Նոր Արշալոյս

Նոր Արշալոյս
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու արեւմտահայերէն
Խմբագիր Յակոբ Սիրունի, Լեւոն Շաթրեան եւ Վարդան Մեշտուճեան
Հիմնադրուած է 1922
Գրասենեակ Պուխարեստ, Ռումանիա

«Նոր արշալոյս» («Նոր արշալոյս»), քաղաքական, գրական եւ մշակութային եռօրեայ, ապա՝ շաբաթաթերթ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոյս տեսած է 1922-1934 թուականներուն Պուխարեսթի մէջ։ Խմբագիրները եղած են Պարոյր Լեւոնեանը, Յակոբ Սիրունին, Լեւոն Շաթրեանը, Յարութ Ասլանեանը (Հորիոն), Վարդան Մեշտուճեանը, Յարութիւն Պապոյեանը։

Պարբերականը նպաստած է հայապահպանութեան, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման։ Լուսաբանած է Ռումանիոյ հայկական դպրոցների, թատերախմբերու, մշակութային միւս հաստատութիւններու գործունէութիւնը, հրապարակած Հայաստանի առօրեային վերաբերող տեղեկութիւններ։

«Նոր արշակոյս» պարբերականին աշխատակցած են Երուանդ Օտեանը, Մ. Պոտուրեանը, Ա. Չօպանեանը, Հ. Երուանդը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։