Jump to content

Յավհաննէս Փաշա Գույումճեան

Յովհաննէս Փաշա Գույումճեան
Ծնած է 6 Դեկտ. 1858
Ծննդավայր Բերա, Կ. Պոլիս
Մահացած է 11 Օգոստոս 1933
Քաղաքացիութիւն Թրքահպատակ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ

Յովհաննէս Փաշա Գույումճեան ծնած՝ Բերա, Կ.Պոլիս, 6 Դեկտ. 1858-ին, հայ կաթողիկէ ծնողներէ։ Նախահայրերը բնիկ Սվազցի էին, ուրկէ գաղթած են Պոլիս եւ կարեւոր պաշտօններ վարած թրքական կառավարութեան մէջ։ Իսկ մայրը կը պատկանէր Հալէպի ծանօթ Հավա գերդաստանին։

Բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով, ըստ հին սովորութեան՝ փոքրիկն Յովհաննէս նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տունը, մասնաւորապէս իրեն համար բերուած Ֆրանսացի խնամակալ ուսուցչուհիէ մը։ Նախ տարի մը կը յաճախէ Պոլսոյ Մխիթարեանները, յետոյ նոյն միաբանութեան Վիեննայի դպրոցը, ուրկէ 14 տարեկանին կ'անցնի Փարիզ, ուր ուսումը կը շարունակէ այն ժամանակ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Յիսուսեաններու մէկ դպրոցին մէջ։

Նախնական ուսումը աւարտելէ ետք, Փարիզէն կը վերադառնայ Պոլիս, ուր ժամանակ մը կը զբաղի թրքերէնը տիրապետելու աշխատանքին։

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ պաշտօն կը ստանձնէ 1877-ին, ուր տասնհինգ երկար տարիներ պաշտօնավարելէ ետք, իր ցոյց տուած ուշիմութեան եւ որպէս գործունեայ երիտասարդ ունեցած ընդունակութեանց շնորհիւ, Հռոմի թրքական դեսպանութեան աւագ քարտուղարը կը նշանակուի։

Այս կարեւոր պաշտօնին ձեռնարկելու մեկնելէ առաջ, կ'ամուսնանայ Պոլսոյ յայտնի հարուստներէն եւ երեւելիներէն բնիկ Նախիջեւանցի Յակոբ էֆ. Քէօչօղլուի դստեր՝ Օրդ. Պերճուհիի հետ։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինչպէս ծանօթ է, Սուլթան Համիտի գահակալութեան օրով, ոչ միայն հայ ժողովուրդի խոնարհ խաւը հալածանքի ու ջարդերու ենթարկուեցաւ, այլ դահիճը իր թաթը երկարեց պետական հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, հարուստներու եւ մտաւորականութեան նոյնպէս։ Այս անպատում չարչարանքներէն եւ հալածանքներէն Փաշան զերծ մնաց, Հռոմի մէջ տասնհինգ տարուան խաղաղ եւ գործունեայ շրջան մը բոլորելով։ 1908-ին, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր նախ երեսփոխան կ'ընտրուի, որմէ ետք Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ խորհրդատուի պաշտօնին կը կոչուի։ Այս կարեւոր պաշտօնը կը վարէ այնպիսի խոհեմութեամբ եւ առողջ դատողութեամբ, որ կառավարութեան վերին իշխանութեանց ջերմ գնահատանքին կ'արժանանայ։ Անոր պաշտօնավարութիւնը կը զուգադիպի քաղաքական խառնաշփոթ շրջանի մը թուրք - իտալական եւ պալքանեան պատերազմներու ընթացքին։ Հակառակ բազում դժուարութեանց եւ խոչընդոտներու, Փաշան կը յաջողի իր ճշմարիտ քաղաքագէտի կարողութիւնը ցոյց տալ։ 1912-ին, Գաբրիէլ Նորատունկեան Արտաքին Գործոց նախարար կը նշանակուի։ Տեսնելով որ երկու քրիստոնեաներու, մանաւանդ հայերու, Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ ունեցած բարձր դիրքը կրնայ թուրքերու նախանձը գրգռել, այս երկուքին միջեւ եղած բարեկամական հասկացողութեամբ մը Յովհաննէս Փաշա Գույումճեան կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կ'ընդունի Լիբանանի կառավարիչի պաշտօնը, զոր ժամանակ մը առաջ մերժած էր։ Իր այս ընթացքը եւրոպական պետութեանց գնահատանքին կ'արժանանայ, որոնք համաձայնագիրը կը վաւերացնեն, եւ ինքն ալ Սուլթանէն մասնաւոր հրովարտակը առնելէն ետք, կ'ուղղուի դէպի Լիբանան: Այս առիթով է որ Փաշա տիտղոսը կը տրուի իրեն։ 15 Դեկտեմբեր 1912-ին, Յովհաննէս Փաշա Գույումճեան կը հասնի Պէյրութ եւ Փաշայի մը վայել փառաւոր ընդունելութեան կ'արժանանայ։

Հազիւ քանի մը տարի պաշտօնավարած, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը կը ծագի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Փաշային գործունէութեան դանդաղեցման։ Այլ պատճառ մը եւս ամլութեան ենթարկեց անոր գործունէութիւնը.-թէեւ Լիբանանի կառավարիչները կը նշանակուէին եւրոպական պետութեանց հաւանութեամբ, բայց եւ այնպէս անոնց պաշտօնի ձեռնարկելէ ետք, թուրքը խիստ քննութեան կ'ենթարկէր անոնց գործունէութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէր ու ապիկար միջոցներու կը դիմէր գործերու ընթացքը իր ուզածին պէս ուղղելու։ Թուրքը մէկ նպատակ ունէր՝ պահել Լիբանանը պառակտուած, ժողովուրդը իրարու դէմ լարուած, եւ երկիրը աւերակներու դժոխային վիճակի մը մէջ ձգել։ Այս բոլորին վրայ կ'աւելնայ այն երեւոյթը, որ յաճախ տիւրզիներն ու մահմետականները փաշաներուն քրիստոնեայ ըլլալը պատճառաբանելով, անոնց չէին աջակցեր եւ անտեղի դժուարութիւններ կը յարուցանէին։ Յաճախ մարոնիներն ալ իրենց մէկ քմահաճոյքին չգործադրուիլը տեսնելով, ըմբոստութեան դրօշը կը պարզէին։ Փաշան ամենայն վեհանձնութեամբ եւ քաջութեամբ, ընկղմելու մօտ եղող նաւու մը նաւապետին պէս, մինչեւ վերջին վայրկեանը չհեռացաւ ու չյուսահատեցաւ։ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ փաշայի մը (յատկապէս հայ) գոյութիւնը թուրքին համար վնասակար էր։

Պաշտօնէ հեռացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915-ին, Փաշան բռնի ուժով հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, առանց եւրոպական պետութեան հաւանութեան։ Լիբանան կորսնցուց իր բոլոր առանձնաշնորհումները։ Յարաճուն տուրքեր, ինչքի պետականացում, արիւն եւ թալան յաջորդեցին իրարու։ Յովհաննէս Փաշա միշտ ալ սերտ յարաբերութեան մէջ էր իր ժամանակին Լիբանան գտնուող հայերու հետ։ Ան յաճախ կ'այցելէր Զմմառի հայոց վանքը:

Փաշան պաշտօնէն հեռացուելէն ետք, երկու ամիս եւս կը մնայ լիբանան՝ կնոջ անակնկալ անհանգստութեան պատճառով.յետոյ ծպտեալ, Ատանայի ճամբով կ'ուղղուի Պոլիս, ուրկէ անմիջապէս կ'անցնի Հռոմ։ Զինադադարէն ետք, ինչպէս բոլոր թրքահայերը՝ զրկուած իր կալուածներէն, համեստ ու մեկուսացած կեանք մը ապրեցաւ Հռոմի մէջ, ուր մեռաւ 11 Օգոստոս 1933-ին։

Բնաւորութեան գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհաննէս Փաշա Գույումճեան ազնիւ, հեզահամբոյր եւ գթառատ անձնաւորութիւն մըն էր։ Իր արտաքին յարաբերութեանց մէջ որքան մտերիմ եւ ընկերային, ընդհակառակը պաշտօնական գործերու նկատմամբ այնքան խստապահանջ եւ աններող էր։ Սիրտն ու տան դուռը միշտ ալ լայնօրէն բաց էին բոլոր անոնց համար որոնք իր աջակցութիւնը կը խնդրէին։ Կարճ ժամանակուան մը ընթացքին, լաւ համբաւ մը տարածած էր իր շուրջը որպէս գործունեայ, ուղղամիտ եւ բարեսիրտ անձնաւորութիւն մը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերը Լիբանանի մէջ, հատոր Ա, էջ 215