Նաօմի Օսաքա
Նաօմի Օսաքա ճափ.՝ 大坂 なおみ[1] | |
---|---|
Ծննդեան անուն | ճափ.՝ 大坂 なおみ[1] |
Ծնած է | 16 Հոկտեմբեր 1997 (26 տարեկան) |
Ծննդավայր | Chūō-ku, Օսակա, Ճափոն[2] |
Քաղաքացիութիւն | Ճափոն[3][4] |
Ազգութիւն | հայիթացիներ?[5], hāfu?[6][7] եւ Ճապոնացիներ?[5] |
Ուսումնավայր | Broward Virtual Education High? |
Մասնագիտութիւն | թենիսիստ |
Կայքէջ | naomiosaka.com |
Նաօմի Օսաքա (大坂 なおみ, Օսաքա Նաօմի, ծնած է 16 Հոկտեմբեր 1997, Օսաքա) Ճափոնը ներկայացնող թենիս խաղացող է: Ան ԱՄՆ-ի եւ Աւստրալիոյ Աղջկանց Թենիսի Բաց Առաջնութիւններու ախոյեանն է: Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան կողմէ աշխարհին նախկին լաւագոյն խաղացողը կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ։ Ան ունի երեք տիտղոսներ ու հինգ անգամ հասած է Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան մրցաշարքերու աւարտական հանգրուանին, ուստի ան առաջին ասիացին է, որ հասած է այսպիսի բարձրագոյն դիրքերու:
Օսաքա ծնած է Ճափոնի մէջ, հայիթեան հօրմէ եւ ճափոնցի մօրմէ ու երեք տարեկանէն ի վեր ապրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Օսաքա աչքի կը զարնէ 16 տարեկանին, երբ 2014-ի Սթանֆորտի մէջ տեղի ունեցած Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան մրցաշարքի առաջին խաղին պարտութեան կը մատնէ ԱՄՆ-ի Բաց Մրցաշարքերու ախոյեան Սամանթա Սթոսուրը: Երկու տարի ետք՝ 2016-ի համախաղաղական բաց մրցաշարքներուն, ան առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան մրցաշարքին աւարտական հանգրուանին եւ այսպիսով կը մտնէ կազմակերպութեան 50 լաւագոյն խաղացողներու ցանկին մէջ։ Օսաքա կ'անցնի աղջկանց թենիսի բարձր աստիճանաշարին 2018-ին, երբ Հնդկական «Ուելս» Բաց Մրցաշարքին առաջին անգամ ըլլալով կը ստանայ Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան տիտղոսը: Սեպտեմբերին, ան կը յաղթէ ԱՄՆ-ի Բաց Մրցաշարքը՝ աւարտական հանգրուանին մատնութեան մասնելով 23 անգամ աւելի մեծ Սերենա Ուիլիամզը. այսպիսով ան կը դառնայ առաջին ճափոնցի Կրանտ Սլամ մրցաշարքի ախոյեանը: Ան երկրորդ անգամ նոյն տիտղոսին կ'արժանանայ 2019-ի Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքին:
Օսաքա ծանօթ է իր խառն արմատներով եւ ամջկոտ բնաւորութեամբ: Խաղադաշտին վրայ ան ջղային խաղաձեւ ունի եւ կրնայ մինչեւ 200 քմ/ժամ զօրութեամբ հարուած տալ:
Վաղ կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նաօնի Օսաքա ծնած է 16 Հոկտեմբեր 1997-ին, Չու քու, Օսաքա, Ճափոն Թամաքի Օսաքայէն եւ Լէոնարտ Ֆրանսուայէն:[8] Մայրը Ճափոնի Հոքքայտօ քաղաքէն է, իսկ հայրը՝ Հայիթիի Ճաքմել քաղաքէն: Ան ունի իրմէ մեծ քոյր մը՝ Մարին, որ նոյնպէս թենիս խաղացող մըն է: Գործնական պատճառներով այս երկու քոյրերը կը կրեն իրենց մօր մականունը: Օսաքայի ծնողքը հանդիպած է Հոքքայտոյի մէջ, երբ Օսաքայի հայրը իբրեւ իրաւաբանական աշակերտ Նիւ Եորքէն այցելած է այդ վայրը:[9][10]
Երբ Օսաքա երեք տարեկան էր, իր ընտանիքը Ճափոնէն կը տեղափոխուի Լոնկ Այլընտ, Նիւ Եորք՝ հօր ընտանիքին հետ ապրելու համար: Ուիլիամզ քոյրերու 1999-ի ֆրանսական բաց մրցաշարքէն ազդուելով, Օսաքայի հայրը կ'ուզէ իր դուստրերու թենիս խաղալ սորվեցնել: Թենիսի մէջ շատ փորձառութիւն չունենալով, ան կը հետեւի Ռիչարտ Ուիլիամզի օրինակին, որ մարզած էր աշխարհի լաւագոյն թենիս խաղացողները առանց նախապէս որեւէ մարզաձեւ խաղալով: ԱՄՆ տեղափոխուելէ ետք ան կը սկսի իր զաւակները մարզել:[9] 2006-ին, երբ Նաօմի ութ կամ ինը տարեկան էր, Օսաքա ընտանիքը կը տեղափոխուի Ֆլորիտա, ուր մարզուելու համար աւելի յարմարագոյն առիթներ կային: Նաօմի իր փորձերը կը կատարէ «Փեմպրոք փայնզ» հանրային դաշտին վրայ:[9] 15 տարեկանին, ան կը սկսի մարզուիլ Փաթրիք Թոմյին հետ «ISP» ակադեմիային մէջ:[11] 2014-ին, ան կը մարզուի Հարըլտ Սոլոմոն Թենիսի Ակադեմիային մէջ:[12] Ապա ան կը մարզուի «Փրոուըրլտ» թենիսի ակադեմիային մէջ:[13]
Հակառակ անոր, որ Օսաքա իր ամբողջ կեանքը անցուցած է ԱՄՆ-ի մէջ, ծնողքին որոշումով ան կը ներկայացնէ Ճափոնը: Անոնք ըսած են. «Շատ կանուխէն մենք որոշեցինք, որ Նաօմին Ճափոնը ներկայացնէ: Ան ծնած է Օսաքային մէջ եւ մեծցած է ճափոնական եւ հայիթեան մշակոյթներով. շատ յստակ էր, որ Նաօմին եւ իր քոյրը՝ Մարին միշտ ճափոնցի զգացած են, ուստի ասիկա մեր միակ ընտրութիւնն էր։ Այս որոշումը երբեք նիւթական քաջալերութեամբ կամ ազգային ֆետերասիոնի մը հրաւէրով չէ առնուած»:[13] Այս որոշումին պատճառներէն մէկն ալ կրնայ ըլլալ, որ ԱՄՆ-ի Թենիսի Կազմակերպութիւնը հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած Նաօմիի հանդէպ, երբ ան տարիքով փոքր էր:[9] Սակայն, երբ Նաօմի 16 տարեկան էր, ԱՄՆ-ի Թենիսի Կազմակերպութիւնը անոր կ'առաջարկէ Պոքա Ռաթոնի ազգայի մարզադաշտին վրայ մարզուիլ, ինչ որ Նաօմի կը մերժէ:[13]
Ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2011-2015՝ Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան մրցաշարքի յաղթանակ 16 տարեկանին, լաւագոյն 150
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսաքա իր մասնակցութիւնը երբեք չէ բերած «ITF» Մանկական հոսանք միջազգային պատանեկան մրցաշարքին եւ շատ քիչ անգամ մասնակցած է պատանեկան մրցաշարքերու:[14] Ասոնց փոխարէն Հոկտեմբեր 2011-ին՝ իր 14-րդ տարեդարձին ան առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «ITF» Աղջկանց հոսանքի մարցաշարքին:[15] Մարտին, ան առաջին անգամ ըլլալով կը խաղայ «տապլզ» իր քրոջ՝ Մարիին հետ: Միեւնոյն ժամանակ, ան չի յաջողիր իր «սինկլզ»-ի խաղերուն մինչեւ իր եօթներորդ փորձը Յուլիսին: 2012-ի լաւագոյն արդիւնքը կ'արձանագրէ Ամելիա կղզիին վրայ տեղի ունեցած «ITF»-ի 10000 տոլարի միջոցառումին, որուն ընթացքին ան քրոջը դէմ պարտութեան կը մատնուի կիսաւարտական հանգրուանի խաղերուն:[16] Օսաքա երբեք «ITF»-ի մրցումներու ախոյեան չէ եղած, սակայն չորս անգամ գրաւած երկրորդ դիրքը:[16] Իր երկու աւարտականները 25000 ամերիկեան տոլարի մակարդակով էին. անոնցմէ մէկը տեղի ունեցած է Յունիս 2013-ին, Թեքսասի Էլ Փասօ քաղաքին մէջ։ Միւսը կայացած է Մարտ 2014-ին, Մեքսիքոյի Իրափուաթօ քաղաքին մէջ. այդ ընթացքին ան իր քրոջը դէմ յաղթանակ մը արձանագրած է:[16]
