Դերասաններէն , եւ 2005-ին Հնդկաստանի կառավարութիւնը անոր պատուեց Պատմաշրի  մրցանակով, հնդկական սինեմայի մէջ անոր դերակատարութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ Նիւեորքի պարբերաթերթը անոր դրաւ աշխարհի 50 ամենաշատ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու ցանկին մէջ, այդ պատճառով թէ որքան շատ ազդեցութիւն ունի Ասիայի եւ Հնդկաստանի եւ տարբեր աշխարհի երկիրներուն մէջ ի պատիւ իր համեստութեան եւ անոր մեծ դերասանակն ձիրգին Պոլիվուտի մէջ որուն ընդհանուր արւեստի թիւը հասաւ 80 Պոլիվուտեան ֆիլմերու, 8  հեռուստացուցական հաղորդաշարներու:

Վաղ եւ Ընտանեկան Կեանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահ Ռոխ Խանը ծնած է 2 Նոյեմբեր 1965-ին, Նիւ Տելհիի մէջ,[6] Իսլամ ընտանիքի մէջ, ան իր կեանքի առաջին հինգ տարիները անցուց Մալնկորի մէջ իր մօր մեծ հօր՝ Ըֆդիխար Ահմատի հետ, որ կը նկատուէր նաւահանգիստի ամենամեծ ճարտարապետներէն մէկը:[7] Ինչ որ կը նկատուի թէ Շահ Ռոխ Խանի հոր մեծ հայրը՝ Մուհամմատը Աֆղանիստանէն էր։ Անոր հայրը Միր Դաճ Խանը կը մահանայ 1981-ին,[8] իսկ մայրը 1991-ին: Ան ամուսնացաւ Կորի Չիբըրի հետ որ Պանճապի հնդիկ կը նկատուի, եւ անոնց հարսանիքը եղաւ շատ մեծ աւանդական հարսանիք 25 Հոկտեմբեր 1991-ին:[9][10] Ունի 3 զաւակ Արիանը որ ծնած է 1997-ին,[11] Սուհանան որ ծնած է 2000-ին, իսկ 2013-ին անոնք ունեցան 3-րդ զաւակ մը որուն անունը դրին Աբրամ (Աբրահամ):

Դերասանակ Ասպարեզը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահ Ռոխ Խանի առաջին դերակատարութիւնը եղաւ հեռուստացուցային հաղորդաշարի՝ «Dil Dariya»-ին մէջ, 1988-ին, սակայն ան հռչակ ստացաւ 1989-ի «Fauji»  հաղորդաշարով: Ան նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերաւ «Umeed» (1989) եւ «Circus» (1989–90) հաղորդաշարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անգլերէն լեզուով հեռուստացուցային ֆիլմի՝ «Which Annie Gives It Those Ones» (1989):[12] Այսույանդերձ ան երբեք չէր մտածեր ֆիլմերու մէջ դերասանութեան մասին, րորէհետեւ կը կարծէր թէ ան շատ լաւ չէր պատրաստուած դեռ:

1991-ին՝ երբ իր մայրը մեռաւ,[13] ան իր միտքը բոլորովին փոխեց, եւ Տէլհիէն փոխադրուեցաւ Մոմպէյ սկսելու իր դերասանական ասպարեզի Պոլիվուտեան ֆիլմերուն մէջ, եւ շատ քիչ ժամանակէն ան արդէն ստորագրած էր չորս ֆիլմերու պայմանագրեր: Անոր առաջին ֆիլմը Հէմա Մալինիի  «Dil Aashna Hai» ֆիլմն էր,[14][15] Սակայն ան հռչակ ստացաւ «Deewana» ֆիլմի մէջ իր դերակատարութեամբ,[16] ուր կը դերակատարէր երկրորդական դեր մը Ռիշի Գաբուրի եւ Տիվիա Պհարդիի կողքին: Այս ֆիլմին մէջ իր կատարած լաւագոյն դերկատարութեան համար ան ստացաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակը:[17] Անոր յաջորդող ֆիլմերը եղան «Chamatkar» եւ  «Raju Ban Gaya Gentleman»-ը: Վերջին ֆիլմին մէջ անոր ընկերակցեցա Ճուհի Չաուլան:

1993-ի «Darr» եւ «Baazigar» ֆիլմերուն մէջ իր ունեցած ոճրագործական դերակատրութեամբ ան գերազանցուեցաւ:[18]«Darr» ֆիլմը անոր եւ բեմադրիչ Եաշ Չոբրայի եւ իր Yash Raj Films ընկերութեան համագործակցութեան նշանն էր, Այս ֆիլմի նախադասութիւններէն մէկը որն էր «Կը սիրեմ Քեզի Ք Ք Ք Քիրան» շատ մեծ հռչակ առաւ եւ գործածուեցաւ շատ մը տեղեր: Ան այս ֆիլմով արժանացաւ Filmfare-ի ամենալաւ բացասական դերասանի մրցանակին:[19] Իսկ «Baazigar» ֆիլմին մէջ ան խաղցաւ տղու մը դերը որուն կեանքը վրեժխնդրութեամբ լեցուած էր, հետեւեալ ֆիլմը շատ մեծ տաղտուկ առաջացուց դիտողներուն մէջ, իր մէջ պարունակող սարսափելի վայրագութեան, որ կը խախտէր Պոլիվուտի չափանիշերը: Ան այս ֆիլմով ստացաւ Filmfare-ի լաւագոյն դերասանի մրցանակը, այս ֆիլմը կը նկատուէր առաջին համագործակցութիւնը Շահ Ռոխ Խանի եւ Քաճուլի, որմէ ետք հանդէս եկան բազմաթիւ ֆիլմերով:

