Jump to content

Յասմիկ

Յասմիկ կամ Նազվարդ (Արաբերէն՝ -یاسمین), ձիթենազգիներու ընտանիքի թուփերու ցեղէն։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (Սիւնիք, Լոռի, Տաւուշ, Երեւան) տարածուած է 1 տեսակ՝ թփուտային յասմիկը (J. fruticans), որ 1մ բարձրութեամբ թուփ մըն է։

Արտաքին տեսքով, այս բոյսը կ'առանձնանայ իր տեսակին միւս ներկայացուցիչներէն՝ իր կանգնած կամ գանգուր թուփերով, բարակ եւ սահուն ցօղունով, որ ծածկուած է եռակի, պարզ, մութ կանաչ եւ պինդ տերեւներով: Ցօղունը կ'աւարտի կանոնաւոր ձեւի մեծ ծաղիկներով: Յասմիկին ծաղիկները (հովանոց կամ առանձին) կը հաւաքուին վահաններով, որոնք ըստ բոյսին տեսակին, կողային կամ փափկամազ են: Յասմիկին բոյրը շատ հաճելի է եւ մեղմ[1]:

Յասմիկ պահելու համոզիչ պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յասմիկը շատ գնահատուած է իր բուրաւէտ ճերմակ ծաղիկներուն եւ փարթամ կանաչ տերեւներուն համար: Անիկա օժտուած է առողջարար օգուտներով. յասմիկին բոյսը կենսամիջավայրին մէջ ներառելը կրնայ զգալիօրէն բարելաւել բարեկեցութիւնը ոչ միայն բոյր եւ գեղեցկութիւն հաղորդելով, այլեւ` առողջ միջավայր ստեղծելով:

Յասմիկը

  • Կը բարելաւէ քունի որակը, կը նուազեցնէ անհանգստութիւնն ու լարուածութիւնը, որոնք անքնութեան հիմնական պատճառներէն են: Ննջարանին մէջ յասմիկի բոյս մը ունենալը կը պարգեւէ խոր եւ հանգիստ քուն:
  • Կը նուազեցնէ ընկճախտի աստիճանը: Հաստատուած է, որ յասմիկին հանգստացնող բոյրը զգալի ազդեցութիւն ունի տրամադրութեան վրայ` թեթեւցնելով ընկճախտն ու անհանգստութիւնը:
  • Կը բարձրացնէ ճանաչողական գործառոյթը: Յասմիկին բոյրը կը բարելաւէ զգօնութիւնն ու կեդրոնացումը:
  • Օդը մաքրող բնական միջոց է: Յասմիկը նաեւ տան օդը մաքրելու յատկութիւն ունի: Ան կը կլանէ բնածխական կազը եւ թթուածին կ'արձակէ`ներքին միջավայրը դարձնելով աւելի մաքուր եւ շնչող: Օդի մաքրութեան այս բնական միջոցը կը նպաստէ շնչառական համակարգի առողջութեան:
  • Կը նուազեցնէ հոգեբեկումը: Յասմիկէն ստացուած եթերային իւղերը մինչեւ օրս կ'օգտագործուին հոգեկան խանգարումներու բուժման մէջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]