Սեպտեմբեր 2013-ին, նախքան 16 տարեկան դառնալը, Օսաքա կը դառնայ արհեստավարժ խաղացող:[17] Նոյն ամսուան ընթացքին, ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան Քէպէքի եւ Թոքիոյի մրցաշարքերուն: Վերջինս իր առաջին առիթն էր արհեստավարժօրէն Ճափոնի մէջ խաղալու:[16] Յաջորդ ամառ, Օսաքա կը մասնակցի Աղջկանց Թենիսի Կազմակեպութեան գլխաւոր խաղին 2014-ին Սթանֆորտի պարզ խաղերուն: Մրցաշրջանին սկիզբը, ան յաղթանակ կ'արձանագրէ աշխարհի 19-րդ լաւագոյն խաղացողին՝ Սամանթա Սթոսուրի դէմ խաղին. կիսաժամին երկուքը կը հաւասարին իրարու, իսկ երրորդ բաժինին 5-3 պարտութենէն դուրս կու գայ ու կը դննացնէ խաղը: Այդ ժամանակ ան միայն 16 տարեկան էր ու կը գրաւէր 406-րդ դիրքը:[18][19] Օսաքա նաեւ Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան մրցաշարքերէն դուրս յաղթանակ կ'արձանագրէ Ճափոնի Աղջկանց Բաց մրցաշարքին:[20] Այս յաղթանակներով ան կը բարձրանայ 205-րդ դիրք:[21]
Հակառակ այլ մրցումներու յաղթանակ չարձանագրելուն 2015-ին, Օսաքայի դիրքը կը շարունակուի բարձրանալ:[14][21] Ան կը հասնի իր երկու բարձրագոյն մակարդակներու «ITF» աւարտական մրցումներու՝ առաջիը 75000 ամերիկեան տոլարի Ճափոնի «Քանկարու» բաժակն է եւ երկրորդը 50000 ամերիկեան տոլարի Բրիտանիոյ «Սարպիթըն» բաժակն է:[16] Ան այս մրցումներուն կը հանդիսանայ 2-րդ եւ իրեն կարելի կ'ըլլայ մասնակցիլ տարուան երկու «Կրանտ Սլամ» «սինկլզ»-ի մրցաշարքերուն՝ Ուիմպլտըն եւ ԱՄՆ-ի Բաց մրցաշարքերուն: Օսաքա յաղթանակ կ'արձանագրէ ԱՄՆ-ի Բաց մրցաշարքին առաջին խաղին, սակայն չի յաջողիր գլխաւոր վիճակագրութիւն հասնելու:[16] Հոկտեմբերի Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան կազմակերպած մրցաշարքերուն, ան կը յաղթէ «Ռայզինկ Սթարզ Ինւիթէյշընալ» 4 խաղացողներով մրցաշարքին՝ պարտութեան մատնելով սիրուած եւ 35-րդ լաւագոյն խաղացող Քարոլին Կարսիան:[22] Շարունակելով խաղալը, Նոյեմբերին ան կը հասնի իր ասպարէզի գագաթնակէտին, երբ ան կը մասնակցի Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան 125000 ամերիկեան տոլարի Հուա Հին ախոյեան: Ճափոնի մէջ 75000 ամերիկեան տոլարի մրցումէ մը ետք, ան այդ տարին կ'աւարտէ 144-րդ դիրքին վրայ:[21]
2016՝ Առաջին Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան աւարտական, լաւագոյն 50 խաղացող
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսաքա իր խաղաշրջանը կը սկսի Աւստրալիոյ մէջ երեք մրցաշարքերու մասնակցելով: Անոր լաւ արդիւնքները զայն կը հանեն մօտաւորապէս լաւագոյն 100 խաղացողներու ցանկ եւ ան ամբողջ տարին առիթը կ'ունենայ մասնակցելու Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան հանգրուանային մրցաշարքերուն:[14] Ասոնցմէ ամէնէն կարեւորն է Աւստրալիոյ Բաց մրցաշարքի «Կրանտ Սլամ»-ն է, ուր կը հաւասարի 21-րդ լաւագոյն խաղացող Էլինա Սվիթոլինայի հետ, սակայն կը պարտուի 16-րդ լաւագոյն խաղացող Վիքթորիա Ազարենքայէն:[23] ԱՄՆ-ի մէջ ան կը հրաւիրուի մասնակցելու Մայամիի Բաց մրցաշարքին, որուն ընթացքին ան կ'արձանագրէ երկու յաղթանակներ, որոնցմէ մէկը 18-րդ լաւագոյն խաղացող Սարա Էռանի դէմ էր:[24] Այս յաջողութեամբ, ան առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան 100-րդ լաւագոյն խաղացողներու ցուցակ:[21]
Ֆրանսական Բաց մրցաշարքերուն մասնակցելու համար, ան պէտք էր որակուէր իրաքանչիւր խաղի մասնակցելու համար: Օսաքա կ'որակուի միայն մէկ անգամ Չարլըսթըն Բաց մրցաշարքին, որուն ընթացքին ան կը պարտուի:[16] Բայց, Օսաքա բաւական կը գնահատուի ու անմիջապէս կ'ընդունուի ֆրանսական Բաց մրցաշարքին գլխաւոր խաղերուն մասնակցելու: Մրցաշարքին սկիզբը, ան կաւէ մարզադաշտի վրայ կայացած մրցումներու երկու յաղթանակ կ'արձանագրէ: Ան նաեւ առաջին բաժինով կը յաղթէ 6-րդ խաղացող Սիմոնա Հալէփի, սակայն խաղը կը կորսնցնէ:[25][26] Այդ խաղաշրջանին ան չի մասնակցիր խոտէ մարզադաշտի վրայ կայացած մրցումներուն, որովհետեւ ֆրանսական բաց մրցաշարքէն ետք ան կը վիրաւորուի:[16][27]
Յուլիսի կիսուն Օսաքա կը վերադառնայ թենիսի մարզադաշտ:[16] Օգոստոսին տեղի ունեցած ԱՄՆ-ի Բաց մրցաշարքին, ան այդ տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով կը հասնի «Կրանտ Սլամ»-ի երրորդ հանգրուան: Առաջին հանգրուանին ան պարտութեան կը մատնէ 30-րդ խաղացող Քոքո Վանտեուեղէն սակայն երեք բաժիններով կը պարտուի 9-րդ խաղացող Մատիսըն Քիզէն:[28] Քիզի դէմ իր խաղին, ան երրորդ բաժինէն ետք կը պարտուի:[29] Մրցաշարքը աւարտելէն ետք, Օսքա կ'անցնի ասիական կարծր դաշտի խաղաշրջանի՝ Թոքիոյի մէջ մասնակցելով երկու մրցաշարքերու: Ան առաջին անգամ կը պարտուի Ճափոնի Աղջկանց Բաց մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանին:[30] Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան երկու քառորդ-աւարտականներու հասնելէն ետք, այդ տարին ան կը մտնէ Առաջին մակարդակի Համախաղաղական Բաց մրցաշարքին: Ան պարտութեան կը մատնէ 12-րդ խաղացող Տոմինիքա Սիպուլքովան եւ 20-րդ Սվիթոլինան ու 18 տարեկանին առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կազմակերպութեան մրցաշարքին աւարտական հանգրուան: Այդ ժամանակ, Սիպուլքովա ամէնէն շատ վարձատրուող թենիս խաղացողն էր, զոր կրցաւ Օսաքա պարտութեան մատնել: Աւելին, ան 1995-ին Քիմիքօ Տաթէէն ետք առաջին ճափոնցի խաղացողն էր, որ կը հասնի աւարտական հանգրուան:[31][32] Օսաքա պարտութիւն կրըլով Քարոլին Ուոզնիաքիէն կը հանդիսանայ երկրորդ:[33] Այսպիսով, ան կը մտնէ 50 լաւագոյն խաղացողներու ցանկին մէջ:[21] Խաղաշրջանի վերջաւորութեան, ան կը կոչուի Աղջկանց Թենիսի Կազմակերպութեան Տարուան Նորեկը:[34]
2017՝ Թեթեւ նահանջ, երկու լաւագոյն 10-ի արժանացումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախորդ տարուան զգալի բարելաւումէն ետք, Օսաքա չի յաջողիր աւելի բարձր դիրք գրաւել 2017-ին: Սակայն, ան հաստատ դիրք մը կը պահէ ամբողջ խաղաշրջանին ընթացքին. ամէնէն բարձր դիրքը կ'ըլլայ 44-րդ դիրքը, իսկ ամէնէն ցածը՝ 68-րդը:[21] Այդ տարին ան ընդամէնը միայն երկու գլխաւոր խաղի կը յաղթէ:[16]
Այդ խաղաշրջանի իր լաւագոյն արդիւնքը կ'արձանագրէ Քանատական Բաց Մրցաշարքին, երբ կը հասնի քառորդ-աւարտական հանգրուան: Մրցումին ժամանակ ան պարտութեան կը մատնէ 16-րդ խաղացող Անասթասիա Սեւասթովան:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 https://revistatenis.uol.com.br/bio/naomi-osaka.html
- ↑ 「東京の星」16歳1メートル80大坂 初戦突破ジャパン女子OP — Sports Nippon, 2014.
