Մովսէս Թօփճեան

Մովսէս Թօփճեան
Ծնած է 10 Յուլիս 1951
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն դաշնամուր, օրկ, ձեռնադաշնակ, պուզուքի, սազ, եւ հարմոնիքա նուագահար
Մասնագիտութիւն Երգիչ, երգահան
Ամուսին Սիւզան Գաբրիէլեան
Ծնողներ Ներսէս Թօփճեան , Իսկուհի Թօփճեան-Ճիպիլեան
Երեխաներ Ալին Թօփճեան-Պչաքճեան, Ներսէս Թօփճեան

Մովսէս Թօփճեան (ծնած՝ 10 Յուլիս 1951-ին, Հալէպ, Սուրիա - Մահ՝ 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հալէպ, Սուրիա[1]։ Երգիչ, երգահան Մովսէս Թոփճեան հմտօրէն կը նուագէր դաշնամուր, օրկ, ձեռնադաշնակ, պուզուքի, սազ, եւ հարմոնիքա։ Հայերէն երգերու կողքին, երգած է միջազգային տարբեր լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ յունարէն։ Ան հմտօրէն կը խօսէր յունարէն լեզուն:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մովսէս Թոփճեան կամ Թօփճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Հայրը՝ Ներսէս Թօփճեան, Այնթապցի, իսկ մայրս Իսկուհի Ճիպիլեան, Թոմարզացի։ Ուսումնական տարիները անցուցած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս։ Փոքր տարիքէն ունեցած է յատուկ սէր երաժշտութեան եւ երգարուեստին հանդէպ։ Վարպետ արուեստագէտներու հսկողութեամբ մարզուած եւ տիրացած է զանազան նուագարաններ գործածելու հմտութեան։ Երգարուեստի ուղին սկսած է մաս կազմելով ծննդավայրի երգչախումբերուն։

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ դպիր ապա սարկաւագ ծառայելով, 1961-էն մինչեւ 1978, Մովսէս Թօփճեան իր մեծագոյն արժանիքը՝ հզօր ձայնն ու տաղանդը սպաս դրած է իր հայ եկեղեցական հոգեւոր մշակոյթին: Այն տարիներուն ծառայող քահանան՝ Տէր Կարապետ Նալպանտեանն էր[2]։

  • 1970-ին կը հիմնէ իր առաջին նուագախումբը, կը դառնայ նուագախումբին մեներգիչը՝ միաժամանակ օրկ նուագելով։
  • 1974-ին ընդունուած է իբրեւ անդամ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան (Սենտիքան), որուն ծառայած է հաւատարմօրէն։
  • 1979-ին կ'ամուսնանայ արաբերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Սիւզան Գաբրիէլեանին հետ, եւ անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով, դուստրը՝ Ալին, մանչը՝ Ներսէս: Ալինն ու Ներսէսը նոյնպէս օժտուած են երգի եւ նուագի շնորհներով:

Ան մեծ ճանաչում ձեռք բերած է իբրեւ յունարէն երգի թիւ մէկ երգիչ վարպետօրէն մեկնաբանելով, եւ զուգահեռ հնչեցնելով ՊՈԻԶՈՒՔՔԻ-ի լարերը հարստացուցած է իր ելոյթներու երգացանկին յայտագիրը։ Աշխատած է Յունաստանի, «Ալիպապա» պանդոկին մէջ իբրեւ ամէնօրեայ երգիչ, 1981-էն մինչեւ 1983: Իսկ, Կիպրոսի մէջ, 1985-ին կը դառնայ «Աթլանթիքա» պանդոկի երգիչը[2]:

Երգած է Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ճաշարաններուն եւ պանդոկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան, Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ, Յունաստան եւ Կիպրոս։

Իր յօրինած երաժշտութեան երգերէն է՝ «100 տարի ետք» (100 Dari Yedk) խորագրով երգը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին: Կատարողութեամբ՝ Ալին Թօփճեան, խօսք՝ Շահանդուխտ, Գործիքաւորում՝ Ներսէս Թօփճեան, ձայնագրութիւն՝ Սդուտիօ Սեդօ Պաղտասարեան Լիբանան [3]:

50 տարիներու երգարուեստի բեղուն կեանքը դադար կ’առնէ 2019-ին անակնկալ հիւանդութեան պատճառաւ եւ ան կը դադրի արուեստի գործունէութիւնէն։

Երգելը իր կեանքի մշտադալար ուղին էր: Ի վերուստ օժտուած էր երգելու շնորհքով: Ինք սիրոյ մղումով աճեցուց այդ աստուածային ձիրքը կէս դար շարունակ: Արուեստի բարձր ճաշակով, բարոյական սկզբունքով եւ պանծալի երթով արժեւորեց երգիչ ըլլալու հանգամանքը[4]:
- Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան


Երաժշտական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով, 21 Յունիս 2020-ին, համաշխարհային երաժշտութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին, եւ առ ի գնահատանք իր երգարուեստի տարիներու բեղուն աշխատանքին, Մովսէս Թօփճեանը կը պարգեւատրուի Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան կողմէ իբրեւ վաստակաւոր երգահան երգիչ[2]:

Ամուսնական կեանքի պտուղները` Ներսէսը եւ Ալինը դարձան ջահակիրները իրենց հօր: Անոնք իրենց հօրը օրինակին հետեւելով կը քալեն երգարուեստի լուսաշող եւ խորհրդաւոր ճանապարհէն:

Ի վերջոյ, շնորհքը աստուածային “դրամագլուխ” է, երբ օգտագործենք բարիին համար կը կոչուինք իմաստուն տնտես, իսկ եթէ անտարբերութեամբ վատնենք մեր մէջ սերմանուած շնորհքները` կը սնանկանանք բարոյապէս, հոգեպէս, նոյնիսկ` նիւթապէս: Թող Աստուած հանգուցեալ երգիչ Մովսէսին արքայութեան արժանի ընէ եւ մնացողաց Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը պարգեւէ:

Յիշատակն է անթաղելին, գործն է գովելին եւ գործին արձագանգն է եզակին[4]:
- Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]