Jump to content

Մատաթիա Գարագաշեան

Մատաթիա Գարագաշեան
Ծնած է 11 Փետրուար 1818(1818-02-11)[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 26 Նոյեմբեր 1903(1903-11-26) (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Աթէիզմ
Մասնագիտութիւն պատմաբան, բանասէր, Կղերական, լեզուաբան, փիլիսոփայ

Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան (11 Փետրուար 1818(1818-02-11)[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Նոյեմբեր 1903(1903-11-26), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3]), պատմաբան եւ լեզուաբան։ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ մինչեւ 1856։

Մատաթիա Գարագաշեան մանուկ տարիքին ղրկուած է Վիեննա, Մխիթարեաններու քով ուսում ստանալու համար։ Փայլուն արդիւնքով աւարտած է Վիեննայի համալսարանը։

1836ին միացած է Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան, իսկ 1844ին ձեռնադրուած՝ կուսակրօն քահանայ։ 1856ին պաշտօնապէս հրաժարած է հոգեւորական իր կոչումէն եւ ընդգրկած՝ անաստուածութիւնն ու նիւթապաշտական աշխարհայեացքը։

Վիեննայէն վերադարձին, քանի մը տարի Զմիւռնիա պաշտօնավարելէ ետք, Գարագաշեան վերջնականապէս հաստատուած է Կ. Պոլիս, ուր ամբողջութեամբ նուիրուած է գիտական-ուսումնասիրական աշխատանքի։ Ան նաեւ «Արեւելեան Թատրոն»ի հիմնադիրներէն եւ կազմակերպիչներէն մէկը դարձած է։

Սկիզբները «Պայպըլ Հաուզ» աստուածաշնչային ընկերութեան մէջ պաշտօն ստանձնած է իբրեւ թարգմանութիւններու վերստուգող, միաժամանակ գրաբար դասաւանդելով Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ:

1890ականներու սկիզբէն պաշտօնավարած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ իբրեւ գրաբարի դասատու:

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական-բանասիրական իր բեղուն գործունէութիւնը Մատաթիա Գարագաշեան սկսած է 1840ականներէն, Վիեննայի մէջ հրատարակելով «Արուեստ ճարտասանութեան» (1844) եւ «Նկարագիր ուսմանց» (1845) գիրքերը: Լոյս ընծայած է պատմաբանասիրական, լեզուագիտական, աշխարհագրական եւ փիլիսոփայական բազմաթիւ գործեր:

1845ին, աւարտած է «Նկարագիր Ուսմանց» աշխատասիրութիւնը, ուր մշակուած են քննական պատմագրութեան իր սկզբունքները։ Գարագաշեան մերժած է ժողովրդային առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ շեշտած է գիտական մօտեցման հրամայականը։

Անոր քերականական ձեռնարկներէն ոմանք, ինչպէս «Դպրութիւն կամ նոր քերականութիւն հայերէնի» (1862), «Համառօտ նոր քերականութիւն» եւ այլն, 1860-90ականներուն արժանացած են 8էն 10 տպագրութեան: Գրաբարի եւ աշխարհաբարի միջեւ «դասական հայերէն»ի սեփական պատկերացումը մշակած է ու կիրարկած՝ իր աշխատասիրութեանց մէջ։

Կարեւոր ներդրում ունեցած է ուղղագրութեան եւ քերականութեան կանոններու ուսումնասիրութեան եւ զարգացման մէջ։ Բայց այս մարզէն ներս եւս ծայրայեղական յայտնագործումներէ զերծ չէ մնացած. ամէնէն ցայտուն եւ անընդունելի պնդումներէն մէկը եղած է, օրինակի համար, թէ հայերէնը մոնկոլական ծագում ունէր։ Հայերէնագիտութեան մարզին մէջ իր գլուխ-գործոցը կը հանդիսանայ 1862ին հրատարակուած «Դպրութիւն կամ քերականութիւն հայերէնի» դասագիրքերու շարքը։

Փիլիսոփայական իր հռչակաւոր աշխատութիւններէն են «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան» (Կ. Պոլիս, 1868), «Համառօտ փիլիսոփայութիւն», «Սկզբունք տրամաբանութեան» (1864), եւ այլն: Յատկապէս «Սկզբունք տրամաբանութեան» գործով, Գարագաշեան ի մի բերած է նիւթապաշտական աշխարհայեացքի իր տեսութիւնները, որոնց առանցքը բնական գիտութեանց եւ հասարակագիտական մտքի հիման վրայ փիլիսոփայական բարդ խնդիրներու լուծում գտնելու մօտեցումը եղած է։

1890ականներուն Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան հրատարակած է աշխարհագրական դասագիրքերու ամբողջ շարք մը, ինչպէս «Աշխարհագրութիւն համառօտ քաղաքական», «Աշխարհագրութիւն ուսումնական» եւ այլն:

1887ին, Յակոբ Գուրգէնի հետ, լոյս ընծայած է «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» պարբերաթերթը՝ 5րդ դարու գրաբարով:

1895ին Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած է անոր «Քննական պատմութիւն հայոց» քառահատոր երկասիրութիւնը, որ առաջին փորձը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնելու քննական ոգիով, սերտ յարակցութեամբ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական եւ հասարակական յարաբերութեանց հետ: Մատաթիա Գարագաշեանի մշակած հայ ժողովուրդի քննական պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ Ք.Ե. 5րդ դարու հայ ազգային-ազատագրական շարժումները։

Հայոց պատմութիւնը կը բաժնէ գլխաւոր երկու շրջանի՝ «Նախնական» եւ «Պատմական»։ «Նախնական»ը կը սկսի անյիշատակ ժամանակներէն եւ կը հասնի մինչեւ Տիգրան Մեծ։ Իսկ «Պատմական»ը կը ներառնէ Տիգրան Մեծէն մինչեւ 5րդ դար երկարած ժամանակաշրջանը։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 http://am.hayazg.info/index.php?curid=5948
  2. 2,0 2,1 2,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #1049521196 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. Մատաթիա Անտոն Գարագաշեան (18181903). Հայ Մտքի տեսադաշտը արդիականացնող իւրօրինակ հսկան Նազարէթ Պէրպէրեան