- ↑ https://www.forbes.com/profile/naomi-osaka/?sh=25dbc144384e
- ↑ The Washington Post // The Washington Weekly Post / M. Murray — Washington: Fred Ryan, 1877. — ISSN 0190-8286; 2641-9599
- ↑ 5,0 5,1 https://www.nytimes.com/2018/09/09/world/asia/japan-naomi-osaka-us-open.html
- ↑ https://www.olympicchannel.com/en/stories/news/detail/naomi-osaka-us-open-2020-victory-career-black-lives-matter-facemasks/
- ↑ http://time.com/5389697/naomi-osaka-us-open-finalist-serena-williams/
- ↑ admin (2018-07-16)։ «Naomi Osaka»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ 9,0 9,1 9,2 9,3 Larmer Brook (August 23, 2018)։ «Naomi Osaka’s Breakthrough Game»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ August 27, 2018
- ↑ Noori Farzan Antonia (September 10, 2018)։ «Japanese, Haitian, and now a Grand Slam winner: Naomi Osaka’s historic journey to the U.S. Open»։ Washington Post։ արտագրուած է՝ September 11, 2018
- ↑ «Naomi Osaka Tennis Biography»։ Patrick Tauma։ արտագրուած է՝ November 3, 2018
- ↑ «Naomi Osaka: Japanese Firepower»։ www.tennisviewmag.com։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ 13,0 13,1 13,2 Perrotta Tom։ «Naomi Osaka: The Tennis Star Who Was Overlooked by Everyone»։ WSJ (en-US)։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ 14,0 14,1 14,2 «Tennis statistics of Naomi Osaka»։ CoreTennis.net (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ «大坂なおみが18年間を振り返る「お姉ちゃんこそ最大のライバル」|テニス|集英社 スポルティーバ 公式サイト web Sportiva»։ 集英社のスポーツ総合雑誌 スポルティーバ 公式サイト web Sportiva (ճապոներեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ 16,00 16,01 16,02 16,03 16,04 16,05 16,06 16,07 16,08 16,09 www.itftennis.com https://www.itftennis.com/procircuit/players/player/profile.aspx?playerid=100194114։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ «Naomi Osaka: US Open champion's career in pictures»։ CNN։ արտագրուած է՝ 2019-07-25
- ↑ admin (2014-07-28)։ «Qualifier Stuns Stosur In Stanford»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Watch: 16-year-old Naomi Osaka hits an unbelievable forehand»։ SI.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Keys, Svitolina, Watson advance at Japan Women's Open»։ Tennis.com։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ 21,0 21,1 21,2 21,3 21,4 21,5 admin (2018-07-16)։ «Naomi Osaka»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ admin (2015-10-25)։ «Osaka Wins WTA Rising Stars Invitational»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Australian Open Day 6 recap, results»։ SI.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Vamos Rafa! A Popular Nadal Tries Again At Miami Open» (en-US)։ 2016-03-25։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Halep eliminates teenager Osaka in third-round match»։ Japan Times։ Associated Press։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 16, 2018-ին։ արտագրուած է՝ October 31, 2018
- ↑ Sarkar Pritha։ «Osaka falls short of acing a Japanese test»։ Reuters։ արտագրուած է՝ October 31, 2018
- ↑ admin (2016-07-31)։ «Osaka Brilliant In Brazil»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Osaka wins in U.S. Open debut; Olympic champ Puig falls»։ Japan Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-16-ին։ արտագրուած է՝ 26 Յուլիս, 2019
- ↑ «Down 5-1 in third set, Madison Keys storms back to stun Naomi Osaka in third round»։ Tennis.com։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ admin (2016-09-15)։ «Zhang Topples Osaka In Tokyo»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ McKirdy Andrew։ «Overpowering Osaka eliminates Cibulkova»։ Japan Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-16-ին։ արտագրուած է՝ 26 Յուլիս, 2018
- ↑ admin (2016-09-24)։ «Wozniacki Returns To Tokyo Final After Radwanska Upset»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ admin (2016-09-25)։ «Wozniacki Wins First 2016 Title In Tokyo, Knocks Out Japanese Teen Osaka»։ WTA Tennis (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26
- ↑ «Osaka: WTA Newcomer Of The Year»։ WTA Tennis։ արտագրուած է՝ Յուլիս 26, 2019
|