Նշան Կորիկեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Նշան Կորիկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1801 |
Ծննդավայր | Ակն |
Մահացած է | անհայտ |
Նշան Նորիկեան (ծնածէ 1801 թ․)
Ծնած է Ակնայ մէջ, իր հայրը Ակնայ մեծատուններէն սեղանաւոր Մահտեսի հաճի Նորուկ աղա, կրցեր էր անցեալ դարուն սկիզբը վարժապետներ գտնել՝ Նշանին կարդալ, գրել, հաշուել, եւ թրքերէն սովրեցնելու համար։
Երիտասարդ հասակին Պոլիս եկած է ու անկէ ճամբորդած՝ Դամասկոս, Բիրիզ, Պէյրութ,Էրզրում, Արշիպեղագոսի կղզիները, Իզմիտ եւ Եգիպտոս եւ այդ առիթով նշան աղա շատ բան տեսեր, շատ բան լսեր էր, ուսումնասիրած էր մարդիկը, եւ անոնց բարքերը, եւ փոխանակողի առեւտուրէ սկսելով մինչեւ սեղանաւորութեան տանելու աստիճան զարգացուցէր էր իր նիւթական վիճակը, միւս կողմէ իր առօրեայ յարաբերութիւնները, եւ ճամբորդութիւնները կրթեր էին իր ճաշակը եւ մտաւորապէս զինքը զարգացուցեր էին։
Իբրեւ առաջնակարգ սարաֆ Պօլիս հաստատուելէ ետքն ալ զբաղած էր տասնորդներու (Աշար) յանձնառութիւններով (Իլթիզա) որ ատենօք սարաֆներուն գլխաւոր զբաղմունքն էր։
Հոգեկան բարեմասնութիւններով օժտուած յաջողութեան մէջ խոնարհ եւ բարեկամին հաւատարիմ, մեծին ու փոքրին յարգամատոյդ, նախապաշարումներէ զերծ եւ իր գարը կանխած մարդ մըն էր նշուն աղա, ինչպէս կը վկայեն ժամանակակից ծերեր։
Իրեն այցելող բարեկամներու կեանքովը կը հետաքրքրուէր եւ անզգալաբար կուզէր հասկնալ իր բարեկամն վիճակը, երբ հասկնար թէ անիկայ նիւթական նեղութեան մէջ կը գտնուէր անմիջապէս անոր ապրուստի գործ մը կը գտնէր, յանձնարարելով իր ո եւ է մէկ բարեկամին։
Աղքատասէր ու բարեսիրտ շատ աղքատներու արցունքը սրբած էր. եւ երբ ընդհանրապէս սեղանաւորներէ շատ էր իրենց պարտապահանջները նեղած են, ինք միշտ ներող եղած է եւ մանաւանդ երբ ան հայրենակից էր փոխանակ թողլու խանին մէկ անկիւնը իր տունը հիւրընկալած է, ամիսներով ու տարիներով կատտրեալ քրիստոնեայի մը անշահախնդրութեամբ։ Բաժին մը, օգուտ մը հանել ուրիշին համար, ազգին համար՝ իր ժամանակէն իր ազդեցութենէն եւ գործունէութենէն այս էր եղած իր հաճոյքը, բարիքը կընէր բարիքին համար եւ չկար մէկը որ ամենափոքր վնաս մը կամ զրկանք մը տեսած ըլլար իրմէն։
Ցուցամոլութենէ կը խորշէր եւ մոլեռանդ չըլլալով անխտրական էր, իբր ժամանակին ճէնթըլմէն կանուխէն առած էր սպորտի ճաշակը եւ որքան անվրէպ նշանառու, նոյնքան ալ կտրիճ ձիավարժ մը եղած էր։
Իշխան-աղայութեան փափաքներ երբէք չէր ունեցած, ժողովներու հոգաբարձութիւններու, խնամակալութիւններու միշտ անդամակցած է եւ չէ մերժած ո եւ է ազգային պաշտօն այն համոզմամբ թէ անհատը պէտք է ծառայէ ազգին։
Ազգային դաստիարակութեան գործին շատ համակիր եւ ուսումնասէր ըլլալուն՝ իր բնակած թաղերուն մէջ կրթական խնամակալութեան գլուխ կը դնէին զինքը. այսպէս երած էին Սարրաֆ Ճանիկ եւ Մաքսուտ ամիրաները երբ նշան աղա Խասգիւղէն Օրթագիւղ փոխադարձ էր իր բնակութիւնը։ Ջէր կրցեր մերժել անոնց առաջարկը եւ իբրեւ Փոխանորդ Մաքսուտ ամիրայի՝ կը նախագահէր խնամակալութեան մը որու անդամ էին նշանակուած նաեւ Ճանըմեան Յովհաննէս, Պապաեան Յովսէփ, Սինանեան Գրիգոր, Նուրեան Գաբրիէլ, Եուսուֆեան Տիգրանիկ եւ այլք։