Յաղթանակ (ամսաթերթ)
Արտաքին տեսք
Յաղթանակ, քաղաքական, հասարակական եւ գրական ամսաթերթ։ Հնչակեան կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի վարչական մարմնի հրատարակչութիւն։ Լոյս կը տեսնէ 1971-էն Փարիզ (հայերէն եւ ֆրանսերէն), խմբագիր՝ Պ. Կէօնճեան։ Սփիւռքահայութեան գոյատեւման եւ Հայ դատի արդարացի լուծման նախապայման կը համարէ սփիւռքի մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, ընկերակցութիւններու ու հայ եկեղեցւոյ միասնական գործունէութիւնը։
Ամսաթերթը կը տպագրէ տեղեկութիւններ կուսակցութեան գործունէութեան, հայկական գաղթավայրերու եւ հայրենիքի իրադարձութիւններու վերաբերեալ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |