Jump to content

Պարոյր Սկայորդի

Պարոյր Սկայորդի
Մահացած է՝ Ք.Ա. 709
Տոհմ Հայկազունիներ?
Կրօնական հաւատքներ Հայկական Դիցաբանութիւն

Պարոյր Սկայորդի, Ք.Ա. VII դարու հայոց թագաւոր, կը նշուի Մովսէս Խորենացիի կողմէ։ Ըստ Պատմահօր տուեալներուն, Պարոյր «ոչ փոքր օգնութիւն ցոյց տուած է մարացի[1] Վարբակեսին՝ թագաւորութիւնը Սարդանապալէն[2] վերցնելու» գործին մէջ, որովհետեւ Վարբակես իր կողմը գրաւած է «քաջ նախարար Պարոյրը՝ անոր խոստանալով թագաւորութեան պատիւ եւ ձեւ»[3]։ Խորենացի այնուհետեւ նշելով, որ մարացի Վարբակեսը Պարոյրը թագադրած է հայոց առաջին թագաւորը։ Ան մեծ օգնութիւն ցոյց տուած է մարերու թագաւորին Ասորեստանը գրաւելու համար։

Հայ ժամանակակից ուսումնասիրողներէն ոմանք Պարոյրը կը նմանցնեն Ք.Ա. VII դարու 70-ական թթ. Հայաստան եւ Ասորեստան արշաւած սկիւթներու առաջնորդ Պարտատուայի հետ, որ յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի կողմէ յիշուած է, ինչպէս նաեւ ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Կ՛ենթադրուի, որ այս մէկը եղած է Արմէ Շուպրիա ցեղային միութեան առաջնորդը եւ առաջին հայկական պետական միաւորումը հիմնադրած է։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. այսինքն՝ Մարաստանի թագաւոր
  2. Ասորեստանի թագաւոր
  3. Խորենացի, Հայոց պատմություն, գիրք Ա, գլուխ ԻԲ