Jump to content

Նասր ալ-Տին Շահ Քաճար

Նասր ալ-Տին Շահ Քաճար
պարս․՝ ناصرالدین شاه قاجار
Ծնած է 16 Յուլիս 1831(1831-07-16)[1]
Ծննդավայր Թաւրիզ, Իրան
Մահացած է 1 Մայիս 1896(1896-05-01)[1][2] (64 տարեկանին)
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Քաղաքացիութիւն Guarded Domains of Iran
Մայրենի լեզու Պարսկերէն եւ ազրպէյճաներէն
Կրօնք Իսլամութիւն եւ տասներկուականներ?
Մասնագիտութիւն միապետ, քաղաքական գործիչ, լուսանկարիչ, բանաստեղծ, գեղանկարիչ
Վարած պաշտօններ Շահ? եւ commanding officer?
Ամուսին Monir al-Saltaneh?, Golin Khanum?, Zubaydah Khanum Amin Aqdas?, Jeyran?, Khazan al-Doulah?, Անիս ալ-Դոլեհ?, Taj al-Dawlah?, ʻAyishah Khanum? եւ Touran al-Saltaneh?
Ծնողներ հայր՝ Մուհամեդ շահ Քաջար?, մայր՝ Malek Jahan Khanom?
Երեխաներ Mozaffar ad-Din Shah Qajar?, Kamran Mirza Nayeb es-Saltaneh?, Masud Mirza Zell-e Soltan?, Զահրա Խանում Թաջ ալ-Սալթանեհ?, Nosrat al-Din Mirza Salar es-Saltaneh?, Ahmad Mirza Azd es-Saltaneh?, Touran Agha Khanoum Qajar?, Iftikhar al-Sultaneh?, Fakhr al-Molk Qajar?, Ismat al-Doulah?, Mahmoud Mirza?, Zia os-Saltaneh the 2nd?, Banu Uzma?, Afsar al-Dowleh?, Forouq od-Dowleh?, Qudrat al-Saltaneh?, Farah al-Saltaneh?, Akhtar al-Dowleh?, Sharaf al-Saltaneh?, Khadijeh Khanom Ezz al-Saltaneh? եւ Aziz al-Saltaneh?
Ստորագրութիւն

Նասր ալ-Տին Շահ Քաճար ( 16 Յուլիս 1831(1831-07-16)[1], Թաւրիզ, Իրան - 1 Մայիս 1896(1896-05-01)[1][2], Թեհրան, Իրան), Պարսկաստանի թագաւոր. երրորդ ամենաերկար եւ ամենահզօր կառավարիչներէն մէկը, որ ղեկավարած է երկիրը 48 տարի՝ 1848-1896:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թագաւորը յարգուած չէր տեղւոյն ցեղային եւ կրօնական առաջնորդներու կողմէն, որոնք անոր սահմանած կանոններուն եւ օրէնքներուն չէին հնազանդիր: Ան պարսիկ առաջին ժամանակակից միապետը եղած է, որ պաշտօնապէս Եւրոպա այցելած է 1873, 1879 եւ 1889 թուականներուն:

Ան շատ խելամիտ եւ զարգացած անձնաւորութիւն մըն եղած է: Տաղանդաւոր նկարիչ եւ գրող, հետաքրքրուած է պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ:

Նասր ալ-Տին թագաւորը ան այդ ժամանակ ամենամեծ հարեմը ունեցած է. հարեմի մէկ այլ տեսակ՝ պեխեր կամ դէմքին մազեր ունեցող 100 կիներէ բաղկացած:

Թագաւորը ունեցած է նաեւ անմիջականօրէն հարեմի պատմութեանն առընչուող մէկ այլ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն՝ լուսանկարչութիւնը: Անգլիա կատարած այցերու ընթացքին ան առիթը ունեցած է մանրամասն ծանօթանալու եւ հասկնալու լուսանկարչական գործընթացը: Ապա հարկ համարած է, որ լուսանկարչութիւնը տարածում ստանայ իր հայրենիքին մէջ եւ հիմնած է առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը Պարսկաստանի մէջ, որ կը գտնուէր Կոլեստան պալատէն ներս:

1873-ին Նասր թագաւորը այցելած է Սեն Փեթերսպուրկ, եւ Ալեքսանդր Բ.-ի հրաւէրով ներկայ գտնուած է պալէի ներկայացման, որ մեծ տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ: Տուն վերադառնալով, ան պալէի գոյութեան մասին տեղեկացուցած է իր հարեմին եւ ուզած է, որ կիներէն ոմանք կրեն պալէին յարմարեցուած հագուստներ:

Բոլոր պատկերները թագաւորը պահած է մասնաւոր ալպոմներու մէջ, որոնք մինչեւ այժմ կը գտնուին թանգարանի վերածուած Կոլեստանի պալատին մէջ:

Անտեսելով իր ժողովուրդի դժգոհութիւնը, ան միեւնոյն ատեն կարգ մը խոշոր բարեփոխումներ կատարած է, ինչպիսիք են՝ ճանապարհներ, հեռագրային եւ նամակատնային ծառայութիւններ կառուցելը եւ զինուած ուժերու քանակի յաւելումը:

Նասր ալ-Տին Շահը սպանուած է Շահ Ապտըլ-Ազիմի սրբավայրին մէջ՝ աղօթելու պահուն:[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]