Արմաշի Դպրեվանք
Արմաշի Դպրեվանք, հոգեւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն։
Արմաշ գաւառակ մըն էր, որ Նիկոմիդիոյ հիւսիս-արեւելքը կը գտնուէր։ 1920ին ունէր 300 տնուոր հայ, մօտաւորապէս 1500 բնակչութիւն, 220 աշակերտ՝ երկսեռ, Նարեկեան Վարժարանին մէջ։
Էջմիածինէն եկած նուիրակներու ջանքերով Արմաշի վանքը հիմնուած է իր ուխտաւորական նպատակները հաստատելու։
Արմաշ կը հիմնուի 1611 թուականին որպէս ուսումնարան, ուխտաւորական յարկաբաժիններ եւ մատենադարան։ Քանի մը տարի ետք հրդեհ մը կը պատահի։ 18րդ դարուն Արմաշի Չարխափան վանքին ձեռագիրները ժողվուած են։ 1786 թուականին կառուցուած է մատենադարանի յատուկ շէնք մը։ 19րդ դարու վերջաւորութեան, Չաքըր Հասանի արշաւանքի ժամանակ ոչնչացուած են վանքին բոլոր ձեռագիրները։ 1809ին կը վերակառուցուի վանական դպրոցը։ 1863ին Ստեփանոս Արք. Մաղաքեանի վանահայրութեան օրով կ'ունենայ տպարան մը, ուրկէ կը հրատարակուի «Յոյս» հանդէսը։
1889-ին, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կը նշանակուի Արմաշի վանահայր։ Դպրեվանքը ասկէ յետոյ ուղղակի կը կապուի Պոլսոյ Պատրիարքութեան ու պաշտօնական անունով կը կոչուի «Եկեղեցական Վարժարան Պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ»։
Կը գործադրէր վեց տարուան ուսում մը։ Աշակերտները առաջին տարուան աւարտին դպիր, երրորդէն յետոյ սարկաւագ, իսկ վեցերորդէն ետք աբեղայ կը ձեռնադրուէին։ Առաջին երեք տարին երկրորդական ուսման բոլոր դասերը ունէր կրօնագիտութեան կողքին եւ այս բաժինը լրացնողները վարժապետութեան կամ քահանայութեան համար բաւարար ուսում առած կը համարուէին։ Աշակերտներու թիւը 1896-1914ին հասած էր շուրջ 300ի։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի դասագիրք, Պոլիս։