Jump to content

Յարութիւն Աբգարեան

Յարութիւն Աբգարեան, հայ վաճառական։

Հնդկահայ հարուստ վաճառական, որ եօթը պետութիւններու կողմէն շքանշաններով վարձատրուած է։ Ան սեփական նաւարան ունէր եւ իր կենդանութեան ժամանակ խոշոր գումարներ տուած էր՝ նոր Ջուղայի, Պասրայի, Պաղտատի հայոց եկեղեցիներուն, Նարեկայ վանքին, Լիմ եւ Կտուց անապատներուն։

Աբգարեանի գերեզմանը կը գտնուի Կալկաթայի՝ Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, հիւսիսային կողմը։ Որդիքը, Սէթըէ մեռաւ Լոնտոնի մէջ՝ անզաւակ, իսկ իր կարողութիւնն ալ անգլուհիի մը կտակեց․ Յովհաննէսն եւ Պաղտասարը՝ Սինկափուր, Ցէյլոն, Հոնկ Քոնկ եւ ուրիշ շատ տեղեր նաւարաններ եւ շոգենաւային ընկերութիւններ հաստատեցին, որոնք երկար ժամանակ՝ Յարութիւնի կտակի համաձայն, իրենց շոքենաւերով հայերը ձրի կը ճամբորդէին։

  • Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Հայկ ՏԷր-Աստուածատուրեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 16: