Jump to content

Մարտիրոս Յարութիւնեան

Մարտիրոս Յարութիւնեան
 
Մասնագիտութիւն՝ քաղաքական գործիչ, պատգամավոր, դեսպան, ուսուցիչ
Ազգութիւն Հայ
մահուան օր 1938

Մարտիրոս Յարութիւնեան (- 1938), հայ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան ճեմարանի մէջ, ապա Պերլինի համալսարանին մէջ ուսանած է տնտեսագիտութիւն: Հայրենիք վերադառնալով` աշխատած է իբրեւ ուսուցիչ, դասաւանդած է գերմաներէն, հայերէն եւ գրականութիւն:

Մ. Յարութիւնեան երիտասարդ տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան, դարձած է գործօն անդամ, եղած է Եւրոպայի Հայ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ:

1898-ին ընտրուած է Ատրպատականի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

1904-ին անցած է Պերլին:

1906-ին անդամ` Կովկասեան նախագիծը պատրաստող ՀՅԴ խորհուրդի:

1918-ին, Պաքուի ջարդէն ետք, բանակցած է արտօնութիւն ապահովելու` հայ որբանոցները Գանձակ փոխադրելու համար, ինչպէս նաեւ ազատ ելք ձեռք ձգելու հայ գաղթականներուն համար՝ դէպի Հայաստան:

Հայ-վրացական սահմանավէճին առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը 19 դեկտեմբեր 1918-ին խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Մարտիրոս Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն ուղարկած է Ղարաքիլիսա` վրացական կողմին հետ բանակցելու համար:

Մասնակցած է ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներու` Վիեննա, Կարին եւ Երեւան:

1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ:

1920-ին նշանակուած է Հայաստանի կառավարութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ` Պաքուի մէջ[1]:

Մասնակցած է հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ու երբ Ազրպէյճան կը խորհրդայնանայ, Մ. Յարութիւնեան եւ իր օգնականները բանտարկուած են, թալանի ենթարկուած է դիւանագիտական գրասենեակը: Ազատ արձակուելէ ետք խորհրդաժողովի բանակցութիւնները վերսկսած են Ազրպէյճանի Յեղկոմին հետ, 1920-ին:

Մարտիրոս Յարութիւնեանը 1938-ին գնդակահարուած է պոլշեւիկներու կողմէ, Հայաստանի մէջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. admina (2021-02-20)։ «Բաքւում Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բեկզադեանին փոխարինում է Մարտիրոս Յարութիւնեանը․ 1920»։ Aniarc (en-US)։ արտագրուած է՝ 2021-02-24 
  2. «Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-11-16։ արտագրուած է՝ 2021-02-24