Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան
Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան | |
---|---|
Ծնած է | 1888 |
Ծննդավայր | Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1962 |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան աւազանի անունով՝ Եդուարդ, ծնած է զէյթունցի ծնողքէ, արծուեբոյն Զէյթունի մէջ 1888-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծաղկոցին մէջ։ Երեք տարիներ ետք, յաճախած է Կեդրոնական բարձրագոյն Նախակրթարանը, որուն տնօրէնն էր Պրն. Յովհաննէս Ահարոնեան:
1906-ին, Կ. Պոլիսէն, Կարնոյ Սանասարեանէն, Զէյթունէն ու այլ շրջաններէն կ'ուղղուին ուսանողներ Սիսի Ժառանգաւորաց։ Եդուարդ ընդունուած ու ղրկուած է դպրեվանք ուսանելու։
Սուլթան Համիտի ժամանակաշրջանին, հինգ օրուան տաժանակիր ճամբորդութենէ մը վերջ ու ջորեպանի մը ուղեկցութեամբ Եդուարդ Սիս հասած է Սեպտեմբեր1906-ին։
Դպրեվանքին մէջ, ուսանողներ Եդուարդը կը կոչեն «Ուլնեցի»: Երեք տարի օրինաւորապէս ուսանելէ ետք, 1909-ի Ատանայի կոտորածին պատճառով Սիսի դպրեվանքը փակուած է եւ քանի մը շաբաթ վերջ, տեղւոյն հայասէր կառավարիչին կարգադրութեամբ՝ Եդուարդ ու երկու մարաշցի ուսանողներ, երկու ոստիկաններու պաշտպանութեան տակ, արիւնի ու դիակներու վրայէն քալելով հասած են Մարաշ: Ապա, երկու օր վերջ, Եդուարդ ինքզինք նետած է գորովագութ իր մօր գրկին մէջ։
1909-1910 ուսումնական տարեշրջանին, ան կոչուած է ուսուցչական պաշտօնի՝ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր Պրն. Տիգրան Գոչունեան:
1911-ին Եդուարդ մտած է Տարսոնի Ամերիկեան Գոլէճը ու նոյն տարուան վերջերը մեկնած է Կ. Պոլիս եւ անկէ անցած՝ Պրուսա-Պիլէճիկի հայաշատ գիւղերը ու նշանակուած՝ ուսուցիչ Հիսարլըզ գիւղին, ուր մնացած է մինչեւ 1914 թուական։
1915-ի Ա. Աշխարհամարտի սկիզբի օրերուն, կրթական առաքելութեամբ մեկնած է Էտիրնէ։ Ադրիանուպոլսոյ մէջ մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, իբրեւ քաղաքական ամբաստանեալ ձերբակալուած ու բանտարկուած է թուրքերու կողմէ եւ շղթայակապ մնացած՝ բանտին մէջ, 85 էտիրնեցի ազգայիններու հետ։
Արտաքին միջամտութեամբ Եդուարդ ազատ արձակուած է բանտէն։ Բայց ոստիկանութիւնր զինք հանգիստ չէ ձգած։ Թրքական բանակին մէջ զինուորագրած են զինք ու ղրկած են Պաղեստինի ճակատը։ Իր ճարպիկութեամբ թէեւ փախուստ տալով ճակատէն անցած է անգլիացիներուն կողմը, բայց այլազան միջոցներով կրկին ձերբակալուած է ու պատերազմական ատեանին կողմէ դատապարտուած՝ գնդակահարութեան։ Բարեբախտաբար, տակաւին վճիռը չգործադրուած, ներքին պատճառներով՝ ճակատը քայքայուած է ու ինք փրկուած է ստոյգ մահէ։ Այնուհետեւ Եդուարդը գերի տարուած է Գահիրէ ու Հելիոպոլսոյ գերանոցը, ուր ժամանակ մը մնալէ ետք, ազատ արձակուած է արտաքին միջամտութեամբ։ Ապա, մեկնած է Պոր-Սայիտ ու տեղւոյն հայկական բանակին մէջ կամաւոր արձանագրուած։
1918-ին Պոր-Սայիտի հայկական վրանաքաղաքին մէջ կրկին վարած է ուսուցչական պաշտօն։
1918-ին զինադադարէն վերջ, Մերսինի Հ.Բ.Ը.Միութեան որբանոցին մէջ ուսուցչութեան պաշտօն վարած է ժամանակ մը։ Ապա, Կիլիկիոյ պարպումին, փոխադրուած է Հալէպ, ուր 1920-1930 թուականներուն դարձեալ ուսուցչութեամբ պարապած է Ազգ. Հայկազեան Վարժարանին մէջ։
Իբրեւ փորձառու կրթական մշակ, Եդուարդ ուսուցչական վկայական ստացած է Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդէն։
Տէր Մաշտոց, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հաւանութեամբ տեղափոխուած է Լիբանանի Թեմ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Զահլէյի հայ գաղութին։
Ան հրաժեշտ տուած է աշխարհիմ 1962-ին[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 156-159։