Հալիձորի ճակատամարտ
Հալիձորի ճակատամարտ | |||
---|---|---|---|
| |||
| |||
Հակառակորդներ | |||
Սիւնիքի հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած հայկական զինեալ ուժեր | Օսմանեան կայսրութեան բանակ | ||
Հրամանատարներ | |||
Հալիձորի ճակատամարտ․ զինուորական ընդհարում Սիւնիքի հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած հայկական զինեալ ուժերուն եւ Օսմանեան կայսրութեան բանակին միջեւ, Մարտ 1727, Ղափան, Սիւնիքի մարզ, Հայաստան։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւելեան Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարը մարմնաւորողը կ՛ըլլայ Դաւիթ Բեկ։ Ան, օգտուելով Պարսկաստանի ներքին հարցերէն, իր շուրջ հաւաքած հայկական զինեալ ուժերով կը յարձակի պարսկական զօրքերուն դէմ եւ զանոնք Սիւնիքէն եւ արեւելեան Հայաստանէ դուրս կը վտարէ։ Սակայն միեւնոյն մտածումով, Օսմանեան կայսրութիւնը բանակներ կ՛ուղարկէ արեւելեան Հայաստանը գրաւելու համար։
1723-ին, Սիւնիքը եւ Ղարաբաղը անկախ կը հռչակուին։
12 Յունիս 1724-ին, Կոստանտնուպոլսոյ մէջ կը ստորագրուի ռուս-թրքական պայմանագիրը։ Երկու կայսրութիւնները իրարու միջեւ կը բաժնեն Սեֆեւեան պարսիկներուն ենթակայ Անդրկովկասի տարածքները։ Այսպիսով, արեւմտեան տարածքները կ՛անցնին թրքական գերիշխանութեան տակ․ ատրպատականը եւ հարաւային Կովկասի տարածքները՝ Հայաստան եւ Վրաստան։
1725-ին, օսմանեան կայսրութիւնը, որպէսզի իր իշխանութիւնը հաստատէ վերոնշեալ տարածքներուն վրայ, լայնածաւալ յարձակումի կը ձեռնարկէ եւ Սիւնիք կը ներխուժէ։ Հայերը կը յաջողին դիմադրել թրքական բանակներու յարձակումներուն։
Հալիձորի ճակատամարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1727-ին, թրքական յարձակումներէն պաշտպանուելու համար, Դաւիթ Բեկ հայկական ուժերով Հալիձորի բերդին մէջ կ՛ամրապնդուի։
Թրքական բանակը բերդը կը պաշարէ։ Թնդանօթներով կը ռմբակոծէ եւ յատուկ աշտարակներով ամրոցին կը մօտենայ։ Դաւիթ Բեկ նախ, գիշերուան մութէն օգտուելով, բերդէն ներս ապաստանած ժողովուրդը մօտակայ անտառին ապահով մէկ վայրը կը ղրկէ, իսկ ինքն ու հայ զինեալները կը շարունակեն դիմադրել օսմանեան բանակին։ Եօթը օր անընդհատ ռմբակոծումներէ եւ յարձակումներէ ետք, թուրքերը պաշարման օղակը հետզհետէ կը նեղցնեն, որպէսզի բերդ ներխուժեն։ Այս կացութեան առջեւ, Դաւիթ Բեկ եւ զինակիցը՝ Մխիթար Սպարապետ հակայարձակման ծրագիր մը կը մշակեն ու անմիջապէս կը գործադրեն։ Առաւօտ կանուխ, հայերը յանկարծ կը բանան բերդին մայր դուռը եւ 300 հայ ձիաւորներ դուրս կը սլանան եւ կը յարձակին յանկարծակի եկած եւ անպատրաստ թրքական բանակին վրայ։ Օսմանցի զինուորները խուճապի կը մատնուին եւ կը նահանջեն, իսկ մնացեալ հայկական ուժերը բերդէն դուրս քալով կը հալածեն նահանջող թրքական բանակը մինչեւ Արաքս գետ։ Մեղրի աւանին մօտ, տեղի կ՛ունենայ կռիւ մը, ուր հայերը իրենց յաղթանակը կ՛ապահովեն։
Հալիձորի ճակատամարտին հետեւանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հալիձորի եւ Մեղրիի յաղթանակներէն ետք, Պարսկաստանի թագաւորը՝ Շահ Թահմազ, Դաւիթ Բեկը կը ճանչնայ իբրեւ Սիւնիքի եւ Ղարաբաղի իշխան։ Իսկ Օսմանեան կայսրութեան բանակներուն հեռացումը ժամանակաւոր կ՛ըլլայ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ընտիր պատմութիւն Դաւիթ Բեկի կեանքէն, Ստեփան Շահումեան
- ↑ [https://www.dasaran.net/apps/wiki/view/id/7473 Դասարան Հանրագիտարան - Հալիձորի ճակատամարտ ]