Jump to content

Կուսակցութիւն


Կուսակցութիւն մը կազմակերպուած ամբողջութիւնն է քաղաքական կամ ընկերային միեւնոյն ուղղութիւնը եւ միեւնոյն առաջադրանքները ունեցող մարդոց։

Ազգային, քաղաքական թէ ընկերային-տնտեսական մեծ ծրագիրներ կարելի չէ իրականացնել իրարմէ անջատ եւ իրարմէ անկախ աշխատող անհատներու ցրուած ճիգերով։ Ահա թէ ինչո'ւ հիմնական միեւնոյն նպատակներն ու գործելակերպը բաժնող անհատները քով քովի կու գան, կը կազմակերպուին, կը համադրեն իրենց ճիգերը, հնարաւորութիւններն ու միջոցները, միասնաբար հասնելու համար իրենց հաւաքական առաջադրանքներուն։ Այս ձեւով է որ կը կազմուին կուսակցութիւնները։

Պարզ է, անշուշտ, մեկնակէտը կ'ըլլայ միշտ՝ որոշ իտէալ մը ունեցող գաղափարապաշտ ուժեղ անհատ մը կամ ընկերային-քաղաքական յստակ տեսլականի մը իրականացման ձգտող նուիրեալներու կորիզ մը, որոնք իրենց շունչով եւ հաւատքով կը վարակեն բազմութիւնները, անհատներու ամբողջութեան կուտան կազմակերպական կառոյց, իրագործելի յստակ առաջադրանքներ եւ, իրենց իսկ նուիրումով, օրինակ կը ծառայեն բոլորին։ Եթէ առաջադրանքը ժամանակաւոր է կամ հետապնդուած նպատակը ոչ հիմնական, կազմակերպութիւնը ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար կը քայքայուի, մանաւանդ հիմնադիր կամ առաջնորդող անհատներու մահէն ետք։ Իսկ երբ նպատակները հիմնական են, ունին գաղափարական ուժեղ խարիսխ եւ համավարակ բնոյթ, կուսակցութիւնը կը գոյատեւէ եւ կը բարգաւաճի՝ նաեւ հիմնադիրներու մահէն շատ ետք։

Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կ'ունենայ իր ծրագիրը։ Ծրագիրը կուսակցութեան անդամներուն գաղափարական առաջնորդն է, կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն տեսական եւ պատճառաբանուած բանաձեւումը։ «Որոշ պահանջներու յայտագիր եւ որոշ մտածումի յայտարար»։

Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կ'ունենայ նաեւ իր կանոնագիրը, որ կազմակերպական կանոններու ամբողջութիւնն է։ Կանոնագիրն է որ կը ճշդէ կուսակցութեան անդամներու պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, ընդհանուր կերպով՝ գործելու եւ վարուելու եղանակը, անհատ անդամներու եւ անոնցմէ ընտրուած մարմիններու փոխ-յարաբերութիւնները, ժողովական կարգ-կանոնը եւայլն։

Անհատին մասնկացութիւնը կուսակցութեան մը չի կրնար ըլլալ պարտադիր, այլ միայն ինքնակամ։ Գիտակցօրէն եւ ազատ ընտրութեամբ կատարուած ինքնակամ այդ մասնակցութիւնը, սակայն, եթէ անկեղծ է, կ'ենթադրէ ամբողջական նուիրում՝ որոշ մարզերու մէջ զոհելու իր անհատական եսը, զայն միաձուլելու համար յստակ առաջադրանքներով գործող կազմակերպութեան մը հաւաքական եսին հետ։ Կուսակցութեան մը անդամներուն անհատական վարմունքի եւ գործելակերպի ազատութեան ինքնապարտադիր այդ սահմանափակումը՝ այդ կուսակցութեան ոյժն իսկ է։

Արդ, ուրեմն, կոսակցութեան մը անդամակցելու համար հարկ է ամէն բանէ առաջ անկեղծօրէն հաւատացող ըլլալ անոր նպատակներուն եւ առաջադրանքներուն,- այսինքն՝ իւրացնել այդ կուսակցութեան գաղափարական աշխարհը բանաձեւող ու մտածելակերպը տարազող ծրագիրը։ Ապա նաեւ նոյնքան անհրաժեշտ է ճանչնալ եւ ընդունիլ անոր կազմակերպական կառոյցը պայմանաւորող կանոնները, անհատ անդամներու, մարմիններու եւ ժողովներու փոխադարձ պարտաւորութիւններն ու իրաւասութիւնները,- մէկ խօսքով առաջնորդուիլ այդ կուսակցութեան կանոնագիրով։ Ասով իսկ՝ անհատը ընդունած կ'ըլլայ կազմակերպութեան հաւաքական տրամադրութիւնները- ժողովներու եւ մարմիններու որոշումներով արտայայտուող—գերադասել իր անհատական տրամադրութիւններէն՝ հաւանական որեւէ հակադրութեան պարագային։ Ան կը դառնայ կուսակցութեան մարդ՝ բառին գաղափարական ( ծրագիր, մտածելակերպ) եւ կազմակերպական ( կանոնագիր, որոշումներու ենթակայութիւն) կրկնակ բովանդակութեամբ։

Եւ ընդհանրապէս կուսակցութիւնները այսպէս է որ կը պայմանաւորեն անհատ թեկնածուներու ընդունելութիւնը իրենց կազմէն ներս։ Ենթական պէտք է իրը ընէ կուսակցութեան ծրագիրը, ենթարկուի անոր կանոնագրին եւ կատարէ կազմակերպական պատկան միաւորներուն կողմէ իր վրայ դրուած նիւթական եւ բարոյական պարտականութիւնները։ Նիւթական պարտաւորութիւնները կը կազմեն ընդհանուր յատկանիշ՝ կազմակերպուած բոլոր հաւաքականութիւններուն համար, իսկ բարոյական պարտաւորութեանց հրամայականը կարեւոր չափով փոփոխական է՝ ժողովական պարզ ներկայութենէն մինչեւ զոհողութեան եւ զոհաբերութեան ծայրագոյն աստիճանները, նայած տուեալ կուսակցութեան գաղափարական ուժին, առաջադրանքներուն եւ աւանդութեանց։

Ընդհանուր առմամբ, կուսակցութիւնները այլ պահանջ չեն ունենար իրենց անդամներէն։ Եւ ի մասնաւորի՝ անդամներու զուտ անհատական կեանքը, խառնուածքը, անձնական թէ հանրային բարոյական ըմբռնումները, նկարագրային գիծերը, արտակուսակցական հարցերու մէջ անոր կեցուածքն ու վարուելակերպը ընդհանրապէս նկատի չեն առնուիր։ Կամ նկատի կ'առնուին մասնակի կերպով եւ բացառիկ պարագաներու միայն, երբ անհատի նկարագրին այս կամ այն յատկանիշը, անոր մարդկային այս կամ այն տկարութիւնը կրնան զինք ոչ պիտանի դարձնել կուսակցական որոշ առաջադրանքի մը իրականացման մարզին մէջ, պատճառ հանդիսանալ մասնաւոր ծրագրի մը ձախողութեան, հրապարակային գայթակղութեան մը եւ, ատով իսկ, վնասել կազմակերպութեան վարկին։ Ան առհասարակ, սակայն, անձնական խառնուածքի եւ վարմունքի նման յատկանիշներ անհատին կազմակերպութեան անդամ ըլլալ թէ չըլլալը չեն պայմանաւորեր[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հրաչ Տասնապետեան|Ո՞վ Է Դաշնակցականը|5,6,7,8