Միլան Քունտերա
Միլան Քունտերա (չեխ․՝ Milan Kundera, ծնած է 1 Ապրիլ 1929 թուականին Պրնոյ, Մորաւիա), ֆրանսացի գրող մըն է չեքոսլովաքիական ծագումով: 1975-ին կ'արտագաղթէ Ֆրանսա, կը ստանայ ֆրանսական քաղաքացիութիւնը 1 Յուլիս 1981 թուականին[10]: Իր առաջին գիրքերը չեխերէն գրած է, բայց այսօր կը գործածէ միայն ֆրանսերէնը: Ստացած է Մէտիսիս մրցանակը (ֆրանսերէն՝ Prix Médicis) 1973-ին Կեանքը ուրիշ տեղ է գիրքին համար, Երուսաղէմի մրցանակը (անգլերէն՝ Jerusalem prize) 1985-ին, Այսօր մրցանակը 1993 թուականին «Դաւաճանուած Կտակներ»ուն համար, Հերտեր մրցանակը 2000 թուականին, մեծ գրականութեան մրցանակը Ֆրանսական ակադեմիայի իր ընդհանուր աշխատանքին համար 2001 թուականին, համաշխարհային Սինօ Տել Տուկա մրցաշարքը 2009 թուականին եւ BnFի մրցանակը 2012 թուականին[11]: Քանի մը անգամ իր անունը կ'առաջարկուի Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին համար: Իր գործերը մօտաւորապէս 30 լեզուներու թարգմանուած են[12]: Իր ամենաճանչցուած գործերէն մէկն է «Կեցութեան Անտանելի Թեթեւութիւնը» (չեխ․՝ Nesnesitelná lehkost bytí)
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պրնոյի մէջ ծնած, Մորաւիոյ մայրաքաղաքի մէջ, Միլան Քունտերային հայրը՝ Լուտվիկ Քունտերան (1891-1971), նշանաւոր երաժշտագէտ ու դաշնահար մըն էր, Պրնոյի երաժշտական ակադեմիոյ համալսարանապետն եր նաեւ: Իր զարմիկը Լուտվիկ Քունտերան (1920-2010), ճանչցուած է իբրեւ բանաստեղծ ու թատերագիր :
Սթալինեան Շրջան (1968-1956)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1948 թուականին քերականութեան եւ գեղագիտութեան ուսումը կը սկսի Քարլի համալսարան Փրակի մէջ, բայց իր ուղղութիւնը կը փոխէ 2 եռամսեակ ետք եւ կ'արձանագրուի Փրակի քինօ բարձրագոյն դպրոցը՝ FAMU: Այն ատեն, ինքը համոզուած համայնավար մըն էր: Արձանագրուած է համայնավար կուսակցութեան մէջ 1947 թուականէն ի վեր բայց 1950 թուականին, անկանոն համարուած դէպք մը կը գործէ եւ անոր հետեւանքով կը վռնտուի[13]: Այս դէպքը կը յիշուի «Կատակին» մէջ եւ աւելի ուղղակի ձեւով «Խնդուքի եւ Մորոյթի գիրքին» մէջ (էջ 78-79՝ "ես ալ շուրջպարին մաս կազմեցի: 1948-ին, համայնավարները իմ երկրիս մէջ յաղթած էին, եւ ձեռքէն կը բռնէի ուրիշ համայնավար ուսանողրներ... Եւ օր մը, բան մը ըսի որ պետք չէր ըսէի, ինծի կուսակցութենէն վռնտեցին ու շուրջպարէն դուրս ելայ:" Իր ուսումը կ'աւարտէ 1952 թուականին, որ մէկ կողմ ձգած էր "կառավարութեան դէմ վարմունքի պաճառաւ'': 1956 թուականին, համայնավար կուսակցութեան մէջ ետ կը համարկուի բայց վերջնականօրէն կը վտարուի 1970 թուականին իր հանրային քաղաքական կեցուածքներուն պաճառաւ:
Տվորացեք հարցը (1950 եւ 2008)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2008 Հոկտեմբերին, Միլանին կեանքի այս հանգրուանին, ան չեխական թերթի մը «Րեսփեքդ»ի (Respekt)[14] մէջ կը հրատարակէ թուղթ մը Չէխ քաղաքական ոստիկանութեան արխիւներէն, հարցազրոյցի արձանագրութիւն մը 14 Մարտ 1950-ի թուականին, որուն ընթացքին Միլան Գունտերան մատնած կ'ըլլար իր համաքաղաքացիններէն մէկը, Միրոսլաւ Տվորասէք, երիտասարդ դասալիք մը չեխական բանակէն որ արեւմուտք բախած էր: Ան 22 տարի կը բանտարկուի եւ 14 տարի կ'անցընէ դժուար պայմաններու մէջ: Փաստաթուղթը 2008-ին հրատարակուած է Չեխական բռնատիրական դրութեան կաճարին կողմէն: Գրողը կը ժխտէ ամէն ինչ[15] եւ անհանդուրժելի կը գտնէ այս ամբաստանութիւնները[16]. Kundera reçoit le soutien de l'ancien président tchèque Václav Havel[17] et de l'historien tchèque Zdenek Pesat[18]: Ան կը ստանայ նախկին նախագահին Վաքլաւ Հավել եւ պատմագէտ Զտնէք Բեսադին աջակցութիւնը: Մինչ այդ քանի մը համաշխարհային գետնի վրայ համբաւ ունեցող գրողրներ կը միանան իրեն պաշտպանելու համար եւ իրենց ընդվզումը արտայայտելու այս տեսակի չարախօսութեան մը դիմաց:[19]
Առաջին քրէականական գործեր (1953-1957)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր առաջին գիրքը, «Մարդը, այս լայն պարտէզը» (Člověk zahrada širá) 1953 թուականին, 24 քնարական բանաստեղծութեան հաւաքածոյ մըն է: Անոր մէջ Գունտերան կը փորձէ քննադատական նայուածք մը նետել գրական շարժումին վրայ, որ կը կոչուի "ընկերվարական իրապաշտութիւն", բայց ան մարքսիստ մօտեցումով միայն կը քնադատէ անոր: 1955 թուականին կը հրատարակէ «Վերջին Մայիսը» (Poslední máj), բանաստեղծութեան գիրք մը որ ձօնուած է Խուլիուս Ֆուսիքի յիշատակին, համայնավար հերոս մը որ դիմադրեց 2-րդ համաշխարհային պատերազմի ատեն Նացի բռնատիրութեան դէմ որպէս Չեխոսլովաքիացի: 1957 թուականին, «Մենախօսութիւններ»ը կը հրատարակէ, 36 բանաստերծութիւններու շարք մը, որուն մէջ Գունտերան քաղաքական քարոզչութիւնը կը մերժէ եւ կը պնդէ մարդկային փորձառութեան կարեւորութեան վրայ։ Սիրային բանաստեղծութիւններու գիրք մըն է բանական եւ մտաւորական ներշնչումով:
1960 տարիները եւ "Պրակայի Գարունը" (1968)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ժոզէֆ Սքուորեցի» (Josef Škvorecký) վէպին նախաբանին մէջ, Պոհէմի մէջ հրաշք, Գունտերան «Պրակայի գարուն»ին մասին բաւական կը խօսի զուգահեռ մը գծելով Մայիս 1968 թւուականի դէպքերու հետ: Անոր հիմքին պաճառը ըստ իրեն թերահաւատութիւննէ եւ չեխական քննադատական ոգին, 1960 էն սկսեալ քաղաքական դրութենէն կ'ըսուի որ «լուծման մէջ բռնատիրութիւն մըն է», ինչ որ նպաստաւոր վիճակ է մշակութային մեծ զարգացումի մը: Կարեւոր դէպք մը կ'ըլլայ 4-րդ Չեքոսլովաք գրողներու համագումարը 1967-ին[20], գրողները կ'արտայայտեն առաջին անգամ ըլլալով հանրային ձեւով իրենց անհամաձայնութիւնը քաղաքական գիծին վրայ կուսակցութեան հետ: Գունտերան աշխուժ ձեւով կը մասնակցի այս շարժումին եւ կարեւոր ճառ մը կը խօսի: Նայելով Փարիզեան Մայիսը, ան կը համարէ որ լրիւ տարբեր է Պրահայի գարունէն որը թերահաւատական շարժում մըն եր քաղաքական գետնին վրայ, բայց որ կ'արժեւորէր աւանդական մշակոյթը սովետական մշակոյթի հանդէպ, Փարիզի դէպքերը «քնարական» յեղափոխական շարժում մըն էր որ կասկածի տակ կը դնէր այն ինչ որ կը կոչենք եւրոպական մշակոյթն ու աւանդական արժէքները: Այս ոգիով, կը զարգացնէ «Կատակ»ին մէջ (1967) գլխաւոր նիւթ մը իր գրածներուն մէջ՝ իրականութիւնը կառավարել կամ հասկնալը անկարելի է: Պրակայի գարնան ազատութեան մթնոլորտին մէջ է որ կը գրէ «Ծիծաղելի սէրերը» (1968), այս երկու գործերը հակա-բռնատիրական պատգամներ կը համարուին: «Ծիծաղելի սէրերը» վիպակներու հաւաքածոյ մըն է որ կը խօսի մտերիմ յարաբերութիւններու մասին մարդոց մէջ եւ անոր միջոցաւ, խօսակցութեան թերութեան մասին որ նիւթ մըն է որ գրողին ամէն հասուն գործերուն մէջ կը գտնուի: Կ'ուսումնասիրէ ինքնութեան, ստուգութեան եւ պատրանքի (ինչպէս դէպքերը կը փոխուին անշօշափելիօրէն իրենց հակառակին) նիւթերը: Պատմութիւններու մեծամասնութիւնը տեղի կ'ունենան Չեխական ընկերութեան մէջ ուշ ստալինիզմի ատեն եւ կը վկայեն այն ժամանակուայ իրականութենէն:
Սովետացուած Չեքոսլովաքիան (1968-1975)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սովետական գրաւումը Օգոստոս 1968 թուականին վերջ կու տայ մէտիաներու ազատութեան ժամանակաշրջանին եւ կը խորտակէ երկիրը նէօ ստալինիզմի մէջ։ Այս մթնոլորտը կը գոյատեւէ մինչեւ համայնավարութեան կործանումը 1989 թուական: 1956 թուականին ետ կը մտնէ համայնավար կուսակցութեան մէջ վռնտուելէ ետք. 1970 թուականին[21]բայց ետ կը վռնտուի , իր ուսուցիչի գործը կը կորսնցնէ եւ իր գիրքերը գրատուներէն եւ գրադարաններէն կը վերցուին: Այս շրջանի ընթացքին չնչին գործեր կը կատարէ, որոնք կը յիշուին Խնդուքի եւ մոռացումի գիրկին մէջ: Բայց ան կը շարունակէ գրել: Կեանքը ուրիշ տեղ է արտամղումի միջոց է Գունտերային համար, իր համայնավարական անցեալը կը յիշէ, իր տեղը իբր արուեստագէտ եւ կ'ազատի անոնցմէ: Այս գիրքը Ֆրանսա հրատարակուած է եւ կը ստանայ Մէտիսիս մրցանակը: «Հրաժեշտի վալս»ին մթնոլորտին մէջէն կը զգացուի Չեքոսլովաքիոյ մէջ ԽՍՀՄի ազդեցութիւնը (1976), համարուած է իր վերջին վէպը: Քաղակականութեան նիւթը բացարձակ ձեւով չկայ այս գիրքին մէջ:
Ֆրանսական ժամանակաշրջան (1975 էն սկսեալ)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1975 թուականին, իր կնոջ Վերայի հետ, կը ձգէ Չեքոսլովաքիան Ֆրանսա հաստատուելու համար: Նախ կ'ապրի 30-րդ յարկին հորիզոններու աշտարակին Րէն քաղաքին մէջ, որ շատ տքեղ կը համարէ: Կը դասաւանդէ իբր հիւր ուսուցիչ՝ բաղդատական գրականութիւն ճիւղը Րէն 2 համալսարանին մէջ մինչեւ 1979, ուր կը միանայ ընկերագիտական բարձր ուսումի դպրոցին Փարիզի մէջ: Նոյն տարին Չեքոսլովակ քաղաքացիութիւնը