Jump to content

Միհրան Սէրայտարեան

Միհրան Սէրայտարեան
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Միհրան Սէրայտարեան (Սարատարեան, - 1915), հայ բժիշկ։

Ծնած է Տրապիզոնի նահանգի, Կիրասոնի գաւառի՝ Կիրասոն քաղաքին մէջ՝ ունեւոր ու բարեկիրթ գերդաստանի մէջ։

Սկզբնական կրթութիւնն ստացած է ծննդվայրի ազգային վարժարանէն ներս, միջնակարգը՝ Մարզուանի ամերիկացի միսիոներներու Անատոլիա գոլէճէն ներս։ Բժշկական կրթութիւնն ստացած է ԱՄՆ-ի մէջ։ Մի քանի տարի աշխատած եւ կատարելագործած է ԱՄՆ-ի մէջ։ Վերադարձած է Կիրասոն եւ զբաղած է բժշկութեամբ։ Եղած է անուանի բժիշկ, հասարակական եռանդուն գործիչ, յարգուած՝ հայերու եւ օտարներու կողմէ։ 1915 թուականին ձերբակալուած եւ սպանուած է։

Կինը՝ Պայծառը, իր ձեռքերով փորած փոսերուն մէջ, իր մեռած երեխաները թաղելէ ետէ նետուած է Եփրատ գետը, սակայն զինք փրկած են։ Յետագայինէ Պայծառը, երկար ժամանակ փնտռած է կորսնցուցած աւագ որդին, որ կը սորվէր Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ։ 1918 թուականին Պայծառը իր որդին՝ Սուրէնը, գտած է Եգիպտոսի Զակազիկ քաղաքին մէջ, ուր Օսմանեան բանակին մէջ իբրեւ զինուոր կը ծառայէր։ Սուրէն Եգիպտոսի մէջ անգլիացիներուն գերի ինկած է։ Ազատուելէ ետք Գահիրէի մէջ աշխատած է Կամսարականներու ծխախոտի գործարանւին մէջ։ Ամուսնացած է բանասէր եւ ուսուցիչ (Սափրիչեան) քրոջ՝ Հայկուհիի հետ եւ ունեցած է որդի։ Ամուսնութենէն 4 տարի ետք մահացած է։

Անոնց Վահէ որդին 1960 թուականին եղած է ԱՄՆ Քընթաքի նահանգի համալսարանի դասախօս (Փրոֆէսոր)։

  • Սեւյօնքեան Թովմաս (բուն մականունով՝ Գարագաշեան), «Կիրասոն (Իմ Ծննդավայրը)», տպարան «Աահակ-Մեսրոպ», Գահիրէ, 1947, 108 էջ
  • Յովակիմեան (Արշակունի) Յովակիմ, Պատմութիւն Հայկական Պոնտոսի, Պէյրութ, 1967։
  • Իսկահատեան Հ., Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան, Գիրք Գ., Պէյրութ, 2011, 395 էջ

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։