Յարութիւն Շահրիկեան

Յարութիւն Շահրիկեան
Ծնած է 1860
Ծննդավայր Շապին Գարահիսար
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կոստանդնուպոլիս
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու թրքերէն
Մասնագիտութիւն Իրաւաբան
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ, 1860, Շապին Գարահիսար - 1915), ուսուցիչ, իրաւաբան[1], հայ յեղափոխական գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնը հոն ստանալով՝ Պոլիս կու գայ եւ կը վկայուի Կալաթա Սէրայի Լիսէէն[2]։ Ժամանակ մը ուսուցչութիւն ալ ըրած է իր ծննդավայրին մէջ։ Իննսունական թուականներուն՝ աշխատակցած է Շահնազարի «Հայրենիք»ին։Ամուսնացած է Տրապիզոնի մէջ։ 1896-ին կոտորածին՝ յայտնի ջարդարար Նէմլի Զատէ Հաճի Օսմանի հետապնդումին վրայ կ'ապաստանի Օսմանեան դրամատուն, երեք օր յետոյ դուրս ելլելուն՝ ձերբակալուելով բանտ կը նետուի։

Օտար միջամտութեամբ ներման արժանանալով, տասներեք ամսուան բանտարկութենէ վերջ ազատ կ'արձակուի։ Անգլերէն լեզուն սորվիլ՝ արգելափակ կեանքին միակ մխիթարութիւնը կ'ըլլայ։ Այլ եւս նոյն քաղաքը մնալը վտանգաւոր նկատելով՝ 97-ի վերջերը կը փախչի Պաթում, ապա Թիֆլիս, ուր ռուսերէն կ'ուսանի, քանի մը տարիէն լեզուին հմտանալով՝ քննութիւն կ'անցընէ եւ փաստաբանութեան վկայական կը ստանայ։ Բաւական ատեն կիրարկելէ ետք իր ասպարէզը՝ կը դադարի անկէ, Մանթաշէֆի գործերուն իբրեւ վարիչ կը պաշտօնավարէ։ Դաշնակցութեան կարկառուն դէմքերէն մին, անխոնջ աշխատանքով ձեռք բերած օրէնսգիտական իր հմտութեամբ եւ իր երկաթէ տրամադրութեամբ, կանուխէն նուիրուած է հանրային գործունէութեան եւ ապրած է միշտ իբրեւ անհաշտ ազատական։

Սահմանադրութեան հռչակումին կու գայ Պոլիս, եւ հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ կը ներկայանայ կրկին պայքարի նո՛յն մարդը, թէ՛ ազգին, թէ՛ երեսփոխանական պլոքին եւ թէ՛ մամուլին մէջ, բոլորին ակնածանքին առարկայ դառնալով։ Հրատարակած է ուշագրաւ յօդուածներու շարք մը «Ազատամարտ»ի մէջ[2], որուն անստորագիր խմբագրականներէն ոմանք իր գրիչէն ելած են։ Դաշնակցութեան բազմաթիւ թերթերու մէջ ունէր աշխատակցութեան իր բաժինը՝ Նինի, Վաղինակ եւ Ատոմ ծածկանուններով (այս վերջինը՝ իր զաւակին անունով): Ազգային երեսփոխան ընտրուած է Սկիւտարէն։

Անգամ մը Իթթիհատէն հրաւիրուած է անդամակցելու պետական խորհուրդի, բայց մերժած է։Երկերը. «Պետական նորոգութիւնն ու հողային հարցը», «Մեր հաւատքը», «Ազգային սահմանադրութիւնը», «Բարենորոգումներու հարցը», «Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը», «Ամուսնական խնդիրը»։ Ասոնցմէ զատ կայ «Ապազգայնացում» գիրքն ալ՝ իսկոյն փճացուած։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]