կ'առնուի իրմէ: 2 տարի ետք, Ֆրանսուայ Միթերան իրեն կուտայ ֆրանսական քաղաքացիութիւնը: Յանակարծական ձեւով, հրատարակելու կարելիութիւնը իր երկրին մէջ իրեն ազատութեան զգացում կը ներշնչէ: Առաջին անգամ ըլլալով կրնայ ազատօրէն գրել: Գիտնալով որ միայն թարգմանիչներու համար կը գրէ, իր լեզուն կը պարզանայ: Երբ Ֆրանսերէնին կը տիրապետէ, Գունտերան կը սկսի սրբագրել իր գիրքերուն թարգմանութիւնները: Իր առաջին տարիներուն, Գունտերան կը յայտարարէ որ արդէն ըսած էր ինչ որ ունէր ըսելիք եւ որ այլեւս վէպ պիտի չգրեր: «Խնդուքի եւ Մոռացումի» Գիրքը, գրուած է 1978 թուականին, կը հրատարակուի 1979 թուականին: Այս գիրքը կը տարբերի միւսներէն իր տեսակէտներով: Այս գիրքին մէջ, Գունտերան կը քննէ իր կոմունիստական անցեալը եւ անոր կը մատնանշէ տարբեր նիւթերու միջոցաւ ինչպէս մոռացումը կամ կոմունիստական ընկերութիւն մը ստեղծելու իտէալը բայց այս անգամ արտաքին արեւմտեան տեսակէտով: 1978-ին կը հաստատուի Փարիզ: Կը լմնայ «Էութեան Անտանելի Թեթեւութիւնը» 1982-ին, իր ամենայայտնի վէպը: Անոր շարժանկարը բեմադրած են Ֆիլիբ Գոֆման եւ Ժան Քլոտ Գարիէրը 1988 թուականին: «Կեցութեան Անտանելի Թեթեւութեան մէջ», գրողը կ'ուսումնասիրէ Նիչական (Nietzsche) յաւերժ վերադարձին առասպելը: Մարդը միայն մէկ անգամ կ'ապրի, իր կեանքը չի կրկնուիր, հետեւաբար, ան չի կրնար իր սխալները սրբագրել: Եւ քանի որ կեանքը մէկ է, մարդը կը նախընտրէ թեթեւութեան մէջ ապրիլ, պատասխանատուութիւններէ հեռու: Կը նախաբանէ գիչ (kitsch) ի սահմանումը, այսինք այն ինչ որ կը ժխտէ կեանքին տգեղութիւնները եւ մահը չընդունիր: 1981 թուականին կը գրէ «Ժագ եւ իր տէրը Անմահութիւն»ը հրատարակուած է 1990 թուականին: Այս վէպը կ'ուսումնասիրէ գիրի պաշտօնը արդիական աշխարհին մէջ, ուր նկարները կը տիրապետեն: Կը մատնանշէ ժամանակակից ձգտումը ամէն բան մակերեսային դարձնելու: Այս կեցուածքին դէմ Գունտերան իր պատմութիւնները կը գրէ մասնաւոր ձեւով մը, որպէսզի դիւրութեամբ չի կրնան համառօտուիլ: 1993 թուականին, Միլան Գունտերան կը լմնցնէ իր առաջին ֆրանսերէն գրուած գիրքը՝ «Դանդաղութիւնը» (հրատարակուած 1995 թւականին): Կը շարունակէ այն ինչ որ սկսած եր Անմահութեան հետ, կը քնադատէ եւրոպայի արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը: Կը բաղդատէ դանդաղութեան գաղափարը, զգայասիրութեան գաղափարին հետ, եւ արդիական աշխարհի արագութեան հալածանքը: «Ինքնութիւնը» (1995 թուականին գրուած եւ 1998 թուականին հրատարակուած) 2-րդ վէպնէ որ Գունտերան կը գրէ ուղղակի ֆրանսերէնով: Դանդաղութեան պէս, «Ինքնութիւն»էն հասունութիւն կը փխի: Սիրոյ վէպ մըն է, ան կ'արժեւորէ ճիշմարիտ սէրը, իր արժէքը արդիական աշխարհին առջեւ: Միակ բանը որ կրնայ մեզ պաշտպանել թշնամական աշխարհէն: Անտեղեակութեան մէջ (հրատարակուած նախ սպաներէնով 2000 թուականին, ապա ֆրանսերէն 2003) շարունակութիւն մը կը գտնենք առաջուայ նիւթերուն հետ: Գրողը կ'ուսումնասիրէ մարդկային փորձառութիւնը եւ իր հակասականութիւնները: Աննշանելիութեան տօնը (հրատարակուած նախ իտալերէն 2013-ին, ապա ֆրանսերէն 2014-ին), 4-րդ վէպը կ'ըլլայ որ Գունտերան ուղղակի ֆրանսերէնով կը գրէ: Ատելֆի հրատարակիչը կը համարէ որ վէպը "համառօտագրութիւն մըն է բոլոր իր գործին [...] ներշնչուած մեր ժամանակաշրջանէն որ խնդալիք է քանի որ երգիծանքը կորսնցուցած է ": Միլան Գունտերան նաեւ գրեց պարբերաթերթի մը մէջ՝ «Վէպի Արհեստանոց»ը, որուն տնօրէնը Լագիս Բրոկիտիսն է: 1985 թուականէն ի վեր, Գունտերան այլեւս նոյն պահուն չընդունիր բայց գրաւոր ձեւով կը պատասխանէ: Ոեւէ տուեալ իր անձնական կեանքին մասին խիստ ձեւով կը հակակշռէ: Իր պաշտօնական կենսագրութիւնը ֆրանսական հրատարակութիւններուն մէջ 2 նախադասութիւնով կ'ամփոփուի.՝ "Միլան Գունտերա, Չեքոսլովաքիա ծնած: 1975 թուականին Ֆրանսա կը հաստատուի"
Աշխատանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վէպեր եւ վիպակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Կատակը» (Žert) (1967)
- «Հրաժեշտի վալսը» (Valčík na rozloučenou) (1972)
- «Կեանքն այլուր է» (Život je jinde) (1978)
- «Կեցութեան անտանելի թեթեւութիւնը» (Nesnesitelná lehkost bytí) (1984)
- «Անմահութիւնը» (Nesmrtelnost) (1990)
- «Դանդաղութիւնը» (La Lenteur) (1995)
- «Ինքնութիւնը» (L'Identité) (1998)
- «Անտեղեակութիւնը» (L'Ignorance) (2000)
- «Ծիծաղելի սէրեր» (Směšné lásky) (1969)
Բանաստեղծութիւններու ժողովածուներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Մարդը․այս լայն պարտէզը» (Člověk zahrada širá) (1953)
- «Վերջին Մայիսը» (Poslední máj) (1955)
- «Մենախօսութիւններ» (Monology) (1957)
Էսսեներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Ժառանգութեան վէճերու մասին» (O sporech dědických) (1955)
- «Վէպի արուեստը․ Վլադիսլաւ Վանչուրայի ուղին դէպի մեծն դիւցազներգութիւն» (Umění románu։ Cesta Vladislava Vančury za velkou epikou) (1960)
- «Ռատիքալիզմ և էքսհիբիցիոնիզմ» (Radikalizmus a expozice) (1969)
- «Գողացած արեւմուտքը կամ կեդրոնական Եւրոպայի ողբերգութիւնը» (Únos západu aneb Tragédie střední Evropy) (1983)
- «Վէպի արուեստը» (L'art du Roman) (1986)
- «Դաւաճանուած կտակարաններ» (Les testaments trahis։ essai) (1993)
- D'en bas tu humeras les roses. հազուագիւտ Ֆրանսերէն գիրք, Էռնեստ Բրելերի պատկերազարդմամբ (1993)
- «Վարագոյրը» (Le Rideau) (2005)
- «Հանդիպում» (Une rencontre) (2009)
թատերախաղ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Բանալիներու սեփականատէրը» (Majitelé klíčů) (1962)
- «Երկու ականջ, երկու հարսանիք» (Dvě uši, dvě svatby) (1968)
- «Խառնակիչը» (Ptákovina) (1969)
- «Յակոբը եւ իր տէրը» (Jakub a jeho pán։ Pocta Denisu Diderotovi) (1971)
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B2%D5%BC%D5%B6%D5%B8
- ↑ Boyer-Weinmann M. Milan Kundera, romancier de l’existence, est mort / J. Fenoglio — Paris: Société éditrice du Monde, 2023. — ISSN 0395-2037; 1284-1250; 2262-4694
- ↑ Balucha M. Ve věku 94 let zemřel Milan Kundera. Ve světě patřil mezi nejznámější české spisovatele — Český rozhlas, 2023.
- ↑ 4,0 4,1 Fichier des personnes décédées
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Milan Kundera – iLiteratura.cz — 2006.
- ↑ 6,0 6,1 6,2 Vědecká knihovna v Olomouci https://aleph.vkol.cz/F/?func=find-c&ccl_term=sys=000000623&local_base=svk04
- ↑ 7,0 7,1 Milan KUNDERA — Ústav pro českou literaturu AV ČR.
- ↑ https://www.nouvelobs.com/culture/20230712.OBS75656/la-mort-de-milan-kundera-sa-derniere-plaisanterie.html
- ↑ Zemřela Olga Haasová-Smrčková, neteř Huga Haase a první žena Milana Kundery — 2022.
- ↑ http://www.lexpress.fr/informations/l-intransigeant-amoureux-de-la-france_651114.html. Article d'André Clavel paru dans L'Express du 3 avril 2003
- ↑ http://www.evene.fr/livres/actualite/milan-kundera-laureat-du-prix-de-la-bnf-989680.php
- ↑ http://www.franceculture.fr/emission-repliques-milan-kundera-dans-la-pleiade-2011-04-09.html Milan Kundera dans La Pléiade Émission Répliques d'Alain Finkielkraut sur France Culture du 9 avril 2011
- ↑ http://didier-jacob.blogs.nouvelobs.com/milan_kundera/ Archived 2016-08-21 at the Wayback Machine. Article de Didier Jacob dans Le Nouvel Observateur, avril 2011
- ↑ (անգլերէն) http://www.ustrcr.cz/en/recollections-of-anti-communist-fighters-and-resistants-miroslav-dvoracek Lisible ici
- ↑ http://www.lemonde.fr/web/depeches/0, 14-0, 39-37276291@7-37, 0.html voir sur Le Monde
- ↑ Milan Kundera dément avoir dénoncé un déserteur, 20minutes.fr, 13 octobre 2008.
- ↑ «Milan, restez au-dessus de la mêlée» Archived 2016-08-21 at the Wayback Machine. Article du Nouvel Observateur le 20 octobre 2008.
- ↑ Milan Kundera : un nouveau témoignage, Maurin Picard, Le Figaro.fr, 17 octobre 2008.
- ↑ 11 écrivains de réputation internationale apportent leur soutien à Milan Kundera Archived 2016-08-21 at the Wayback Machine. Article du Nouvel Observateur le 3 novembre 2008.
- ↑ Milan Kundera emploie souvent tchèque plutôt que tchécoslovaque, mais dans le cadre de la Tchécoslovaquie socialiste, l'Union des écrivains était « tchécoslovaque ».
- ↑ http://www.erudit.org/culture/liberte1026896/liberte1448919/60129ac.html?vue=resume Revue Liberté, n°121, janvier-février 1979, pages 13