Նիւթելլա

Նիւթելլա

Նիւթելլան (իտալերէն՝ Nutella) կաղինով, տուրմով եւ քսուկէ վաճառանիշ մըն է, որ կը պատկանի իտալական Ֆեռերօ (Ferrero) ընկերութեան եւ կը վաճառուի աշխարհի 75 երկիրներուն մէջ, որոնցմէ է՝ Հայաստանը։

Բազմաթիւ երկրներու մէջ, Նիւթելլան կը ծանուցուի իբրեւ «կաղինով Քսուկ», սակայն մասնաւորապէս իտալական օրէնքներուն համաձայն՝ ան չի կրնար ներկայացուիլ իբրեւ այդպիսին, որովհետեւ չի համապատասխաներ պինդ քաքաուի նուազագոյն պարունակութեան չափանիշներուն։

2011-ին, ԱՄՆԳալիֆորնիա նահանգին մէջ սպառողական դասակարգային պահանջի (class action) հիման վրա դատավարութիւն մը տեղի ունեցած է Նիւթելլան արտադրող Ferrero ըներկութեան նկատմամբ, որ համաձայնած էր բողոքները ծածկել շուրջ $3 միլիոնի հասնող վնասի հաշւոյն։ Դատավարութեան պատճառ հանդիսացած էր անազնիւ գովազդային քաղաքականութիւնը, որ վաճառանիշը կը ներկայացնէր իբրեւ առողջարար սնունդ[1][2]։

Փետրուար 5-ը` «Նիւթելլա»յի միջազգային օր հռչակուած է[3]:

Նիւթելլային Պարունակութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղին

Վաճառանիշին պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ Նիւթելլային հիմնական բաղադրամասերն են՝ շաքարը (կշիռքին 50%-էն աւելին) եւ բուսական իւղերը (մեծ մասամբ՝ արմաւենիի իւղը), որոնց կը յաջորդեն կաղինը, պինդ քաքաուն եւ ճարպազրկուած կաթը[4]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]