Jump to content

Մարմինի Ջերմաստիճան

Մարմինին ջերմաստիճանը ցուցանիշն է մարմինին ջերմային վիճակին:

Անիկա կը պահուի մարմինի ջերմակարգաւորման (heat regulating) յատուկ գործընթացներով եւ կը տարուբերի 36.5-37.5 սանթիկրատի միջեւ:

Ջերմակարգաւորման գործընթացը պայմանաւորուած է մարմնական ջերմառաջացումով (heat production) եւ ջերմատուութեամբ եւ կամ ջերմակորուստով (heat dissipation, loss):

Ջերմառաջացումը կը կանոնաւորուի մարմինի տարբեր օրկաններու եւ հիւսկէններու ջերմարտադրութեամբ, այլ խօսքով` մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակման գործընթացով, որ հիմնականօրէն տեղի կ'ունենայ լեարդին մէջ եւ մկաններու պրկում-կծկումներով:

Ջերմատուութիւնը տեղի կ'ունենայ մարմինի մակերեսէն եւ շնչառական համակարգի խլնաթաղանթէն (mucosa)` երեք ձեւով.

  • Շողարձակում` մարմինի մակերեսէն դէպի անհատին շրջապատ:
  • Անմիջական փոխանցում (conduction)՝ մարմինի մակերեսէն դէպի անհատին հագած հագուստները:
  • Շոգիացում՝ մարմինի մակերեսէն դէպի անհատին շրջապատը:

Մարմինի ջերմաստիճանը բարձրացում կ'արձանագրէ ուտելէ եւ հոգեբանական ցնցումներէ ետք, նաեւ` իգական սեռին մօտ դաշտանի օրերուն:

Շրջապատի ջերմութիւնը եւ խոնաւութիւնը անմիջականօրէն առնչուած են մարմինի ջերմատուութեան հետ: Մարմինը կը փորձէ բնախօսականօրէն հակակշռել եւ կամ համակերպիլ տարբեր միջավայրերու եւ տարբեր եղանակներու ջերմաստիճանի փոփոխութիւններուն հետ: Մարմինին մակերեսը մորթն է, որ կը կատարէ այս աշխատանքը` պահելու համար մարմինին ջերմաստիճանը բնական սահմաններու մէջ: Շրջապատի շատ խոնաւ օդի պարագային, մարմինը ջերմութիւն չի կորսնցներ, որովհետեւ մարմինին մակերեսէն շոգիացում տեղի չ'ունենար:

Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային, ջերմառաջացում տեղի չ'ունենար, սակայն մարմինի մակերեսէն ջերմատուութիւն եւ ջուրի կորուստ կը պատահի հետեւեալ միջոցներով.

  • Մորթի ներքին խաւին մէջ գտնուող քրտնաբեր գեղձերը կ'արտադրեն առատ քրտինք, որ կը կորսուի շոգիացումով:
  • Մորթի մազերը կը մնան պառկած հորիզոնական դիրքի մէջ եւ կը նպաստեն ջերմատուութեան:
  • Մորթի մազերակները կ'ընդլայնին, արեան շրջագայութիւնը կ'արագանայ եւ ջերմատուութիւնը կ'աշխուժանայ:

Ցուրտ եղանակներուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցուրտ եղանակներուն ջերմառաջացումը կ'աշխուժանայ եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի հետեւեալ միջոցառումներով.

  • Քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ'արտադրեն, շոգիացում տեղի չ'ունենար, ջուրի եւ ջերմի կորուստ չի պատահիր:
  • Մորթի մազերը կը մնան ցցուն վիճակի մէջ եւ արգելք կը հանդիսանան ջերմատուութեան:
  • Մորթի մազերակները կը նեղնան, արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի:
  • Ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնի հրահանգներով մարմինի մկանները կը պրկուին, կը կծկուին, տեղի կ'ունենայ դող եւ ջերմառաջացում:

Ցուրտ օրերուն, երբ անհատը մարզանք ընէ, մարմինին ջերմութիւնը կը պահուի բնական, իսկ տաք օրերուն մարզանք ընելով` տեղի կ'ունենայ ջերմատուութիւն եւ քրտինք:

Քունի ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջերմառաջացումը նուազագոյնի կ'իջնէ քունի ընթացքին, որովհետեւ մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակման գործընթացը կը դանդաղի. անիկա առաւելագոյնի կը հասնի օրուան ընթացքին, երբ անհատը շարժումի եւ աշխատանքի մէջ է, որովհետեւ մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակման գործընթացը զգալիօրէն կ'աշխուժանայ: Այս գործընթացը շատ զգայուն է մարմինի ջերմաստիճանի փոփոխութեան նկատմամբ: Մարմինի ջերմաստիճանի նուազումով եւ կամ բարձրացումով մարմինի նիւթափոխանակման գործընթացը զգալիօրէն կը դանդաղի եւ կամ կ'աշխուժանայ, եւ անհատը կ'ունենայ զանազան անբնական հիւանդագին երեւոյթներ:

Հետզհետէ բարձրացող զանազան  սանթիկրատ ջերմաստիճաններուն ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետզհետէ բարձրացող զանազան սանթիկրատ ջերմաստիճաններուն անհատը կ'ունենայ մարմնական տարբեր հակազդեցութիւններ,

  • 38-ին` քրտինք, մարմնական յոգնութիւն, թեթեւ անօթութիւն:
  • 39-ին` քրտինք, երեսի կարմրութիւն, տաքի զգայութիւն, սիրտի արագ զարկ, շնչասպառութիւն, յոգնած վիճակ:
  • 40-ին` նուաղում, ջրանուազում (dehydration), մարմնական սուր տկարութիւն, փսխունք, գլխացաւ, գլխապտոյտ, առատ քրտինք:
  • 41-ին` մտային խանգարում, շփոթութիւն, պատրանք (nausea), շատ արագ սիրտի զարկ եւ սուր շնչահեղձութիւն. հոս այլեւս անհատը շտապ օգնութեան կը կարօտի եւ կամ` հիւանդանոցային խնամքի:
  • 42-ին` մահաքուն եւ կամ` մահ:

Հետզհետէ ցածցող սանթիկրատ ջերմաստիճաններուն ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետզհետէ ցածցող սանթիկրատ ջերմաստիճաններուն անհատը կ'ունենայ հետեւեալ մարմնական հակազդեցութիւնները.

  • 36-ին` մեղմ դող:
  • 35-ին` սուր դող, մորթի անզգայութիւն եւ տժգնութիւն, սիրտի անկանոն զարկ:
  • 34-ին` մատներու անշարժութիւն, մտային շփոթութիւն:
  • 33-ին` սիրտի զարկի նուազում եւ անկանոնութիւն, շնչասպառութիւն, մկաններու անշարժութիւն:
  • 32-ին` խոր քուն, մահաքունի վիճակ, անշարժացում, սիրտի զարկի դանդաղեցում եւ սուր անկանոնութիւն, մահ[1]:
Մարմինին ջերմաստիճանը չափելու ձեւեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարմինին ջերմաստիճանը կը չափեն յատուկ ջերմաչափերով, որոնք կը զետեղուին բերնին, յետոյքին, ականջին մէջ եւ կամ անութին տակ: Մանուկներու մօտ լաւագոյն եւ դիւրին ձեւն է՝ յետոյքի եւ ականջի միջոցառումները:

Մարմինի մակերեսին տաքութիւնը կանոնաւորելու միջոցառումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ներքին օրկաններու ջերմութեան փոխանցումը մարմինի մակերեսին անմիջական հաղորդակցութեամբ եւ արեան շրջագայութեամբ:
  • Անհատին գործածած հագուստները կը պաշտպանեն մարմինը եւ արգելք կը դառնան մակերեսային ջերմակորուստի:
  • Մորթի եւ շնչառական համակարգի խլնաթաղանթի խոնաւութեան շոգիացումով:
  • Ամէն ժամ անհատը անզգալաբար կը կորսնցնէ մարմինի մակերեսէն եւ շնչառական խլնաթաղանթէն 50 մլ. ջուր, իսկ շատ տաք-չոր եւ աշխատանքով ծանր օրերուն կը կորսնցնէ մինչեւ 1.5 լ. ջուր[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]