Նէրսէս Փափազեան
Նէրսէս Փափազեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Ագուլիս |
Ներսէս Փափազեան (1872, Ագուլիս (Կովկաս) - 1915), վարդապետ, Փարիզ՝ Հայկական Պատուիրակ, խմբագիր:
Որդին է վանեցի Տ. Մեսրոպ Շուշտակ վարդապետի եւ եղբայրը՝ յայտնի գրագէտ Վրթանէս ու Վահան Փափազեաններու: Վան փոխադրուելով, մանկութիւնը հոն անցընելէ ետք, կու գայ Պոլիս եւ Եէտիգուլէի որբանոցին կ'աշակերտէ: Կ'անցնի Արմաշ եւ Դպրեվանուց շրջանը ամբողջացնելէ ետք, վարդապետ կը ձեռնադրուի 6 այլ ընկերներու խումբով:
Իբրեւ հովիւ կ'ուղարկուի Ամերիկա, ուր կը գործակցի Սարաճեան Եպիսկոպոսին հետ: Կը յաճախէ Քոլոմպիայի Համալսարան, ուրկէ կը վկայուի եւ կը միանայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն: Իննամեայ հովւութենէ ետք, կ'անցնի Կովկաս, ուր կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն:
Եկեղեցապատկան կալուածներու գրաւման առիթով խօսած իր ճառին համար, ռուս կառավարութիւնը կը պահանջէ անոր հեռացումը Էջմիածինէն: Մաշտոց վրդ. կը նշանակուի Թեհրանի առաջնորդ, ուր կը մնայ 2 տարի: Իբրեւ հասարակական գործիչ, կը ստիպուի սքեմը թողուլ եւ մեկնիլ Ամերիկա, 1906-ի վերջերը ստանձելով «Հայրենիք»ի խմբագրութիւնը՝ Վռամեանի փոխարէն:
Սահմանադրութենէն ետք Պոլիս կու գայ եւ մօտակայ գաւառները կ'ուղեւորի, իսկ «Ազատամարտ»ի հրատարակուելումէն ետք կը մնայ թերթին հայկական բաժինին խմբագիր, մինչեւ 11 Ապրիլ 1915 : Նոյն թերթին ոճրապատումները կը պատկանին իր գրիչին: Իբրեւ եկեղեցական օրէնքներու հմուտ, ան կը ձեռնարկէ նաեւ ամուսնական դատերու փաստաբանութեան՝ Դատաստանական Խորհուրդին առջեւ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յուշարձան Տասնըմէկ Ապրիլ 1919, էջ 36