Jump to content

Մանուկներու Պաշտպանութեան Օր

Մանուկներու Պաշտպանութեան Օր

Տեսակ փառատոն?
Ամսաթիւ 1 Յունիս

Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրը, կը նշուի ամէն տարի 1 Յունիսին. հաստատուած է 1949-ին Փարիզի մէջ Կանանց Միջազգային Դեմոկրատական Միութեան կողմէ։ Տօնը առաջին անգամ նշուած է 1950-ին։

1 Յունիսէն զատ կան մանուկներուն նուիրուած «Մանուկներու համաշխարհային օր»ը (20 Նոյեմբեր), «Յարձակման զոհ դարձած անմեղ մանուկներու միջազգային օր»ը (4 Յունիս) եւ «Ափրիկէի մանուկներուն պաշտպանութեան օր»ը (16 Յունիս)։

Հայաստան մանուկներու իրաւունքներու մասին ժողովը վաւերացուցած է 1990-ին[1], 1996-ին ընդունուած է «Մանուկներու իրաւունքներուն մասին» ՀՀ օրէնքը։ Տօնը կը նշեն երկրին բոլոր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ, կազմակերպուած հանդիսութիւններով։

Անցեալ դարասկիզբին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Չինաստանի գլխաւոր հիւպատոսը 1 Յունիսին կ'որոշէ հաւաքել ծնողազուրկ մանուկները եւ անոնց համար փառատօն մը կազմակերպել: Փառատօնը ըստ չինական աւանդոյթին կը կոչուի «Վիշապանաւերու փառատօն»: Նոյն օրը Ժընեւի մէջ տեղի կ'ունենայ համագումար մը՝ նուիրուած մատաղ սերունդի հիմնախնդիրներուն: Այս երկու իրադարձութիւններուն շնորհիւ կը ծնի մանուկներուն նուիրուած փառատօն մը ստեղծելու գաղափարը:

Յետպատերազմեան տարիներուն ողջ աշխարհի մանուկներուն առողջութեան եւ բարեկեցութեան մասին հոգ տանիլը շատ կարեւոր էր։ Պատերազմին անոնցմէ շատեր կորսնցուցած էին իրենց հարազատները եւ որբացած էին: 1949-ին Փարիզի մէջ ընթացող կանանց համագումարի ներկայացուցիչները կոչ կ'ընեն բոլոր մարդոց պայքարելու յանուն խաղաղութեան: Այս ընթացքին կը ստեղծուի մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրը, առաջին անգամ տօնը կը նշուի 1 Յունիս 1950-ին եւ այդ թուականէն սկսեալ կը նշուի ամէն տարի[2]:

1956-ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ կը հնչէ մանուկներու իրաւունքներու մասին հռչակագիրը, որ կը ներկայացնէր առաջարկներ, որ ի պաշտպանութիւն մանուկներու, ընդունուած է բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ: Իսկ 1989-ին ՄԱԿ-ը կը հաստատէ մանուկներու իրաւունքներու մասին համագումարը, ինչպէս նաեւ՝ յստակ պարտականութիւններ բոլոր պետութիւններուն կողմէ իրենց անչափահաս քաղաքացիներուն հանդէպ: Փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած են չափահասներու պարտականութիւնները եւ մանուկներու իրաւունքները:

Մանուկներու պաշտպանութեան Միջազգային օրուան առիթով բազմաթիւ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու մէջ տեղի կ'ունենան աւանդական տօներ: Փոքրիկներուն համար կը կազմակերպուին զանազան մարզական մրցոյթներ եւ համերգներ նուէրներով ու անակնկալներով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]