1994-ին ան ունեցաւ երաժիշտի դերակատարութիւնը «Kabhi Haan Kabhi Naa» ֆիլմին մէջ, որմէ ետք արտայատուեցաւ թէ այս դերակատարութիւնը իր ամենասիրածն է: Այս ֆիլմին պատճառով ան արժանացաւ Filmfare-ի լաւագոյն դերակատրութեան մրցանակին: Նոյն տարին ան ստացաւ Լաւագոյն բացասական դերասանի մրցանակը «Anjaam» ֆիլմով, որուն դերակատրաներէն էին Մատհուրի Տիքշիդ եւ Տիբաք Դիճորի:

Շահ Ռոխ Խան եւ Քաճոլ կը տօնեն իրենց ֆիլմի՝«Dilwale Dulhania Le Jayenge» 1000 շաբաթը

1995-ին Շահ Ռոխ Խանը փայլեցաւ 7 ֆիլմերով, որուն առաջինն էր Ռաքիշ Ռոշանի Մելոտրամական ֆիլմը որն էր «Karan Arjun», անոր հետ դերասանեցին Սալման Խանը եւ Քաճուլը եւ ֆիլմը հանդիսացաւ այդ տարուայ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն մէկը:[20] Նոյն տարուայ անոր երկրորդ մեծ գործերէն էր բեմադրիչ Ատիդիա Չոփրայի, «Dilwale Dulhania Le Jayenge» ֆիլմը, անոր հետ կ'ընկերակցէր Քաճուլը որ ֆիլմի հերոսուհին էր։ Անոր դերը եղաւ հնդիկ տղու մը դերը որ կ'ապրէր օտար երկրի մէջ եւ կը ծանօթանայ Քաճուլի կատարած անձնաւորութեան դէպի Եւրոպա պտոյտի ժամանակ: Ֆիլմը հռչակուեցաւ որպէս լաւագոյն եւ ամենաշատ ընդունելիութիւն գտնող ֆիլմը, ինչ որ կը վերաբերի դրամական մուտքերուն՝ ֆիլմը վաստակեց աւելի քան ₹1.22 Պիլիոն ,(18 միլիոն ամերիկեան տոլար)[21] աշխարհի չորս կողմերէն,հնդկական սինեմայի պատմութեան մէջ ան կը նկատուի ամենաշատ ցուցադրուած ֆիլմերէն մէկը, ան տակաւին կը ցուցադրուէր Մոմպէյի Մարդա Մունտիր բեմին վրայ՝ ֆիլմի առաջին ցուցադրութեան 1000 շաբաթներ ետք՝ 2015-ի սկիզբները:[22][23] Ֆիլմը ստացաւ տասը մրցանակներ, որմէ էին Շահ Ռոխ Խանի երկրորդ Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը:

1996-ին Շահ Ռոխ Խանի ֆիլմերը առեւտրային ձախողութիւն ունեցան, սակայն յաջորդ տարին, «Yes Boss» ֆիլմը ձգեց որ ան շահի տարուայ լաւագոյն Դերասանի մրցանակը, հետեւեալ ֆիլմի հերոսուհին որ ընկերակցեցաւ Շահ Ռոխ Խանի Ճուհի Չաուլան էր:

1997-ին ան դերակատարեց երաժիշտի դերը «Pardes» ֆիլմին մէջ։ Նոյն տարին ան երկրորդ անգամ ընկերակցեցաւ Եաշ Չոբրային «Dil To Pagal Hai» ֆիլմով, դերակատարութեան անոր ընկերակցեցան Մատհուրի Տիքշիդ եւ Գարիշմա Գաբուրը, ֆիլմը մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ այսպիսով Շահ Ռոխ Խանը ձեռք բերաւ իր երրորդ Տարուայ Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը:

1998-ին ան հանդէս եկաւ զոյգ անձնաւորութիւններ ներկայացնելով մէկ ֆիլմի մէջ, ֆիլմը կը կոչուէր «Duplicate», անոր ընկերակցեցան Ճուհի Չաուլան եւ Սոնալի Պանտր: Ֆիլմը շատ մեծ յաջողութիւն չգտաւ, բայց բոլոր հնդկաստանը նկարագրեց անոր դերակատարութիւնը որպէս աշխոյժ դերակատարութիւն: Նոյն տարին Շահ Ռոխ Խանը հանդէս եկաւ որպէս հնդկաստանի ձայնասփիւռի թղթակից, որ կը զարգացնէ ահաբեկչական զարմանքը «Dil Se» ֆիլմով եւ երրորդ բաժինը վախնալիք ֆիլմի: Եւ անոր վերջին ֆիլմը որուն մէջ հանդէս եկաւ այս տարուան ընթացքին գարան Ճոհարին բեմադրած «Kuch Kuch Hota Hai» ֆիլմը, որուն մէջ կը ներկայացներ համլսարանական աշակերտի դերը որ կը սիրէ Քաճուլի եւ Րանի Մուքերճիի դերակատարած անձնաւորութիւնները: Շահ Ռոխ Խանը շահեցաւ Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը:

Իր դերակատարութիւն այս տարիներուն ընթացքին, իրեն մեծ հռչակ տուին եւ սիրուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ՝ մանաւանդ երիտասարդներուն:

1999-ին Շահ Ռոխ Խանը ունեցաւ միայն մէկ ֆիլմ որն էր՝ «Baadshah»-ը, անոր ընկերակցեցաւ Դուինքլ Խաննան: Այս ֆիլմին մէջ իր գտած լաւ կատակերգական դերասանութեան համար, անոր անունը առաջարկուեցաւ Filmfare-ի Ամենալաւ կատակերգական դերասանի մրցանակինյ սակայն ան մրցանակը չշահեցաւ: 1999-ին ան սկսաւ արտադրական աշխատանք, եւ հիմնեց Dreamz Unlimited արտադրական ընկերութիւնը Ճուհի Չաուլայի եւ Ազիզ Միրզայի ընկերակցութեամբ: Հետեւեալ ընկերութեան առաջին արտադրութիւնն էր «Phir Bhi Dil Hai Hindustani» ֆիլմը, որ արտադրուեցաւ 2000 թուականին, Շահ Ռոխ Խանի եւ Ճուհի Չաուլայի դերակատարութեամբ,հետեւեալ ֆիլմը շատ ձախող նկատուեցաւ: Նոյն տարին, ան երկրորդական դեր մը ունեցաւ «Hey Ram» ֆիլմին մէջ:

2001-ին Dreamz Unlimited-ը կրկին անգամ արտադրեց ֆիլմ մը, որուն աննուն էր «Aśoka»: Ֆիլմը կը ներկայացնէր հնդկաստանի տիքթաթոր Աշոքային կեանքը: Ֆիլմը յաջողութիւններով դուրս չեկաւ, բայց ան ցուցադրուեցաւ Venice Film Festival եւ 2001 Toronto International Film Festival-ներուն մէջ։ Այս ցախողութիւններէն ետք ան ստիպուեցաւ գոցել իր ընկերութիւններէն մէկը, որ կ'աշխատէր Dreamz Unlimited-ի կողքին, ան կը կոչուէր srkworld.com: 2001-ի Դեկտեմբերին անոր առաջարկուեցաւ դեր մը Քրիշնա Վամսիի ֆիլմ՝ «Shakti: The Power»-ին մէջ։ Ան յոժարեցաւ, սակայն այս ֆիլմի իր դերակատարութիւններու ժամանակ, ան իր ողնաշարը վնասեց: Այս վնասուացքը իրեն շատ ցաւեր կը պատճառէր դերակատարման ժամանակ: 2003-ի սկիզբները ողնաշարի ցաւը սաստկացաւ եւ ան պարտաւորուեցաւ գործողութեան դիմել Wellington հիւանդանոցին մէջ, որ կը գտնուէր Լոնտոն:

Այս պատահածէն երեք տարիներ առաջ՝ 2000-ին, ան դերասանեց Ատիդիա Չոբրայի «Mohabbatein» ֆիլմին եւ 2001-ին Գարան Ճոհարի բեմադրած ֆիլմ՝ «Kabhi Khushi Kabhi Gham» ֆիլմին մէջ։ Երկու ֆիլմերուն մէջ կ'ընկերակցէր Ամիդապ Պաչչանի հետ, երկու ֆիլմերուն մէջ ալ անոնք իրար հանդէպ հարցեր ունէին: Վերջին երկու ֆիլմերով ան շատ մեծ հռչակ ստացաւ եւ անոնք իրեն ձգեցին որ ան շահի Fimfare-ի քննադատողներու լաւագոյն դերասանի բաժակը:«Kabhi Khushi Kabhi Gham»-ը նկատուեցաւ այդ տարուայ եւ յաջորդող չորս տարիներու ամենաշատ նուաճումներ բերող ֆիլմերէն մէկը:

Շահ Ռոխ Խաը եւ Աշուարիա Րայը իրենց ֆիլմ՝«Devdas»-ի խտասալիկներու արտադրման ժամանակ

2002-ին ան խաղցաւ Սանճէյ Լիլա Պհանսալիի ֆիլմի մէջ, ուր ան դերակատարեց խմիչքի մոլութեամբ տառապող տղու մը դերը: Ֆիլմը կը կոչուէր «Devdas»: Անոր ինկերակցեցան Աշուարիա Րայ Պաչչանը, Ճագի Շրոֆֆը եւ Մատհուրի Տիքսիդը: Ֆիլմը շատ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերաւ, ան վաստակեց ₹500 միլիոն ($7.2 միլիոն Ամերիկեան տոլար) եւ Պոլիուտի պատմութեան մէջ ան եղաւ ամենասուղ ֆիլմերէն մէկը, եւ ցուցադրումէն քիբ ռամանակ ետք անոր վաստակած քումարը հասաւ մինչեւ ₹840 միլիոն($12 միլիոն Ամերիկեան տոլար): Ֆիլմը շատ մեծ հռչակ ստացաւ: Ան ձեռք բերաւ աւելի քան տասը Filmfare-ի մրցանակ, մէջը ըլլալով Շահ Ռոխ Խանի տարուայ ամենալաւ դերասանի մրցանակը եւ BAFTA Award for Best Film Not in the English Language մրցանակը: Յաջորդ տարին՝ 2003-ին ան հանդէս եկաւ «Kal Ho Naa Ho» ֆիլմով, հետեւեալ ֆիլմը գրած էր Գարան ճիհար, ան նկարահանուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ան նկատուեցաւ այդ տարուայ ամենաբարձր գնահատուած ֆիլմերէն մէկը եւ Պոլիւուտի մէջ աննկատուեցաւ ամենաշատ ծախուած ֆիլմերէն մէկը: Շահ Ռոխ Խանի ընկերակցեցան Ճաիա Պաչչանը, Սէյֆ Ալի Խանը եւ Բրիդի Զինդան: Այդ ժամանակ Dreamz Unlimited-ի գործակիցներուն եւ Շահ ռոխ Խանի մէջ հակառակութիւններ սկսաւ թէ ով պիտի ստանցնէ «Chalte Chalte»-ի դերակատարութիւնը, Ճուհի Չաուլայի եւ Շահ Ռոխ Խանի ձեռք բերած ձախողութիւններէն ետք:

2004 տարին յաջող տարի մըն էր Շահ Ռոխ Խանին առեւտրային եւ քնդատաական կողմէ:  Ան փոխարինեց Dreamz Unlimited-ը Red Chillies Entertainment ընկերութեամբ իր կնոչ՝ Կորի Խանի ընկերակցութեամբ, որպէս բեմադրիչ: Այս ընկերութեան առաջին արտադրութիւնը եղաւ «Main Hoon Naa» ֆիլմը, որուն հերոսն էր Շահ Ռոխ Խանը: Այս դերակատարութենէն ետք ան դերակատարեց հնդիկ օդաչուի մը անձնաւորութիւնը որ աղջկայ մը կը սիրէ որուն անձնաւորութիւնը կը ներկայացնէ Բրիթի Զինթան ֆիլմը կոչուեցաւ «Veer-Zaara», եւ ցուցադրուեցաւ 55th Berlin Film Festival-ին մէջ։ Ֆիլմերը առեւտրային լաւ գումարներ ձեռք բերին որն էր 940 միլիոն ₹ (14 միլիոն ամերիկեան տոլարի) «Veer-Zaara» ֆիլմին, իսկ«Main Hoon Naa» ֆիլմը ձեռք բերաւ 680 Միլիոն ₹ (10 միլիոն ամերիկեան տոլար):

2004-ի վերջերը  ան փայլեցաւ իր նոր ֆիլմով որ կը կոչուէր «Swades»: Ան իր երեք ֆիլմերով դեգնածու էր Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակին, եւ շահեցաւ «Swades» ֆիլմի մրցանակը:

2006-ին ան երրորդ անգամ ըլլալով աշխատեցաւ Գարան Ճոհարի հետ, անոր բեմադրած ֆիլմին մէջ որ կոչուեցաւ «Kabhi Alveda Naa Kehna», անոր դերակատարներն էին Խանի կողքին Րանի Մուքերճի, Բրիթի Զինթա, Ամիդապ Պաչչան, Ապիշէք Պաչչան: Ֆիլմը առեւտրային եւ քնդատական մեծ յաջողութիւն գտաւ, անոր դրամական մուտքը կը նկատուէր մօտաւոր ₹1.13 Պիլիոն ($16 միլիոն Ամերիկեան Տոլար): Նոյն տարին ունեցաւ ուրիշ ֆիլմ մըն ալ որ կոչուեցաւ «Don», այս ֆիլմը կը նկատուէր 1978-ի նոյն անունով ֆիլմի երկրորդ տարբերակը: Վերջին երկու ֆիլմերուն համար Շահ Ռոխ Խանի անունը առաջարկուեցաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակին:

Շահ Ռոխ Խան եւ Բրիանքա Չոբրա իրենց ֆիլմի «Don»-ի ժամանակ

2007-ին ան դերակատարեց հնդիկ հուքիի մարզիչի մը դերը, որ կը մարզէր հնդկաստանի աղջկանց հուքիի խումբը: Ֆիլմին աննուն էր «Chak De! India»: Նոյն տարին ան դերակատարեց Արճուն Րամբալի եւ Տիփիքա Փատուքոնի հետ «Om Shanti Om» ֆիլմը, ֆիլմը նկատուեցաւ 2007 տարուան ամեբարձր նուաճումներ արձանագրող ֆիլմը: Ան այս ֆիլմով առաջարկուեցաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակին:

2008-ին ան երրորդ անգամ ըլլալով աշխատեցաւ Ատիդիա Չիբրային հետ «Rab Ne Bana Di Jodi» ֆիլմին ժամանակ, Անուշքա Շարմայի ընկերակցութեամբ:

2009-ին ան ունեցաւ յատուկ ներկայացում «Billu» ֆիլմին մէջ, ուր ան ունեցաւ շարք մը երգեր Գարինա Գաբուրի, Բրիանքա Չոբրայի եւ Տիփիքա Փակցութեամբ:

2010-ին ան սկսաւ նկարահանել «My Name Is Khan» ֆիլմը, որ եղաւ անոր եւ Գարան Ճոհարի չորրորդ համագործակցութիւնը եւ վեցերորդը իր եւ Քաճոլին: Հտեւեալ ֆիլմը դարձաւ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն մէկը Հնդկաստանի եւ Հնդկաստանէ դուրս երկիրներուն մէջ։ Այս ֆիլմով ան շահեցաւ իր ութերորդ Filmfare-ի Լաւագոյն դերասանի բաժակը:

Շահ Ռոխ Խանը, Քաճոլը եւ բեմադրիչ Գարան Ճոհարը, իրենց ֆիլմի «My Name Is Khan»-ի ժամանակ

