Jump to content

Յովսէփ Ազնաւուր

Յովսէփ Ազնաւուր
Ծնած է 1854[1]
Ծննդավայր Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
Մահացած է Յունիս 1935
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Հռոմի գեղարուեստի կաճառ
Երկեր/Գլխաւոր գործ պուլկարական Սուրբ Էթիէն եկեղեցի, Պոլիս
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ
Անդամութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Կուսակցութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն

Յովսէփ Ազնաւուր (1854[1], Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն - Յունիս 1935, Գահիրէ, Եգիպտոս[2]), ուր իր հայրը տարիներէ ի վեր հաստատուած էր։ Ընտանեօք Պոլիս փոխադրուելէ վերջ՝ 1867-ին գացած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը էւ 1871-ին վերադարձած է ծնողքին քով: Հօր փափաքն էր որ ան նախ երկրագործութիւն, յետոյ մեքենագիտութիւն էւ ի վերջոյ փաստաբանութիւն սորվեցնել տալ. բայց տեսնելով որ այս փորձերէն եւ ոչ մէկը չի յաջողիր, Յովսէփին ձգած է ասպարէզի ընտրութիւնը։ Այդպէս, Յովսէփ մեկնած է Հռոմ ուսանելու համար գեղարուեստից վարժարանը:

Յովսէփ Ազնաւուր Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ ուսանած ժամանակ, միշտ առաջնակարգ հանդիսացած է փիլիսոփայական, երկրաչափական էւ պատմագիտական նիւթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ շատ յաջող եղած է գծագրութեան եւ մարմնամարզի մէջ:

1878-ին, տակաւին ուսանողութեան շրջանը ամբողջովին չաւարտած, երբ Տիբերիսի ընկերութեան ամառանոցը շինելու համար մրցում կը բացուի Հռոմի մէջ, Յովսէփն ալ կը մասնակցի այդ մրցումին եւ իտալացի բոլոր մրցակիցներուն մէջէն յաղթանակը տանողը կ'ըլլայ հայ համալսարանական ուսանողը, որուն կը յանձնուի այդ փառաւոր շէնքին կառուցումը: Յովսէփի այս առաջին յաջողութիւնը մեծ գոհունակութիւն եւ գնահատանք պատճառած է։ Տիբերիս ընկերութիւնը խնճոյք մը սարքած է ի պատիւ իրեն, որուն ներկայ եղած են իտալացի իշխաններ: Իր մարմնամարզական յաղթանակներն ալ մեծ եղած են, մանաւանդ Իտալիոյ մէջ։ 1876-ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզական մրցումներուն ինքը շահած է առաջին մրցանակը, մարմնամարզի բոլոր ճիւղերուն մէջ: Յ. Ազնաւուրի կառուցած շէնքերէն յիշենք հետեւեալները.

- Հռոմի մէջ՝ Տիբերիս ընկերութեան փառաւոր հանդիսասրահը,

- Պոլսոյ մէջ Թէփէ Պաշըի Թաղապետական եւ Բերայի նոր ֆրանսական թատրոնները,

- Ֆէնէրի պուլկարական երկաթեայ նշանաւոր եկեղեցին,

- Րէժի ծխախոտի ընկերութեան Ճիպալիի մեծ գործարանը,

- Սանասարեան Կիւլպէնկեան, Թօփալեան եւ Գաթըրճըօղլու խաները,

- Բրէնսէս Րուքիէ հանըմի եւ Բրէնս Ապպաս Հալիմի ապարանքները,

- Բրէնսէս Նիյմէթ Հանըմի, Բրէնս Մուհամէթ Ալիի Կնոջ եւ Պողոս պէյ Եուսուֆի դամբարանները.

եւ տակաւին ասոնց նման բազմաթիւ շէնքեր[3]:

Յ. Ազնաւուր եղած է Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն մին. Երկար տարիներ անդամակցած է Հ. Բ. Ը. Միութեան, եղած է Գահիրէի Թեմական Ժողովի անդամ, մասնակցած է Գահիրէի Հայ Գեղարուեստասիրաց միութեան, եղած է նախագահը Հայ մարմնամարզական ակումբին: Ինչպէս նաեւ, սատարած է իր կարողութեան չափով, ազգային բարենպատակ հաստատութիւններու: Համաշխարհային պատերազմէն առաջ Յ. Ազնաւուր Եգիպտոս փոխադրուած է։

Մահացած է Գահիրէ, 1935 Յունիսի վերջերը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #1014103770 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 2,2 Union List of Artist Names — 2010.
  3. «biyografi.net: Hovsep Aznavur»։ www.biyografi.net։ արտագրուած է՝ 2019-12-18