Jump to content

Նինա Ճիտէճեան

Նինա Ճիտէճեան
Մահացած է 11 Ապրիլ 2020
Քաղաքացիութիւն  ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Պատմաբան եւ հնագէտ
Ամուսին տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան
Երեխաներ Տընիզ

Նինա Ճիտէճեան, ծնած էՊոսթըն, Մասաչուսէց։ Ան հիմնադիր անդամներէն էր Պաալպէքի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նախագահը 1991-ի Այնճարի փառատօնի յանձնախումբին:

Ճիտէճեան ծնողներուն հետ կը տեղափոխուի Թեհրան ապա Պէյրութ [1]:

Ան կ’ամուսնանայ տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանին հետ, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին վիրաբուժական բաժինի առաջատար դէմքերէն էր: Անոնք կ’ունենան աղջիկ զաւակ մը՝ Տընիզը:

Տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան իր մահկանացուն կը կնքէ 8 Ապրիլ 1989[2]։

Պատմութիւնը արձանագրող, շուրջ 16 գիրքերու եւ «L’Orient-Le Jour» թերթին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Նինա Ճիտէճեան կը խոստովանէր որ ինք 100% հայ է եւ ամբողջական լիբանանցի։

Նինա կը մահանայ 95 տարեկան հասակին:

Կրթութիւն եւ ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Տընիզ համալսարանական կը դառնայ,Նինա Ճիտէճեան կը շարունակէ իր կիսատ ձգած ուսումնառութիւնը AUB-ի մէջ, ուրկէ 1965-ին կը վկայուի Նախնեաց պատմութեան եւ հնագիտութեան բաժանմունքէն ստանալով Մագիստրոս աստիճան, որպէս թէզ պաշտպանելով «Պիպլոսը առաջին հազարամեակին» նիւթը, որ հետագային լոյս կը տեսնէ Տար էլ Մաշրէք տպարանէն:

Նինա Ճիտէճեան կը գրէ որ Ճիւփիթըրի տաճարը կանգնած էր ինը հսկայական սիւներու վրայ, որոնք դեռ գոյութիւն ունէին երբ իրլանտացի հնագէտ Ռոպերթ Հուտ (1707-1715) այցելած է Պաալպէք: 1759-ի երկրաշարժին, սիւներէն երեքը կը փլին ու այսօր միայն սիւներէն վեցը կանգուն կը մնան:
- Նինա Ճիտէճեան

Նինա Ճիտէճեան հեղինակ է 16-է աւելի գիրքերու. ան հմտութեամբ ու անաչառութեամբ ուսումնասիրած է հայրենիքին պատմութիւնը ինչպէս՝ Տիւրոս, Սիտոն, Պէյրութ եւ Թրիփոլի քաղաքներու պատմութեան գիրքերը:

1968-ին անգլերէնով լոյս տեսնած առաջին գիրքը՝ «Պիպլոս. դարերու ընդմէջէն» երախայրիքն էր այն երկար շարքին, որ պիտի նուիրուէր Տիւրոսի (Սուր), Սիտոնի (Սայտա), Պէյրութի եւ Թրիփոլիի հնագիտութեան:

Պատմաբանի իր գրիչը կը հոսէր ժամանակին հետ համաքայլ, հայրենիքին ձգելով պատմական ժառանգութիւն մը: Ան կը թելադրէր որ իւրաքանչիւր Լիբանանցի պէտք է լաւ գիտնայ ու գնահատէ իր երկրին պատմութիւնը, երկիր մը, որ հարուստ է իր մշակոյթով ու պատմութեամբ: Դրամով չէ որ կը հարստանանք, այլ մեր անցեալի փառաւոր պատմութեամբ:
- Նինա Ճիտէճեան

[3]

Լիբանանի կառավարութիւնը հայրենիքին մատուցած անոր ծառայութիւններուն համար զայն 1974-ին պարգեւատրեց «Chevalier», իսկ 2002-ին՝ «Commandeur de l’ordre national du Cedre» շքանշանով:

Ան 1999-ին արժանացած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսէն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]