2011-ին Շահ Ռոխ Խանը ընկերակցեցաւ Արճուն Րամբալի եւ արինա Գաբուրին, երեւակայական ֆիլմի՝ «Ra One»-ին մէջ։ Ան դարձաւ ամենասուղ ֆիլմերէն մէկը Պոլիւուտի մէջ։ Ան վաստակեց ₹2.4 պիլիոն ($35 միլիոն Ամերիկեան տոլար): 2001-ի անոր երկրորդ ֆիլմը եղաւ «Don 2»-ն, ֆիլմը նկատուեցաւ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն եւ ցուցադրուեցաւ 62nd Berlin International Film Festival-ին ժամանակ:

2012-ին ան հանդէս եկաւ Եաշ Չոբրայի «Jab Tak Hai Jaan» ֆիլմով: Անոր ընկերակցեցան Քաթրինա Քէյֆը եւ Անուշքա Շարման: Ֆիլմը առեւտրային մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, ան վաստակեց ₹2.11 պիլիոն ($31 միլիոն Ամերիկեան տոլար): Ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Marrakech International Film Festival-ին մէջ:

2013-ին ան հանդէս եկաւ Ռոհիդ Շէդդիի «Chennai Express» ֆիլմով որ նաեւ Red Chillies Entertainment-ի արտադրութիւններէն կը նկատուէր: Անոր հետ դերակատարման ընկերակցեցաւ Տիփիքա Փատուքոնը: Ֆիլմը նկատուեցաւ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն, ան վաստակեց ₹4 պիլիոն ($58 միլիոն Ամերիկեան տոլար):

Շահ Ռոխ Խան «Chennai Express»-ի ժամանակ

2014-ին ան հանդէս եկաւ «Happy New Year» ֆիլմով, անոր ընկերակցեցան Տիփիքա Փատուքոնը, Ապիշէք Պաչչանը եւ Պոման Իրանին: Ֆիլմը առեւտրային մեծ յաջողութիւն ձեռ բերաւ եւ վաստակեց ₹3.8 պիլիոն ($55 միլիոն Ամերիկեան տոլար):

2015 մինչեւ այսօր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահ Ռոխ Խանի 2015-ի առաջին ֆիլմը եղաւ Քաճոլի, Վարուն Տաուանի եւ Քրիթի Սանոնի հետ, Ռոհիդ Շէդդիի՝ «Dilwale» ֆիլմը: Ֆիլմը առեւտրային յաջողութիւն ձեռք բերաւ, ան վաստակեց ₹3.7 պիլիոն ($54 միլիոն Ամերիկեան տոլար):

2016-ին ան հանդէս եկաւ «Fan» ֆիլմով, ան նրկայացուց երկու անձնաւորութեան դերեր, առաջինը՝ հռչակաւոր դերասան,իսկ երկրորդը՝ անոր սիրողներէն մէկը, որ ամէն ինչ կը փորձէ ընել միայն իրեն տեսնելու համար: Ֆիլմը առեւտրային յաջողութիւն ձեռք բերաւ, ան վաստակեց ₹3.08 պիլիոն ($45 միլիոն Ամերիկեան տոլար):

2017-ին Շահ Ռոխ Խանը հանդէս եկաւ «Jab Harry Met Sejal» ֆիլմով, Անուշքա Շարմայի ընկերակցութեամբ: ֆիլմըառեւտրային ձախողութիւններով դուրս եկաւ:

2018-ին ան հանդէս եկաւ «Zero» ֆիլմով, Անուշքա Շարմայի եւ Քաթրինա Քէյֆի ընկերակցութեամբ, ֆիլմը առեւտրային ձախողութիւններով դուրս եկաւ:

Այլ Աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահ Ռոխ Խանը դերասանութեան ազպարեզի կողքին, ձեռք բերաւ նաեւ արտադրական ազպարեզը: Այս ասպարեզը ան սկսաւ 1999-ի Dreamz Unlimited ընկերութեամբ, որ վերջ գտաւ 2003-ին, սակայն անոր փոխարինեց Red Chillies Entertainment ընկերութիւնը, այս ընկերութիւնը ան հիմնեց իր կնոչ՝ Կորի Խանի ընկերակցութեամբ: Ընկերութիւնը հեռուստացուցային յատագրեր, ֆիլմեր եւ այլ գործեր արտադրեց: 2015-ին ընկերութիւնը արտադրեց աւելի քան ինը ֆիլմեր, որոնց մէջ Շահ Ռոխ Խանը դերակտարութիւններ ունէր, ըլլային անոնք հերոսի դերերը կամ յատուկ ներկայացումներ: 2011-ին «Ra One» ֆիլմին ան ոչ միայն դերակատար էր որպէս, այլ նոյնպէս արտադրիչ, ինչպէս նաեւ ան գրած էր կարգ մը կատակներ որոնք պիտի ըսէին դերակատարները իրենց դերակատարութեան ժամանակ: Շահ Ռոխ Խանը նոյնպէս երգեց իր ֆիլմերէն մէկուն «Josh»-ի նշանաւոր երգերէն մէկը որուն անունն էր "Apun Bola Tu Meri Laila": Ան նոյնպէս երգեց իր նշանաոր ֆիլմերուն մէջ, որոնցմէ էին «Don» եւ «Jab Tak Hai Jaan»:

