Մեսուտ Աշքար

Մեսուտ Աշքար
Ծնած է 1956
Մահացած է 11 Յունուար 2021(2021-01-11)
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ

Մեսուտ Աշքար (արաբերէն՝ مسعود الأشقر‎, 1956 - 11 Յունուար 2021(2021-01-11)), լիբանանցի քաղաքական գործիչ։ «Միութիւն Լիբանանի համար» շարժումի նախկին ընդհանուր քարտուղար[1]:

Կենսագրական գիծոր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կը նկատուէր հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի մտերիմ ընկերակիցը: Մաս կազմած է Լիբանանեան դիմադրութեան, որ հիմնուած էր Ժեմայէլի կողմէ:

Աշքար մերժած է Թաէֆի համաձայնագիրը, սակայն ամբողջ կեանքին ընթացքին ծառայած է ժողովուրդին եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելած:

Ան մասնակցած է 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սակայն չէ յաջողած:

Երկու երեսփոխանական ընտրութիւններու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Պէյրութի մէջ մարոնի համայնքի միակ աթոռին համար, սակայն չէ յաջողած խորհրդարան հասնիլ:

Ան եղած է հայասէր, լիբանանահայ համայնքի բարեկամ  եւ Հայ դատի պաշտպան[2]:

Մեսուտ Աշքար մահացաւծ է «Քորոնա» ժահրին դէմ իր մղած պայքարին ճամբուն վրայ[3][2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]