Նենսի Թորոսեան
Նենսի Թորոսեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Արժանթին |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | թատրոնի ուսուցիչ |
Աշխատավայր | դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու |
Ամուսին | Գէորգ Թորոսեան |
Ծնողներ | Enrique Issa |
Նենսի Թորոսեան՝ արուեստագիտուհի, դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նենսի Թորոսեան ծնած է Արժանթին, յաճախած է Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը, ապա վկայուած է Թատերական Համալսարանէն, որպէս դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու: 2003-ին հաստատուած է Քանատա, Մոնթրէալլ, ուր հայկական գաղութին մէջ ունեցած է իր իւրայատուկ ներդրումը որպէս բեմադրիչ եւ դերասան:
Բեմադրական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան որպէս բեմադրիչ աշխատակցած է Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ բեմ» թատերախումբերուն: Ղեկավարած է Մոնթրէալի գաղութին մէջ գործող Ամառնային ճամբարներ, որոնց յայտագիրներուն մէջ զգալիօրէն ներմուծած է արուեստի դասընթացքներ:
Արուեստի հիմնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2018 Յուլիսին, Մոնթրէալի մէջ, Նենսի Թորոսեան հիմնած է «Դէմքեր» Արուեստի Հիմնարկը ինչպէս նաեւ կ’իրականացնէ թատերական դասընթացքներ:
«Դէմքեր» ու հիմնադրման նպատակներն ու առաքելութեան մասին արուեստագիտուհի Նենսի Թորոսեան կը յայտնէ, թէ «Դէմքեր» հիմնարկին նպատակն է որոնել, գտնել ու յայտնաբերել նոր արուեստագէտներ, ապա յարմար միջավայր մը ստեղծել անոնց, որպէսզի կարենան ազատօրէն ստեղծագործել: «Դէմքեր» հիմնարկին առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ արուեստագէտը հանրութեան ծանօթացնելու առիթներ ստեղծելը,
Թատրոնի ուսուցիչ տիկ. Նէնսին անդրադառնալով թատերական դպրոցի մը հիմնադրման իր մտադրութեան կ’ըսէ. «Նախաքայլը առնուած է արդէն, եւ թատերական առաջին դասընթացքը իր աւարտին հասաւ: Դասընթացքը կը բաղկանայ 8 դասաժամերէ, որուն կրնան մասնակցիլ ամէն տարիքի անհատներ»: Ան կը յայտնէ, թէ թատերական դասընթացքներուն դերասաններուն կը փոխանցուին շնչառութեան, կեդրոնացման, կեցուածքի, շարժուձեւերու, ձայնային եւ խաղարկութեան մեթոտներ եւ գաղտնիքներ, որոնցմով կարելի է աւելի արհեստավարժ դերասաններ պատրաստել ապագային:
«Արուեստագէտի կեանքին մէջ հանգրուան մը կ’ըլլայ, երբ կ’ուզէ առանձին գործել, դուրս գալ միութիւններու նեղ շրջանակներէն, գործել ի՛ր անձնական համոզումներով, ի՛ր մտայնութեամբ, ի՛ր աշխատելաոճով, բացուիլ աւելի լայն շրջանակներու եւ ոչ մէկ սահմանափակում ճանչնալ», կ’ըսէ տիկ. Նէնսի, աւելցնելով որ ան չի թերագնահատեր մշակութային միութիւններուն աշխատանքները, այլ կը շեշտէ, թէ անկախ գործելը արուեստագէտի կեանքին մէկ կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է: «Կ’ուզեմ տարբեր միջավայր ստեղծել, փորձել բոլորովին նոր ծրագիրներ, փնտռել, որոնել, ստեղծել ու ստեղծագործել», կ’ըսէ տիկ. Նենսի Թորոսեան:[1] - Նենսի Թորոսեան
|
Թատերական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը. այս առթիւ 2019 Ապրիլ 27-ին, 28-ին եւ Մայիս 4-ին տեղի պիտի ունենայ «Միւս Թումանեան»ը ներկայացումը տիկին Նէնսի Թորոսեանի բեմադրութեամբ:
«Միւս Թումանեանը» ներկայացումը թատերական դասական բեմադրութիւն մը չէ, այլ «Իր հեքիաթներուն կողքին պիտի ներկայացնեմ նաեւ բանատեղծութիւնները, ուրիշներու յիշատակումները Թումանեանի մասին եւ այլն, այս բոլորին համադրումը պիտի ըլլայ ներկայացումը», կ’ըսէ ան:
Շքանաշան եւ գնահատագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նենսի Թորոսեան արժանցած է զանազան գնահատագիրներու Արժանթինի եւ Քանատայի մէջ, որոնցմէ յիշարժան է Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- կը ճանչնանք Թումանեանը որպէս հեքիաթագիր, բայց կայ նաեւ մի՛ւս Թումանեանը, որ ե՛ւ հեքիաթ գրողն է, ե՛ւ բանաստեղծն է, ե՛ւ քաղաքական գործիչն է». բեմադրիչ Նենսի Թորոսեանի հետ[permanent dead link]
- Թումանեան»ը Ներկայացումը. Բեմադրիչ Նենսի Թորոսեանի Հետ[permanent dead link]