Եփրատ Գոլէճ
Եփրատ Գոլէճ | |
---|---|
Տեսակ | Միջնակարգ վարժարան |
Հիմնադրուած է | 1878 |
Երկիր | Թուրքիա |
Եփրատ Գոլէճ, հիմնուած է 1878-ին Խարբերդի մէջ:
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1852-ին Ամերիկացի Ճորճ Տընմոր Խարբերդի բարձունքը կը գնէ Քէշիշօղլուին խոնախը, ուր հետագային կը կառուցուին Եփրատ գոլէճի շէնքերը: Առաջին կրթական հաստատութիւնը կ'ըլլայ Աստուածաբանական վարժարանը, որ կը հիմնուի 1859-ին: Նոյն տարիներուն Ամերիկեան միսիոնը քաղաքին մէջ կը բանայ նաեւ նախակրթարաններ: 1878-ին Խարբերդի մէջ կը բացուի մանչերու գոլէճը, որ սկիզբը կ'անուանուի Արմէնիա գոլէճ, հետագային՝ Եփրատ գոլէճ:
Մինչեւ վեց տարեկան երեխաները մանկապարտէզ կը յաճախեն: Յետոյ կ'անցնին մանկարան, ուր կը մնան երեք տարի: Այնուհետեւ կը յաճախեն կրթարան, որուն տեւողութիւնը նոյնպէս երեք տարի է: Ապա կարգը կու գայ վարժարանին, ուր աշակերտ մը պէտք է երեք տարի շարունակ դասընթացքներու հետեւի: Հետագային այս համակարգը որոշ փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի:
Այսպէս, վարժարանի երկրորդական մասը կը տեւէ չորս տարի: Հոսկէ շրջանաւարտները կրնան գոլէճ մտնել, որու դասընթացքները նոյնէս կը տեւեն չորս տարի:
1913-ին, Եփրատ գոլէճը կը տօնէ հայոց գիրերու գիւտին 1500-ամեակը:
Գրադարան եւ տպարան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գոլէճի շէնքին մէջ նաեւ կը գտնուի 8000 գիրքերէ բաղկացած գրադարան մը: Գիրքերը մեծամասնութեամբ հայերէն են: Գրադարանը կը ստանայ պոլսական մամուլը: 1889-ին գոլէճը կ'օժտուի իր սեփական տպարանով, ուր կարելի է հայատառ եւ լատինատառ տպագրութիւններ կատարել: 1909-ին գոլէճը կ'ունենայ իր հայերէն պաշտօնաթերթը, «Եփրատ»ը:
Եփրատ Գոլէճն ու երկրորդական վարժարանը (մանչերու բաժին)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գոլէճին աշակերտելու կու գան Խարբերդի գիւղերէն եւ կայսրութեան հայաբնակ քաղաքներէն: Հեռաւոր վայրերէ (Տիարպէքիր, Մալաթիա, Արաբկիր, Ակն, Բալու, Բերրի, Քղի, Չնքուշ) եկուորներուն համար գոլէճը կ'օժտուի նաեւ գիշերօթիկ բաժինով մը: Տղոց գոլէճին մէջ չորս տարուան ընթացքին կ'ուսուցուին հետեւեալ նիւթերը. Անգլերէն, Անգլիական գրականութիւն, Ֆրանսերէն, Աստղագիտութիւն, Ատենախօսութիւն, Բարոյագիտութիւն, Բնագիտութիւն, Բնախօսութիւն, Բուսաբանութիւն, Գծագրութիւն, Եկեղեցւոյ պատմութիւն, Եռանկիւնաչափութիւն, Երգ, Երկրաբանութիւն, Թուղթ Պօղոսի Առաքելոյն, Օսմանեան օրէնք Թրքերէն, Ժամանակակից պատմութիւն, Խորհրդարանակաան օրէնք, Կենսաբանութիւն, Կրօններու պատմութիւն, Հայ գրականութիւն, Հայերէն, Հին եւ Յունական պատմութիւն, Հոգեբանութիւն, Հռոմէական պատմութիւն, Ճարտասանութիւն, Մակարդակ երկրաչափութիւն, Մանկավարժութիւն, Միջնադարու եւ նոր ժամանակներու պատմութիւն, Միջոցի երկրաչափութիւն, Վիճարկութիւն, Տարրաբանութիւն, Տոմարակալութիւն, Տրամաբանութիւն եւ քաղաքական տնտեսագիտութիւն, Փիլիսոփայութեան պատմութիւն, Քրիստոնէական գիտելիքներ, Քրիստոնէական յայտնութիւն եւ Ս. Գիրքի ուսումնասիրութիւն, Քրիստոսի կեանքը:
Ուսուցիչները մեծ մասամբ հայեր են. կան նաեւ Խարբերդ քաղաքէն քանի մը հայախօս ասորիներ:
Մանչերու գոլէճը կ'օժտուի նաեւ արհեստանոց - շէնքով մը, ուր ուսանողներ կրնան զանազան արհեստներու մէջ մասնագիտանալ: Եփրատ գոլէճը ունի նաեւ իր սեփական նուագախումբը ՝ 20-25 անձերէ բաղկացած: Ղեկավարներն են՝ Անդրէաս Տէր Ղազարեան եւ Խաչատուր Պուճիգանեան: Խումբին մէջ կը նուագուին՝ ջութակ, մանտոլին, դաշնակ, քանոն, տմպակ, եւայլն:
Եփրատ Գոլէճն ու երկրորդական վարժարանը (աղջկանց բաժին)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղջկանց դպրոցին շէնքը կառուցուած է տղոց դպրոցին մօտ: Երկու շէնքերուն միջեւ կայ գոլէճին տնօրէնին յատկացուած շէնքը: 1907-ին, Տօքթ. Հըրպըրթ Էթքինսընի նախաձեռնութեամբ աղջկանց գոլէճին մէջ կը բացուի նաեւ մանկաբարձութեան առանձին բաժանմունք մը, ուր կը դասաւանդուին՝ հիւանդապահութիւն, մանկանց հոգատարութիւն, մանրէաբանութիւն, մարդակազմութիւն, դեղաբանութիւն, ծննդաբանութիւն: Գոլէճի մէջ մեծ տարբերութիւններ չկան աղջկանց եւ տղոց դասաւանդուած նիւթերուն միջեւ։ Աղջկանց մօտ թրքերէնի դասաւանդութիւնը պարտադիր չէ, աղջիկները կը սորվին նաեւ ձեռարուեստ, դերձակութիւն, խոհարարութիւն[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Գլխաւոր էջ :: Houshamadyan - a project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life»։ www.houshamadyan.org։ արտագրուած է՝ 2022-01-26
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Դպրոց Անցեալէն Դէպի Այսօր, Ազգային Կեդրոնական վարժարանի հրատարակութիւն, 2017, Պոլիս։