Մանուկներու Համաշխարհային Օր
Մանուկներու Համաշխարհային Օր | |
---|---|
Փոքրիկներու Համաշխարհային Օրը Ուքրանիոյ մէջ, 2011 | |
Տեսակ | Միջազգային օր, Ֆինլանդիայի դրոշի օր? եւ Մանուկներու Համաշխարհային Օր |
Ամսաթիւ | 20 Նոյեմբեր |
Հաստատուած | 20 Նոյեմբեր 1989 |
Անուանուած է | Երեխայի իրավունքներ? |
Կայք |
un.org/en/events/childre… un.org/en/observances/wo…(անգլերէն) |
Մանուկներու Համաշխարհային Օրը[1] (անգլ.՝ Universal Children's Day, սպ.՝ Día Universal del Niño , ֆր.՝ Journée mondiale de l'enfance) կը նշուի ամէն տարի նոյեմբեր 20-ին[2]։ 1954-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին կոչ եղաւ բոլոր երկիրներուն միանալ եւ 1956-էն սկսեալ նշել այս օրը։ Օրուան նպատակն է բարելաւել մանուկներու բարօրութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել ՄԱԿ-ի՝ տարբեր երկիրներու մէջ մանուկներու պաշտպանութեան համար իրականացուող աշխատանքները։
Գլխաւոր ժողովը առաջարկեց այս օրը նշել այն տեսքով եւ այն օրը, երբ նպատակայարմար կը գտնէ տուեալ պետութիւնը։
Գլխաւոր ժողովը իր բանաձեւին մէջ կը նշէր, որ Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան ընդունումը կ՛ամրապնդէ ազգերու միջեւ համագործակցութիւնն ու համերաշխութիւնը։
Իր գլխաւոր փաստաթուղթերուն մէջ կ՛ըսուի, որ ՄԱԿ-ը Մանոկներու Պաշտպանութեան Օրը 20 Նոյեմբերին կը նշէ։ 1959-ի ճիշդ այդ օրը ընդունուած է «Մանուկներու իրաւունքներու հռչակագիրը», իսկ 1989-ին` «Մանուկներու իրաւունքներու պայմանադրութիւնը»[3]։
Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան ընթացքին տարբեր կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ կը կազմակերպեն բազմաթիւ միջոցառումներ։ Օրինակ McDonald’s ընկերութիւնը իր այդ օրուան ամբողջ հասոյթը կը փոխանցէ մանկական հիմնադրամներու, մանկատուներու եւ հիւանդանոցներու։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «National Assembly of the Republic of Armenia | Official Web Site | parliament.am»։ parliament.am
- ↑ «Այսօր Երեխայի համաշխարհային օրն է»։ Հայաստանի Հանրային Ռատիօ
- ↑ «Այսօր Երեխայի համաշխարհային օրը»։ news.am