Յովհաննէս Տէրոյենց
Այս յօդուածը չի համապատասխանիր Ուիքիփետիայի հանրագիտական ոճի չափանիշներուն: Ցուցմունքներու համար կրնաք այցելել քննարկման էջը: Տե՛ս Ուիքիի ոճական ուղեցոյցը յօդուածը բարելաւելու ցուցմունքներու համար: |
Յովհաննէս Տէրոյենց | |
---|---|
Ծնած է | 1801 թուականին |
Ծննդավայր | Պրուսա |
Մահացած է | 24 Յունիս 1888[1] (86 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր | Արմաշի վանք[1] |
Մասնագիտութիւն | հրապարակախօս, հոգեւորական, բանասէր, թարգմանիչ |
Աշխատավայր | Սկիւտարի Ճեմարան[1] |
Յովհաննէս «պատուելի» Չամուրճեան, Տէրոյենց, ծնած է 1801 թուականին Պրուսայի մէջ։
Վերջին ներկայացուցիչներէն մէկն է մինչեւ 1850-ական թուականներու սերունդին, որ տարբեր մտայնութիւններու, ճաշակներու եւ շրջապատի մէջ արժեւորեց իր շնորհները, առաւելաբար կրօնական հետաքրքրութիւններով։
Յարութիւն Գ. Մրմրեան, որ ամէնէն աւելի զբաղած է Տերոյենցի մարդը եւ անոր գործը ներկայացնելու աշխատանքով, զայն կը յորջորջէ «աշխարհիկ Վանական»: Արփիար Արփիարեան, զայն կը նկատէ «կրօնասիրութիւնը կրօնամոլութեան տարած հռչականուն աստուածաբան»: Կարելի չէ իր անունը անջատել ամիրաներու, հոգեւորականութեան եւ ԺԹ. դարու առաջին կիսու աւագանիի սերունդէն, որուն հաշտ եւ հաւատարիմ մնաց իր պահպանողական ոգիով եւ համոզումներով, եւ զորս պաշտպանեց՝ նոր գողափարներու ջատաքով երիտասարդութեան դէմ։ Հմուտ մարդու տիպարն էր այդ օրերուն, ոչ անշուշտ այն իմաստով, որով մենք կ'ըմբռնենք այդ բառը՝ այսօր։ Ինքնաշխատութեամբ, մինչեւ իր օրերու հայ կեանքը, ապրումները եւ պահանջները ճանչնալու գնով էր մանաւանդ՝ որ կը դառնար տոկուն արժէք, հեղինակութեան, վճռական տեսակէտներու եւ ամուր համոզումներու տէր մարդ։
Հարիւրյիսունէ աւելի կը նկատուին ինքնագիր թէ թարգմանածոյ, գրաբար թէ աշխարհաբար, տպագրեալ թէ անտիպ իր հատորները, որոնք, սակայն, չեն կարդացուիր այսօր։ Անոնց մեծամասնութիւնը դրդուած է Հայաստանեայց եկեղեցիի ուղղափառութեան խոր հաւատքէն ու զայն կաթոլիկութեան եւ բողոքականութեան դէմ պաշտպանելու փութկոտութենէն, կիրքի՝ համազօր գուրգուրանքէն։ Այս մաքրակրօնութիւնը առաքինութիւն պարտադրեց միշտ, նոյնիսկ իր հակառակորդներուն։
Կրթութեան, ընկերային պաշտպանութեանց եւ բարոյական կացութիւններու մասին ալ ունի խորհրդածական էջեր, աշխարհաբարի խակ ու նախնական որակով։ 1884 թուականին հրատարակած է «Բասքալայ խորհրդածութիւնք» թարգմանածոյ գործը, որ նիշ մըն է իր գրական նախասիրութեանց եւ ախորժներու տեսակէտով։ 1846-1852՝ տարուան մը ընդմիջումով (1849), վարած է խմբագրութիւնը «Հայաստան»ի, գործակցութեամբ Մկրտիչ Աղաթոնի։ Համաձայն ժամանակակիցներու, ծանօթ էր տասնէ աւելի լեզուներու, եւ հեղինակութիւն մըն էր դաւանական, աստուածաբանական եւ եկեղեցական հարցերու մէջ։ Անտեղիտալի աւանդապաշտ մը եւ պահպանողական մարդու տիպար մը մնաց՝ մինչեւ իր մահը[2]: