Jump to content

Յակոբ Օգճեան


Ծնած է 22 Մայիս 1948
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Կարողութիւն Արաբերէն լեզուի թարգմանիչ
Մասնագիտութիւն Ատամնաբոյժ նաեւ տիրացած է Արաբերէն թարգմանչական արուեստին
Աշխատավայր Կիլիկեան ճեմարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետ, Ազգային Միութենական Գործունէութիւն
Ամուսին Ալին Թարխանեան
Երեխաներ Մարիա, Յարութ, Պայքար

Յակոբ Օգճեան (ծն․՝ 22 Մայիս 1946, Հալէպ (Սուրիա)), Ատամնաբոյժ, համայնքային գործիչ: Յակոբ Օգճեան քաջածանօթ է Արաբերէնին եւ տիրացած է թարգմանչական արուեստին: Կիլիկեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան փոխատենապետ:

Ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեան ծնած է Հալէպ եւ կարճ ժամանակ անց կը տեղափոխուին Րաքքա ուր կը յաճախէ Ազգային Նուպարեան Վարժարան եւ շրջանաւարտ եղած է 1959-1960 տարեշրջանին, բացառիկ յաջողութեամբ: Ապա յաճախած է տեղւոյն Պետական Երկրորդական Վարժարանը, որուն ընթացքը բոլորելով ձեռք ձգած է Սուրիական Պաքալորէա՝ բարձր գնահատականով:

Այնուհետեւ ընդունուած է Դամասկոսի Բժշկական Համալսարանը, որուն Ատամնաբուժական Կաճառը աւարտած է 1974-1975 տարեշրջանին, արժանանալով իր դասախօսներու գովասանքին:

Ապա հաստատած է իր սեփական Ատամնաբուժական կեդրոնը ուր աշխատած է 37 տարիներու ընթացքին մինչեւ ընտանեօք Հայաստան տեղափոխուիլը 2016-ին:

Ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեան կանուխէն մտած է հանրային-հասարակական կեանքէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ զարկ տալով Հայանպաստ գործունէութեան:

1975-ին, ան լոյս ընծայած է նաեւ Մանուկներու Ատամնային առողջապահութեան գիտելիքներ, վերտառութեամբ գրքոյկ մը, զոր ներկայացուցած է որպէս աւարտական թէզ՝ արժանանալով D.D.S կոչումին:

Ազգային Միութենական Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայանպաստ գործունէութիւն տարած է եւ կը տանի ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեանը:

Ան կանուխէն մտած է հանրային-հասարակական կեանքէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է Ազգային Մշակութային Միութեան եւ Ուրֆայի Վերածնունդ Միութեան Վարչութեան անդամ: Ան մաս կը կազմէ այս վերջնոյն «Գերագոյն Խորհուրդ»-ին:


1960-1970 թթ. իր անձնուէր աշխատանքով լծուած է Ազգային Մշակութային Միութիւն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն, Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւններուն մէջ:

Ան անդամակցած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակ կուսակցութեան, անոր սոցիալիստական գաղափարաբանութիւնը համապատասխան գտնելով իր ընկերային հաւատամքին:

1992-էն ի վեր ան կը վարէ Կիլիկեան ճեմարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետի պաշտօնը, զարկ տալով դպրոցի բարգաւաճման: Ան անդամ է Կիլիկեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան, որուն փոխատենապետն է:

Հրատարակչական աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբ Օգճեան քաջածանօթ է Արաբերէնին եւ տիրացած է թարգմանչական արուեստին: Ան Արաբերէնի թարգմանած է Լիբանանի հռչակաւոր իրաւագէտ Մուսէ Բրէնսի մէկ պատմական երկասիրութիւնը, որ կը գրէ «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐ» խորագիրը, հրատարակուած Կիլիկեան Մշակութային Միութեան կողմէ, դպրոցին 75-ամեակին առիթով:

ՀՀ նախագահի հրամանագիրով, «հայրենիք-սփիւռք կապերի զարգացմանը բերած նպաստի, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործում ներդրած աւանդի համար» Հայաստանի Հանրապետութեան պետական Մխիթար Հերացիի մետալով պարգեւատրուած է համայնքային գործիչ՝ ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեանը: