Jump to content

Մոսկուայի հայկական տպագրութիւն

Մոսկուայի Հայկական Տպագրութիւն, 1819-ին, Մոսկուայի մէջ, ֆրանսացի Օկիւսթ Սեմենի տպարանին մէջ հրատարակուեցաւ առաջին հայերէն գիրքը՝ Սերովբէ Վարդապետին «Ծաղիկ Գիտութեանց» հանրագիտական բառարանը։ Յետագայ տասը տարիներուն ընթացքին ան հրատարակեց Հ․ Ալամդարեանին՝ «Համառօտ Բառարան Ի Ռուսաց Լեզուէ Ի Հայ» (1821), Լազարեան Ճեմարանի սաներուն ստեղծագործութիւններուն «Մուգայք Արարատեան» ժողովածուն (1829), Ալ․ Խուդաբաշեանի Մոսկուայի Հայկական տպագրութեան հրատարակութիւններէն «Բառարան Ի Հայկական Լեզուէ Ի Ռուսաց Բարբառ»-ը (հ․ 1—2, 1838) եւ շարք մը դասագիրքեր։

Բոլոր հրատարակութիւններուն վրայ տպարանատիրոջ անունը յիշուած է, որպէս Օկոսա Սեմենեանց կամ Օկոսաեան Սեմեն։ Յետագային Օ․ Սեմենի հայերէն տառերը փոխանցուած են Վլատիմիր Տոթիէին, որու հայերէն հրատարակութիւններէն են՝ «Ծաղկաքաղ Յառակացն Քռիլովի, Տմիթրինի Ա․ Խեմնիցերի» (1849), Մ․ Էմինի «Վեպք Հնոյն Հայաստանի» (1850), Ս․ Նազարեանի «Ցաղագս Փորձնական Հոգեբանութեան․․․» (1851) եւ «Առաջին Հոգեղէն Կերակուր․․․» (1853), Գ․ Ախվերդեանի յայտնաբերած Սայեաթ-Նովայի տաղերը (1852), Ոսկան Երեւանցիի աշխատասիրութեամբ գուսաններ Ազբար-Ադամի, Նիրանիի, Շիրինի, Սեյյադի երգերը (1855—1859), Ստ․ Օրբելեանի «Պատմութիւն Ի Վերայծագման Տոհմին Օրբելեանց․․․» (1858), Մ․ Մսերեանի «Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Էջմիածնի»-ն (1876)։ Մոսկուայի մէջ առաջին Հայկական տպարանը 1829—1860 թուականներու վերջերը գոյատեւած Լազարեան Ճեմարանի ապարանն է։ 19-րդ դարու 60-ական թուականներէն սկսեալ, Մոսկուայի մէջ հայերէն գիրքեր տպագրուեցան Մոսկուայի Համալսարանի, Կատկովի եւ ընկ՝․ Կուդրեավցեւի, Օ․ Հերբեկի, Ե․ Գուդվիլդովիչի, է․ Բարֆինեհթի, Վ․ Գատցուկի եւ այլ տպարաններու մէջ։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին Մոսկուայի հայկական ամենամեծ տպարանը Մկրտիչ Բարխուդարեանինն էր (վերջին շրջանին տպարանը ղեկավարեց անոր այրին՝ Քրիստինէ Բարխուդարեանը)։ Այս տպարանի հրատարակութիւնները կը հասնին շուրջ 150 անուններու։ Անոնցմէ են Յ․ Թումանեանի, Ալ․ Ծատուրեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուները, գրական-բանասիրական ծանրակշիռ գործեր,«Հիւսիսափայլ»-ը, «Ճռաքաղ»-ը, «Համբաւաբեր Ռուսիո»-ն եւ այլն։ Նշանաւոր էին նաեւ Ե․ Աւետիքեանի եւ Կ․ Մուրադեանցի տպարանները։

20-ականներու սկիզբի տարիներուն, բեղումնաւոր էր Հայկական գործերու կոմիսարիատի տպարանը, ուր հրատարակուած են «Կարմիր Դրոշակ» թերթը, Վ․ Ի․ Լենինի «Պետութիւն եւ Յեղափոխութիւն» գործը՝ Վ․ Տէրեանի թարգմանութեամբ (1920) եւ այլ գիրքեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։