Շահ Ռոխ Խանը,Filmfare-ի 61-րդ հանդիսութեան ժամանակ

Նոյնպէս դերասանական ասպարեզէն դուրս ան բեմավարն էր շատ մը մրցանակաբաշխման հանդիսութիւններուն ինչպէս՝ Filmfare, Zee Cine եւ Screen Awards-ի հանդիսութիւնները: 2007-ին Ամիթապ Պաչչանի փոխարէն ան էր ներկայացնողը հեռուստացուցային յատագիր Kaun Banega Crorepati-ին, որ կը նկատուէր հնդկական տարբերակը Who Wants to Be a Millionaire? յայտագրին, մէկ տարի ետք ան ներկայացուց Kya Aap Paanchvi Pass Se Tez Hain?, որ կը նկատուէր հնդկական տարբերակը Are You Smarter Than a 5th Grader? յայտագրին:

Բեմական Ելոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահ Ռոխ Խանը մասնակցեցաւ շատ մը ելոյթներու, որմէ կրնանք ձիշել 1997-ի Մալիսիայի մէջ կազմակերպուած հանդէսը,որուն մէջ ինքը Քարիշմա Գաբուրը ուղղիղ եթերով պարեցին:Նոյն տարին ան այցելեց շատ մը երկիրներ, Օրինակ՝ Միացեալ թագաւորութիւններ, Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներ, ընկերակցութեամբ Ճուհի Չաուլայի, Աքշէյ Քոմարի եւ Քաճոլի:

2002-ին, ան Ամիդապ Պաչչանի, Ամիր Խանի, Բրիթի Զինդայի եւ Աշուարիա Րայ Պաչչանի հետ մասնակցեցաւ From India With Love հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Մանչեսդրի եւ Լոնտոնի մէջ։ Ան Հանդէս եկաւ Րանի Մուքերճիի, Արճուն Րամբալի եւ Իշա Քոբբիքարի հետ Պանկալատեշի մրջ կազմակերպուած հանդէսի մը: Յաջորդ տարին ան ընկերակցեցաւ Շահիտ Գաբուրին եւ Բրիանքա Չոբրային «Ընկերութեան» հանդէսին մէջ, տօնելով 150 տարին հնդիկ-Արեւելեան Ափրիկէ ընկերութիւնը, Արեւելեան Ափրիկէ Տուրպան քաղաքին մէջ:

Շահ Ռոխ Խանը մետիայի մէջ շատ հռչակ ստացաւ, եւ շատ ժամանակներ մետիան Շահ Ռոխ խանը ներկայացուց մեզի որպէս «Թագաւոր Խան», «Պոլիւուտի Պատշահը» եւ «Պոլիւուտի Թագաւորը»:

Աւելի քան 3.2 Պիլիոն մարդ Շահ Ռոխ Խանի գիտէ, եւ այս թիւը կը հաստատէ թէ Շահ Ռոխ Խանը աւելի ճանչուած է քան Թոմ Գրուզը:

Ան 2012-2013 եւ 2015-ին եղաւ "Celebrity 100</nowiki> ցանկի առաջնակարգ անուններէն:

Ան ունի աւելի քան 20 միլիոն եւրոյ արժող հարկաբաժիններ Լոնտոնի մէջ եւ Տուպայի մէջ ունի մեծ Վիլլա մը:

Ան առաջին տասը աննուններէն էր The Times of India-ի պատրաստած The 50 most desirable men in India ցանկին մէջ։ Eastern Eye-ը անոր անունեց ամենագեղեցիկ տղամարդերէն մէկը Ասիայի մէջ։ Ան հնդկաստանի մէջ ամենաշատ վճառուող աստղերէն մէկը կը նկատուի:

Ասիական ֆիլմերու մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ Բաժին Արդիւնք
2007 Don Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած

Ասիական Ֆիլմերու մրցանակաբաշխման ժամանակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Անձնաւորութիւն Բաժին Արդիւնք
2012 Շահ Ռոխ Խան Lifetime Achievement Մրցանակ Շահած
2014 Շահ Ռոխ Խան Միջազգային դէմք Հնդակկան Սինեմայի

BIG Star Entertainment-ի մրցանակաբաշխում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Անձանաւորութիւն կամ Ֆիլմի Բաժին Արդիւնք
2010 Շահ Ռոխ Խան Film Actor of Decade (Male) Շահած
2012 Jab Tak Hai Jaan Most Entertaining Actor in a Romantic Role Առաջարկուած
Տարուայ Զոյքերը (Քաթրինա Քէյֆի ընկերակցութեամբ) Շահած
2013 Chennai Express Star Plus-ի Տարուայ ամենասիրուած անձը
Տարուայ Զոյքերը (Տիփիքա Փատուքոնի ընկերակցութեամբ)
Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը արկածախնդրական ֆիլմերու Առաջարկուած
2014 Happy New Year Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը

Bollywood Movie մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ Բաժին Արդիւնք Ref.
1999 Dil Se.. Most Sensational Actor Շահած [27]
Kuch Kuch Hota Hai Լաւագոյն Դերասան [27]
2003 Devdas Լաւագոյն Դերասան [27]
2005 Veer-Zaara Լաւագոյն Դերասան [27]
2007 Kabhi Alvida Naa Kehna Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած [28]
Don Լաւագոյն Բացասական Դերասան [28]

Filmfare մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ Բաժին Արդիւնք
1993 Deewana Լաւագոյն Դերակատարութիւն Շահած
1994 Baazigar Լաւագոյն Դերասան
Darr Լաւագոյն Բացասական Դերասան Առաջարկուած
1995 Kabhi Haan Kabhi Naa Լաւագոյն Դերասան
Լաւագոյն Դերասան Շահած
Anjaam Լաւագոյն Բացասական Դերասան
1996 Dilwale Dulhania Le Jayenge Լաւագոյն Դերասան
1998 Dil To Pagal Hai Լաւագոյն Դերասան
Yes Boss Առաջարկուած
1999 Kuch Kuch Hota Hai Լաւագոյն Դերասան Շահած
Duplicate Լաւագոյն Բացասական Դերասան Առաջարկուած
2000 Baadshah Կատակերգութեան ֆիլմերու լաւագոյն դերասան
2001 Mohabbatein Քննադատողներու Լաւագոյն Դերասան Շահած
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2002 Kabhi Khushi Kabhie Gham... Լաւագոյն Դերասան
Aśoka Լաւագոյն Ֆիլմ
Shah Rukh Khan Special Award Swiss Consulate Trophy Շահած
2003 Devdas Լաւագոյն Դերասան
2004 Shah Rukh Khan Power Award
Kal Ho Naa Ho Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2005 Main Hoon Na Լաւագոյն Դերասան
Լաւագոյն Ֆիլմ
Veer-Zaara Լաւագոյն Դերասան
Swades Լաւագոյն Դերասան Շահած
2005 Shah Rukh Khan Power Award
2007 Kabhi Alvida Naa Kehna Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
Don
2008 Chak De India Լաւագոյն Դերասան Շահած
Om Shanti Om Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2009 Rab Ne Bana Di Jodi Լաւագոյն Դերասան
2011 My Name Is Khan Լաւագոյն Դերասան Շահած
2012 Don 2 Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
Լաւագոյն Ֆիլմ
2013 Jab Tak Hai Jaan Լաւագոյն Դերասան
2014 Chennai Express Լաւագոյն Դերասան
2016 Dilwale Լաւագոյն Դերասան
2017 Fan Լաւագոյն Դերասան
2018 Raees Լաւագոյն Դերասան
2019 Zero Լաւագոյն Դերասան

Global Indian Film մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ կամ Անձնաւորութիւն Բաժին Արդիւնք
2005 Swades GIFA-ի Լաւագոյն Դերասան Շահած
Շահ Ռոխ Խան GIFA-ի մրցանակ համացանցի վրայ ամենաշատ որումներու ենթարկուող դերասան
2006 Kabhi Alvida Naa Kehna GIFA-ի Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած

International Indian Film Academy մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ Բաժին Արդիւնք
2001 Mohabbatein Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2002 Kabhi Khushi Kabhie Gham... Լաւագոյն Դերասան
2003 Devdas Լաւագոյն Դերասան Շահած
2004 Kal Ho Naa Ho Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2005 Veer-Zaara Լաւագոյն Դերասան Շահած
2006 Paheli Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2007 Don Լաւագոյն Դերասան
2008 Chak De India Լաւագոյն Դերասան Շահած
2009 Rab Ne Bana Di Jodi Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
Shah Rukh Khan IIFA Star of the Decade – Male Շահած
2011 My Name Is Khan Լաւագոյն Դերասան
2011 Don 2 Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2012 Jab Tak Hai Jaan Լաւագոյն Դերասան
2013 Shah Rukh Khan Digital Star Of The Year Շահած
2014 Chennai Express Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2015 Happy New Year Լաւագոյն Դերասան
2017 Fan Լաւագոյն Դերասան

Producers Guild Film մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ Բաժին Արդիւնք
2004 Kal Ho Naa Ho Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2005 Swades
2008 Chak De India Շահած
2010 Rab Ne Bana Di Jodi
2011 My Name is Khan Առաջարկուած
2011-ի Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը Շահած
2012 Don 2 Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2012-ի Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը Շահած
2013 Jab Tak Hai Jaan Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2014 Chennai Express 2014-ի Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը Շահած
2015 Happy New Year Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած

Screen մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Ֆիլմ Բաժին Արդիւնք
1995 Ram Jaane Լաւագոյն Դերասան Շահած
1998 Dil To Pagal Hai Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
1999 Kuch Kuch Hota Hai Լաւագոյն Դերասան
2001 Mohabbatein Լաւագոյն Դերասան
2002 Kabhi Khushi Kabhie Gham... Լաւագոյն Զոյքեր (Քաճոլի հետ) Շահած
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2003 Devdas Լաւագոյն Դերասան Շահած
Լաւագոյն Զոյքեր (Աշուարիա Րայի հետ)
2004 Chalte Chalte Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2005 Veer Zaara Լաւագոյն Դերասան Շահած
Լաւագոյն Զոյքեր (Բրիթի Զինթային հետ)
2006 Paheli Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2007 Don Best Villain
Kabhi Alvida Naa Kehna Լաւագոյն Զոյքեր (Րանի Մուքերճի հետ) Շահած
2008 Chak De India Լաւագոյն Դերասան
Om Shanti Om Լաւագոյն Զոյքեր (Տիփիքա Փատուքոնի հետ)
2009 Rab Ne Bana Di Jodi Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2010 Շահ Ռոխ Խան եւ Քաճոլ Լաւագոյն Զոյքեր (Քաճոլի հետ) Շահած
2011 My Name Is Khan Լաւագոյն Դերասան
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2012 Don 2 Լաւագոյն Դերասան Շահած
Լաւագոյն Զոյքեր (Բրիանքա Չոբրայի հետ)
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2013 Jab Tak Hai Jaan Լաւագոյն Դերասան
Լաւագոյն Դերասան
2014 Chennai Express Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2015 Happy New Year Լաւագոյն Դերասան Շահած
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2016 Dilwale Լաւագոյն Դերասան Շահած

Stardust մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Բաժին Ֆիլմ Արդիւնք
2012 Stardust Award for Star of the Year – Male Ra.One & Don 2 Առաջարկուած
2013 Stardust Award for Star of the Year – Male Jab Tak Hai Jaan Շահած
2014 Stardust Award for Star of the Year – Male Chennai Express
2015 Stardust Award for Star of the Year – Male Happy New Year
Stardust Award for Best Actor in a Thriller or Action
2016 Stardust Award for Best Actor in a Thriller or Action Fan

The Asian մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարի Դերասան Բաժին Արդիւնք
2015 Շահ Ռոխ Խան Outstanding Contribution to Cinema Շահած
Տարի Դերասն Բաժին Արդիւնք
2013 Շահ Ռոխ Խան Chevalier Sivaji Ganesan Award for Excellence in Indian Cinema Շահած
2014 Շահ Ռոխ Խան Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը Հնդկական Սինեմայի մէջ

Zee Cine մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Year Nominated work Category Result
1998 Dil To Pagal Hai Լաւագոյն Դերասան Շահած
1999 Kuch Kuch Hota Hai Լաւագոյն Դերասան
2002 Kabhi Khushi Kabhie Gham... Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
Aśoka Լաւագոյն Ֆիլմ
2003 Devdas Լաւագոյն Դերասան Շահած
2004 Shah Rukh Khan Տարուայ Գերագոյն Աստղը
Chalte Chalte & Kal Ho Naa Ho Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2005 Veer Zaara Լաւագոյն Դերասան Շահած
Main Hoon Na Առաջարկուած
Swades
2006 Paheli Լաւագոյն Դերասան
2007 Don Fun Cinema Entertainer Of The Year Շահած
Kabhi Alvida Naa Kehna Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2008 Chak De India Լաւագոյն Դերասան Շահած
Om Shanti Om Առաջարկուած
Zee Icon մրցանակ Շահած
2011 My Name Is Khan Լաւագոյն Դերասան
2012 Don 2 Լաւագոյն Դերասան
Ra.One & Don 2 Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2013 Jab Tak Hai Jaan International Icon Male Շահած
Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
2014 Chennai Express Լաւագոյն Դերասան Շահած
2018 Raees Լաւագոյն Դերասան Առաջարկուած
Shah Rukh Khan Special Honour For Contribution To Cinema and TV Over The Last 25 Years Շահած

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 filmportal.de — 2005.
  2. 2,0 2,1 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  3. 3,0 3,1 Munzinger Personen
  4. https://economictimes.indiatimes.com/magazines/panache/shah-rukh-khan-dont-want-my-kids-aryan-suhana-and-abram-to-be-my-heirs/articleshow/33109703.cms
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Geni — 2006.
  6. https://books.google.com/books?id=RPEIlUESZCUC
  7. http://timesofindia.indiatimes.com/world/pakistan/SRKs-ancestral-home-traced-to-Pakistan/articleshow/5701179.cms
  8. https://www.youtube.com/watch?v=pmmgaGju22w
  9. http://photogallery.indiatimes.com/celebs/bollywood/shah-rukh-khan/bday-special-shah-rukh-khan/articleshow/25059326.cms
  10. https://web.archive.org/web/20140703032243/http://lifestyle.in.msn.com/valentinesday/famous-inter-religious-marriages?page=3
  11. https://www.youtube.com/watch?v=KTVpVbESfbE&t=27m55s
  12. http://www.dnaindia.com/entertainment/report-main-bhi-shah-rukh-khan-1832425
  13. http://indiatoday.intoday.in/story/shah-rukh-khan-makes-a-career-out-of-rejected-roles-reinvents-hindi-film-hero/1/287824.html
  14. https://www.rediff.com/movies/2002/jul/10srk.htm
  15. http://www.dnaindia.com/entertainment/report-i-feel-like-a-25-year-old-says-birthday-boy-shah-rukh-khan-1306257
  16. http://photogallery.indiatimes.com/celebs/bollywood/shah-rukh-khan/bday-special-shahrukh-khan/articleshow/25059260.cms
  17. https://timesofindia.indiatimes.com/entertainment/hindi/bollywood/Shahrukh-Khan-The-King-of-Awards/photostory/29203023.cms
  18. https://web.archive.org/web/20120119095100/http://www.boxofficeindia.com/showProd.php?itemCat=199&catName=MTk5Mw%3D%3D
  19. https://www.rediff.com/movies/2005/nov/04watch.htm
  20. https://web.archive.org/web/20120922015944/http://boxofficeindia.com/showProd.php?itemCat=201&catName=MTk5NQ==
  21. https://web.archive.org/web/20120503222655/http://boxofficeindia.com/showProd.php?itemCat=312&catName=TGlmZXRpbWU%3D
  22. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-30-ին։ արտագրուած է՝ 2015-05-30 
  23. https://www.business-standard.com/article/news-ians/maratha-mandir-brings-down-curtains-on-ddlj-after-20-years-115021900494_1.html